Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կարծէք լուռ համախոհութիւն կայ հայն ու անոր բնիկ աշխարհը կամաւոր կուրութեամբ յատկանշուող եւ քաղաքական որձեւէգ խօսքերով դրան առջեւ մոռնալու․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 01,2022 09:40

Ֆրանսական հեռատեսիլի լրագրող մը խօսեցաւ Շուշիի Ամենափրկիչ եկեղեցիի գմբէթէն Խաչի վերացման մասին, նաեւ ժողովուրդի մը կրօնական-մշակութային հետքի ջնջման, քանի որ պատերէն ջնջուած են հայատառ բոլոր արձանագրութիւնները, եւ ըսաւ, որ այս մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմ է:

Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ ենթադրելու, որ Ամենափրկիչ կամ Աղաւնոյի եկեղեցիի ինքնութեան եւ պատկանելիութեան դէմ գործուած նախայարձակումը (ուրիշ բառ չկայ բնորոշելու ինչ որ կը կատարուի աշխարհի աչքին առջեւ, որ կրօնական-քաղաքակրթական պատերազմի մասին կը վկայէ: Եթէ ֆրանսական, յունական, եգիպտական կամ այլ երկիրներու քրիստոնէական տաճարներ, ինչպէս աւելի ուշագրաւ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայէն ետք, ենթակայ ըլլան նոյն ճակատագրին, ոչ ոք ինքնարդարացման իրաւունք պիտի ունենայ եւ ըսէ՝ «չէինք, գիտեր, չնախատեսցինք»… Մեծեր» իրաւունք չունին ըսելու չգիտցանք, չէինք գիտեր, անոնք ունին տեղեկահաւաքի կեդրոններ եւ կարելիութիւններ, հետեւաբար յանցանք է ըսել «չէինք նախատեսած »:

Ինչո՞ւ չենք դիմեր «ՄԵԾԵՐ»-ուն, համաշխարհային խաղաղութեան պաշտպաններուն, աշխարհի իրաւ մտաւորականութեան, զանոնք դնելու համար իրենց պատասխանատուութեան առջեւ, որ Հայաստան եւ հայութիւն եղած են եւ են, նաեւ այսօր, ինչպէս կ’ըսեն՝ քաղաքակրթական նախայարձակման թիրախ՝ կրօնական անհանդուրժողութեան, մոլեռանդութեան, ցեղապաշտութեան եւ ծաւալապաշտութեան պատճառներով, եւ անվարան յիշեցնել, որ այդ տեղի ունեցած է եւ կը շարունակուի համաշխարհային շահամոլական անպատասխանատուութեան եւ ապաբարոյ անտարբերութեան աչքին առջեւ:

Զարմանալի են միջազգային քաղաքականութեան ճապկումները եւ զարմացնող են անոր միջնորդութիւնները, որոնք փորձած են եւ կը փորձուին հայեւթուրք կամ հայեւատրպէյճանական տագնապը լուծել: Ինչո՞ւ չեն համարձակիր (նաւթի եւ կազի հպատակութենէն ազատելով, տեսնել եւ ըսել, ճշմարտութիւնը եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել որ թուրքը եւ ազերին հայաշխարհ ներխուժածներ են, Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ Ի դարու սկիզբը, քարտէսներով սահմաններ ճշդելու առաքելութեան կոչուածներ չե՞ն տեսած, որ այդ քարտէսներուն վրայ Ատրպէյճան» չէ եղած: Լրագրողներուն կը խօսի՞նք այս մասին, անոնք այս մասին պատահա՞ծ է որ գրեն, խաղաղութիւն հաստատելու փորձ ընողներ իրենց թղթապանակներուն մէջ ունի՞ն պատմական վկայութիւն եղող քարտէսները:

Կարծէք լուռ համախոհութիւն կայ հայն ու անոր բնիկ աշխարհը կամաւոր կուրութեամբ յատկանշուող եւ քաղաքական որձեւէգ խօսքերով դրան առջեւ մոռնալու:

Եթէ յանկարծ Արարատեան դաշտին մէջ նաւթի եւ կազի պաշարներ յայտնուին, ամէնքն ալ պիտի յիշեն, որ կը գտնուին հոն՝ որ Հայաստան է եւ այդ երկիրը սիրելի պիտի ըլլայ:

Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, քանի որ իր պատմութեան եւ արմատներու հաւատարիմ մնալու եւ տէր ըլլալու համար պայքարեցաւ, պահանջելով քաղաքական նուազագոյնը՝ ինքնավարութիւն:

Ստալինի քաղաքական նենգ որոշումով, հայկական հնագոյն աշխարհը,-Արցախը,- մշակութային հետքերը եւ պատմութիւնը այդ կը վայեն,- կիսով կցուած էր Ատրպէյճան նորաստեղծ պետութեան, որպէս ինքնավար մարզ մաս չէր ամբողջին: 1921էն 1991, Արցախ, որ ճանչցուած էր որպէս «Լեռնային Ղարաբաղ, մաս կը կազմէր «Խորհրդային Մեծ Հայրենիքի»ն, որուն բանակին, «հայրենական պատերազմի ընթացքին տուած էր հայանուն հերոսներ, զօրավարներ, մարաջախտներ, որոնք ո՛չ թուրք էին եւ ո՛չ ալ ազերի:

1988-ին, Երբ Կորպաչեւի «փերեսթրոյքա»ն նոր կացութիւն ստեղծեց, յոյսերու ծնունդ տուաւ, ժամանակն էր անցեալի կամայական, անարդար եւ անբնական որոշումները սրբագրելու, զգացուող եւ նախատեսուող Խորհրդային Միութեան փլուզման յառաջացնելիք արդար վերականգնումներու ծիրէն ներս, Արցախը դուրս բերելու Ատրպէյճանի ենթակայութենէն, մանաւանդ որ անոր բնակչութիւնը եօթանասուն տարի ենթարկուած էր ճնշումներու, ցեղային եւ կրօնական հալածանքներու: Բնական կերպով ծնունդ առաւ Արցախի ազատագրական շարժումը, որպէսզի դադրի թուրք-ազերի տիրապետութիւնը, որ հոգեբարոյական, քաղաքական եւ քաղաքակրթական ժառանգորդն էր ցեղաասպանութեան ոճիրին, որուն վրայ կերտուած էր իր ինքնութիւնը:

Աշխարհ ականջալուր եւ կանատես եղաւ փոքրիկ եւ երեք միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց հայրենատիրական ցոյցերուն, որոնք կը պահանջէին Արցախի ազատագրութիւնը եւ անոր միացումը Հայաստանի:

ՄԻԱՑՈՒՄը ազգի գիտակցութեան խորքէն պայթող աղաղակ էր:

Մօտաւոր անցեալի այս համազգային պոռթկումը այսօր ալ պէտք է յիշել որպէս միացման հզօր կամք, ընդդէմ տկարացումներու, պարտութեան եւ պառակտումներու եւ զանազան ձեւերով կրկնուող եւ յայտնուող նախայարձակումներու՝ հայուն, անոր ապրելու իրաւունքին, ժառանգութեան, անցեալին եւ հայրենիքին դէմ:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31