Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երեւանի այսօրուան դիւանագիտութիւնը ինքզինք անկարողութեան մատնած է, որովհետեւ կը շարունակէ հետեւիլ բարեկամներ վանելու եւ ուրիշ մը հրաւիրելու վարքագիծին. «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 26,2022 10:38

Մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ է, հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի դարձեալ բեմ հրաւիրելու իր «մանտաթ»-ը ունեցող վարչապետը եւ հարց տալու. ՀԱՅԱՍՏԱ՞ՆՆ ԱԼ ԱՐՑԱԽ Է… ԵՒ ՎԵ՞ՐՋ: Այսինքն՝ պարո՛ն վարչապետ, որոշած էք եւ համաձայնա՞ծ՝ թէ Հայաստանն ալ, կամ անկէ մասեր պիտի մատնուին Արցախի ու Նախիջեւանի ճակատագիրին, որովհետեւ, ինչպէս ձեր խոստացած՝ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու ցնորքները յօդս ցնդած են ազերիական նորագոյն յարձակումներուն փաստին դիմաց, նոյնպէս ալ, ձեր այս իմաստո՜ւն եւ անմեկնելի «քաղաքականութեան» հետեւանքով, վաղը կրնան չքանալ նա՛եւ ձեր այն յոյսերը, թէ Հայաստանէն գոնէ 29 800 քառ. քլմ. տարածութիւն պիտի փրկէք նոր համաձայնագիրի մը ստորագրումով: Գիտցէ՛ք սակայն, որ բանականութենէ չհրաժարած ժողովուրդը այլեւս հաւատք չունի ձեր խոստումներուն, հաւաստիքներուն, պատրաստ չէ խաբուելու:

Դիւանագիտական դաշտն ալ վարչապետին ափին մէջ կը գտնուի: Երբ ազերիական յարձակումը սկսաւ 13 Սեպտեմբերին, արդեօք ճիշդ պիտի չըլլա՞ր նախ եւ առաջ, ու հետեւողական ձեւով, թակել Քրեմլի դուռը, շեշտելու՝ թէ այս անգամ նոյնինքն Հայաստանի հողերն են, որոնք պատառ-պատառ կը խլուին: Պէտք չէ՞ր մտածել, որ Մոսկուայի հետ Հայաստանի ունեցած դաշինքը այս անգամ ճիշդ յօդուածներով պէտք է գործածել եւ ապահովել դաշնակիցին աւելի՛ ազդու գործակցութիւնը, մինչ անդին, Իրանն իսկ, իր շահերէն մեկնելով, քանիցս կը կրկնէ, թէ դէմ է Հայաստանի հետ իր սահմանին խզման…: Եւ սակայն, ունինք այն՝ ինչ որ ունինք, կը տեսնենք այն՝ ինչ որ առնուազն շահաբեր չէ Հայաստանին:

Միւս կողմէ, Նէնսի Փելոսիի եւ անոր պատուիրակութեան Հայաստան ժամանումով, սպասելի էին աւելի արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ յայտարարութիւններ, սակայն լսեցինք փաղաքշական, մակերեսային արտայայտութիւններ, շնորհակալական խօսքեր եւ… ամերիկեան պատուիրակութիւնն ալ մեկնեցաւ: Պէ՞տք է բաւարարուինք եւ գոհ զգանք, որ Փելոսի յիշեցում կատարեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման (խորհրդարան, նախագահ), պէ՞տք է ուրախանանք, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը կը նպատակադրէ ականազերծում, աւելին, այդ ինչպիսի՞ բարենիշ մը տրուեցաւ Փելոսիի եւ կողքին եղողներուն կողմէ, թէ՝ Ուաշինկթըն կը քաջալերէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը: Երեւանը մանրանկարն է ոստիկանական պետութեան մը, եւ… ժողովրդավարութի՞ւն:

Սխալ չհասկցուինք. Հայաստան պէտք ունի թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ եւրոպական, ինչո՞ւ չէ նա՛եւ չինական, հնդկական եւ մեր հողերուն ու իրաւունքներուն զօրակցող բոլոր երկիրներուն աջակցութեան: Հոն հասնելու համար, Երեւանի այսօրուան դիւանագիտութիւնը ինքզինք անկարողութեան մատնած է, որովհետեւ կը շարունակէ հետեւիլ բարեկամ(ներ) վանելու եւ ուրիշ մը հրաւիրելու վարքագիծին, մինչդեռ, կրկնենք, բոլոր ազդու ուժերուն հետ կամուրջները պահպանելը աւելի՛ քան հրամայական է, դէմ դնելու համար համաթուրանականութեան իրակա՛ն վտանգին: Սա անկարելի չէ մինչեւ իսկ աշխարհի այսօրուան հակամարտութեանց հորիզոններուն դիմաց:

Բոլոր ընդդիմադիրները, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, կոչուած են անյապաղ մարմնաւորելու միակամութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ այս յորձանուտէն:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930