Այսօրուան Հայաստանը շունչը պահած կը սպասէ պատերազմի: Ժողովուրդը ահաբեկած է: Առօրեայ հոգերը մէկ կողմ ձգած, ազգաբնակչութիւնը կը խորհի ապաստարանները կարգի բերելու մասին:
Պատերազմէն չեմ վախնար: Կը վախնամ Հայաստանս, Արցախս վերջնական կորսնցնելէ: Վտանգուած է հայոց պետականութիւնը: Պատերազմի վերսկսման պարագային վերջնականապէս պիտի կորսնցնենք մեր երկիրը, եթէ հայոց իշխանութեան շարունակեն տիրել չարի զաւակները: Իսկ անոնց դէմ պայքարը տակաւին էական արդիւնքի մը չէ հասած:
Սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին, իմ ու շատերու անգործութեան, տկարութեան պատճառաւ, հայոց նեռին սպասարկող ստորաքարշ ոստիկանները՝ կարմիր պարետաւորները, զոհուածներու մայրերու, ծնողներու նկատմամբ վարուեցան խիստ անյարգալից ու անմարդկային: Ազգադաւ, հակառակորդի գործակալ, հայոց նեռ, մատաղ սերունդը մորթող՝ Նիկոլ Փաշինեանի ոտքերուն տակ մինչեւ Եռաբլուր փռեցին «կարմիր գորգ»: Զոհուածներու մայրերուն քարշ տալով, ստորնացուցիչ ձեւով հեռացուցին Եռաբլուրի շեմէն, որպէսզի հայոց նեռը կարենայ մուտք գործել մեր սրբատեղի ու պղծէ իրենց իսկ զաւակներու յիշատակը: Փաշինեան եկած էր փառաւորուելու ու լուսանկարուելու: Իսկ եթէ մենք, այդ գիշեր զոհուածներու ծնողներու հետ միասին ամբողջ գիշեր չքնանայինք, հսկէինք Եռաբլուրը, կենդանի վահան դառնայինք, նեռը դժուար թէ պիտի կարենար հասնիլ իր նպատակին: Այդ պիտի ըլլար մեր յաղթանակի սկիզբը: Նորէն յապաղեցանք, նորէն վրիպեցանք: Ներեցէք մեզի:
Ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ Հայաստանը մատնուած է կորստեան: Սահմանը կը սկսի համայն հայոց մայրաքաղաքէն՝ Երեւանէն, Հանրապետութեան հրապարակէն, կառավարութեան շէնքէն: Եթէ, Աստուծոյ ողորմածութեամբ կարենանք այստեղ յաջողութիւններ արձանագրել, Հայաստանը կը ստանայ շնչելու հնարաւորութիւնը: Երկիրը բուժելու համար նախապէս պէտք է վիրահատենք սիրտը: Իսկ Հայաստանի սիրտը կը բաբախէ կառավարութեան շէնքին մէջ:
Կարդացեք նաև
Արևիկ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: