Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սպառնալիքները չեն սպառած. համաժողովրդային միասնական աշխատանքն է, որ նոր դիրքեր պիտի գրաւէ. «Ազդակ»

Սեպտեմբեր 19,2022 12:04

«Ազդակ», խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները բնականաբար պիտի զուգորդուէին միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու պետական քարոզչական աշխատանքներով: Պաքուն շրջանառութեան մէջ կը դնէր հաղորդագրութիւններ, որոնց բովանդակութիւններու առանցքը այն էր, որ Ազրպէյճան կը հակադարձէ հայաստանեան նախայարձակ գործողութիւններուն:

Պաշտօնական Երեւանի առընթեր սփիւռքեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ ո՛չ միայն պիտի հակադարձէին ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան, այլ նաեւ յարձակողապաշտ էութիւնը բացայայտէին` նախորդող հանգամանքները եւս պարզելով:

Լիբանանահայութիւնը բնականաբար տեղեկատուական պատերազմի բովին մէջ իր ուրոյն խրամատը պիտի գրաւէր եւ անցնէր ցուցական, դիւանագիտական եւ քարոզչական գործողութիւններու:

Նկատելի էր Լիբանանի Հայ դատի մարմինի արագ արձագանգը. լիբանանեան լրատուադաշտին յղուած հաղորդագրութիւնը կը բացայայտէր հարցին էութիւնը, Ազրպէյճանին միջազգային օրէնքները խախտելը, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժելը, սահմաններու անխախտելիութիւնը ոտնահարելը եւ մանաւանդ ռազմական յանցագործութիւններ կատարելը` առանց մոռնալու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առկայութիւնը. այսինքն` Անգարայի հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը այս բոլորին մէջ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժողովի գումարման եւ Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմի օրակարգ ներառուելուն լուրը հազիւ հրապարակայնացած, Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յուշագիրներ յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` ակնկալելով Ազրպէյճանը զսպելու եւ իր գործած ռազմական յանցագործութիւններուն համար հաշիւի կանչելու միջազգային օրինաչափութիւնները:

Հայ դատի հետ համակարգուած, նոյն օրը Զաւարեան ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւնը բողոքագիրով ներկայացաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւն եւ անոր յանձնեց բովանդակային նոյն կէտերը ընդգծող բողոքագիր մը, ուղղուած` Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ, միաժամանակ ՄԱԿ-էն պահանջելով կատարել իր պարտաւորութիւնները:

Հակառակ զինադադարին, ճգնաժամն ու սպառնալիքները չեն սպառած: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ թշնամիին ախորժակները կը շարունակուին եւ տակաւին պահանջներ կան, որոնք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բացայայտօրէն կը յայտարարէ եւ քայլեր կ՛ակնկալէ հայկական կողմէն:

Իբրեւ լիբանանահայութիւն խրամատէն հեռանալու որեւէ պատճառ եւ արդարացում չունինք: Համաժողովրդային միասնական աշխատանքն է, որ նոր դիրքեր պիտի գրաւէ թէ՛ տեղեկատուական, թէ՛ ցուցական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ դիւանագիտական դաշտերուն մէջ: Եւ այդ համաժողովրդային պայքարին մէջ լիբանանահայութիւնը կը գտնուի առաջնագիծին վրայ:

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930