Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը ուղարկեց Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններուն եւ Եւրոպական խորհրդարանի յոյն պատգամաւորներուն, ներկայացնելով Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը եւ ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ, պահանջելով բոլոր պատգամաւորներէն դատապարտել յարձակումները որպէս հետեւանք Ատրպէյճանի հայատեաց եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան, եւ դիմել անմիջական քայլերու կասեցնելու համար Ատրպէյճանի ու անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնակալ վարչախումբի յարձակողական քաղաքականութիւնը ընդդէմ հայ ժողովուրդին։
Նամակը կը շեշտէ թէ մարդկային կեանքը թանկագին է, հետեւաբար անընդունելի եւ ընդվզեցուցիչ է տեսնել Ալիեւի բռնակալ վարչաձեւը՝ Եւրոպական միութեան բնական կազի ջնջին քանակի մը հայթայթման դիմաց, ծախու առնել եւրոպական ղեկավարութեան լռութիւնը եւ անարգել մարդկային արժապատուութեան ու ժողովրդավար կարգերու զգացումները։ Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ յոյն երեսփոխաններուն պաշտպան կանգնիլ մարդկային կեանքի, արժանապատութեան եւ ազատութեան սկզբունքներուն, բուռն դատապարտել ատրպէյճանական վարչախումբի տմարդի յարձակումը, որ կը վտանգէ կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամբողջ Կովկասի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ