Եւրոպական խորհրդարանի յոյն երեսփոխան Էմանուիլ Ֆրակոս նամակ մը ղրկած է Եւրոպական խորհուրդի բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորելին, դատապարտելով ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը եւ պահանջելով Եւրոպական միութեան անմիջական միջամտութիւնը։
13 Սեպտեմբերին ուղարկուած նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ Ատրպէյճան անգամ մը խախտելով միջազգային դաշնագիրները յարձակում գործած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, խլելով 49 հայ զոհեր։
«Ատրպէյճանի բացայայտօրէն կանխամտածուած եւ ծրագրուած յարձակողականութեան լոյսին տակ, Եւրոպական միութիւնը պէտք է դիմէ վճռական քայլերու, անմիջականօրէն կասեցնելու համար Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ինքնիշխան ամբողջականութեան դէմ, եւ յաւելեալ սրումի առաջքը առնէ։
Կը հաւատանք, թէ Ե.Մ.-ը պէտք է ունենայ շտապ, բազմամակարդակ միջամտութիւն, կասեցնելու համար Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը եւ ապահովելու, թէ ան պիտի չկրկնուի, գործադրելով պատժամիոցներու արդիւնաւէտ գործիքակազմ մը։
Կարդացեք նաև
Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, որոնք կ՚ապրին Ատրպէյճանի պատերազմական սպառնալիքներու եւ անվերջ յարձակողականութեան տակ։
Կը խնդրեմ տեղեկացնել մեզ, թէ ինչ տեսակի քայլերու պիտի դիմէք, վստահեցնելու համար, թէ Եւրոպական միութիւնը կրնայ պատասխանատու եւ գործնական կերպով պաշտպանել Հայաստանը», կ՚ընդգծէ յոյն երեսփոխանը։