Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Իշխանութիւններէն մեր սպասումներուն զուգահեռ, քաղաքական-դիւանագիտական մեր գործունէութիւնը թիրախ պէտք է ընտրէ նա՛եւ աշխարհի ուժի կեդրոնները, եւ ո՛չ միայն ՄԱԿ-ն ուՄիջազգային Ատեանը. «տուփէն դուրս» գալու պահը. «Գանձասար»

Սեպտեմբեր 16,2022 11:49

Ոեւէ մէկուն ուշադրութեան արժանացա՞ւ այն, որ այս անգամ, Փաշինեան չդիմեց մաշած յանկերգին, թէ՝ այս բոլորին պատասխանատուն… նախկիններն են: Յիշողութենէ դուրս ինկած է նաեւ այն, որ այս յարձակումին հիմ ծառայեց հետեւեալ իրականութիւնը. Հայաստանի սահմանին երկայնքին, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բարձունքները աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր, մաս-մաս եւ առանց դիմադրութեան, անցած են ազերիներու հակակշիռին տակ, երբ մեր իմաստակները կը շարունակէին խաղաղութիւն երազել, մինչդեռ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա բացայայտ կերպով հակահայ քաղաքականութիւն ու քարոզչութիւն կը վարէին:

ԱՆԲՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

Ըսինք` Հայաստանի մէջ «գործերը կ’ընթանան բնական ձեւով» (օտարները կ’ըսեն՝ Business as usual): Կարծէք թէ պատերազմ չկայ: Մինչդեռ, երկիրը դարձեալ մատնուած է անձկութիւն, ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ առթող անբնական վիճակի, որ ըստ էութեան պէտք է հարկադրէ արտակարգ միջոցառումներ: Բնական իշխանութիւն ունեցող երկիրներու մէջ այդպէ՛ս կ’ըլլայ:

Արտասովոր կացութիւն կը ստեղծէ համապատասխան հրամայական, այսինքն՝ դիմել արտակարգ, արտասովոր միջոցներու: Եւ քանի որ իշխանաւորները ապացուցած են թէ անկարող, անատակ եւ չկամ են նման քայլերու դիմելու, կը մնայ որ ընդդիմադիրներն ու անոր շուրջ բոլորուելու կոչուած ժողովուրդը դուրս գայ ընթացիկ վազքէն: Արեւմտեան աշխարհին մէջ կայ «Տուփէն դուրս գալու», «Տուփէն դուրս մտածելու» հասկացութիւնը, որ այս փուլին անխուսափելի է մեզի համար: Խորհրդարանին առջեւ Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին սկսած շարժումը պիտի բերէ՞ երկար ատենէ սպասուած բարեշրջական ալիքը:

Ինչպէ՞ս կարելի է «Տուփէն դուրս» գալ: Թուենք քանի մը աշխատանքի դաշտ (անշուշտ ցանկը կարելի է երկարել), առանց երկար մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Այնքան ատեն, որ իշխանութիւնը կ’ոտնակոխէ ամէն օրէնք ու ընկալեալ դրութիւն, կ’անտեսէ Սահմանադրութիւնն ու մարդկային իրաւունքները, ընդդիմադիրները՝ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական (ի մտի չունինք իշխանութեան թմբկահար շինծու ընդդիմադիրները) պէտք է իրենք իրենց իրաւունք տան ընելու նոյնը: Մինչեւ օրս, ընդդիմադիրները կառչած են, արդա՛րօրէն, ամէն բան օրէնքի սահմաններուն մէջ ընելու սկզբունքին, որ լաւագոյն ձեւն է ետ մնալու արիւնահեղութենէ: Այս ազնիւ եւ այլապէս արդար գործելակերպը պէտք է սպառած համարել: Փոխընտրանքը այն չէ, որ պէտք է զինեալ ըմբոստութեան դիմել, այլ անյապաղ դիմել անարիւն յեղաշրջումի ձեւին: Հայաստան առաջին երկիրը չէ, որ նման ընտրանքի պիտի դիմէ (2018-ին եղածը, հիմա պարզ է, խեղկատակութիւն էր եւ վնասարար գործունէութիւն, ոչի՛նչ յեղափոխեց, այլ նախկինին տուաւ նոր ձեւաւորում): Սա կը պահանջէ բոլոր ատակ ուժերուն (զինուժ, քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ այլ) մէկտեղումը եւ գործի մղումը:

Նման արտակարգ քայլեր կը հարկադրեն մանաւանդ վարկաբեկումէ վարկաբեկում տարուող բանակին ներգրաւումը: Ընդդիմադիրները արդէն այս ճամբուն առած են առաջին գործնական քայլը, յայտարարելով, որ (ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն) լիարժէքօրէն կը կանգնին բանակին կողքին (մինչդեռ իշխանաւորները հալածանքներ կը շղթայազերծեն բանակայիններու դէմ): Չենք ուզեր մտնել արտակարգ միջոցառումներու այն կալուածներուն մէջ, որոնք կը կոչուին տնտեսութիւն, ընկերային վիճակ, մշակոյթ-կրթութիւն, ազգային հաստատութիւններ եւ աւադութիւններ, որոնք նմանապէս կը կարօտին արտակարգ միջոցներու: Միայն յիշեցնենք այն, որ այս իշխանութիւնը, պատերազմի օրերուն թէ անկէ առաջ, քայլ առ քայլ քայքայումի տարաւ այդ կալուածները, բաւարար չափով տեսնուած է, թէ՝ տարբերը ըներու անկարող է, տրամադիր ալ չէ: Մինչդեռ, Հայաստանի մէջ – ինչո՞ւ չէ նաեւ Սփիւռքի – կան բանիմաց հայորդիներ, որոնք կրնան շատ աւելի լաւ ձեւով դիմագրաւել մարտահրաւէրները, օր աւուր ահագնացող տագնապները:

Արտակարգ միջոցներ պէտք է որդեգրել մասնաւորաբար մեր երկու գլխաւոր բազուկներուն վերականգնումին եւ հզօրացման նպատակով: Մէկը բանակն է, եւ մասնաւորաբար սահմաններու պաշտպանական միջոցներու վերականգնումը, միւսը՝ դիւանագիտական բազուկն է: Առաջինին մասին երկար խօսելու պէտք չունինք: Երկրորդը կը կարօտի շատ լուրջ խնամքի եւ վերակազմակերպման, յաջորդ կէտով քիչ մը մանրամասնենք:

ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿԵՆՔ մեր դիւանագիտական աշխատանքին ամբողջ տրամաբանութիւնը, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ասպարէզներու մէջ: Ներքին առումով, արմատապէս պէտք է դարմանենք այն թիւրիմացութիւնները, որոնք, օրինակի համար, Հայաստանն ու Արցախը որեւէ ձեւով կը զատորոշեն իրարմէ: Արցախեան Շարժումին առաջին օրերուն, կար ճանաչումը այն ճշմարտութեան, որ Արցախն ու Հայաստանի ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐՆ ԵՆ, հոգ չէ թէ քաղաքական զարգացումները ընթացան այնպէս՝ որ ունեցանք առանձնացած՝ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ատիկա «գնեցինք» եւ «որդեգրեցինք» ակամայ կամ անզգալաբար. մեզ հասցուց հոն, ուր այսօր արդէն սովորութիւն դարձուցած ենք խօսիլ Արցախի ինքնորոշման, անկախութեան, ժողովուրդի մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն եւ նման հասկացութիւններու մասին, այնպիսի տրամաբանութեամբ, որ կարծէք մոռցած ենք, թէ արցախահայութիւնը տարբեր չէ հայաստանաբնակէն կամ սփիւռքահայէն, այսինքն՝ ամբողջական Հայաստան եւ միասնական հայութիւն հասկացութիւնը տարբաղադրուած է մեզի հրամցուած դրոյթներուն հետեւանքով: Հողին եւ ժողովուրդին միասնութեան գաղափարին վերականգնումը ուժեղ ենթահող պիտի ըլլայ, որպէսզի համապատասխան մօտեցումով վերամշակենք մեր դիւանագիտական քաղաքականութիւնը (մարտավարական եւ ռազմավարական երեսներով): Եթէ աշխարհին պարտադրած «տուփ»ը մեզի կ’ըսէ, թէ միջազգային այս կամ այն օրէնքին համաձայն, Հայաստանի սահմանները պէտք է այս կամ այն ըլլան, Արցախը պէտք է վերադառնայ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, մինչեւ իսկ՝ կը թելադրէ, որ Նախիջեւանի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր պահանջները «անկարելի են» (եթէ մնանք տուփին մէջ, բնական է որ մենք ալ պիտի ըսենք՝ անկարելի եւ ցնորական բաներ են անոնք), անդին, մեր իրաւունքներուն մասին մեր հայեցակէտին վերատեսութիւնը, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ հունին վերադարձը պիտի ըլլայ նոր մեկնակէտ մը, ո՛չ վերադարձ զերոյական կէտի, այլ վերադարձ՝ ՆՈՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՎ իսկ մեր շահած ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒՆ:
Սա արդէն մեզ կը հասցնէ «տուփէն դուրս» գործելու նոր մակարդակի մը: Արագ բայց ո՛չ-ամբողջական թուումի կարգով արձանագրենք, որ Հայաստան եւ հայութիւնը ժառանգորդն են պատմական փաստաթուղթերու, միջազգային իրաւունքի հիմամբ որդեգրուած համաձայնութիւններու, որոնց վերականգնումն ու կիրարկումը ինքնաբերաբար աղբանոց կը ղրկէ 9 Նոյեմբերի ու նմանօրինակ (գրաւոր եւ բերանացի) բոլոր համաձայնութիւնները:

«Տուփէն դուրս» պէտք է գանք ազգովին: Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանը օր-ցերկով լայնածաւալ եւ ոճրային յարձակում կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ (կրկնենք. ասոնք իրարմէ անջատ միաւորներ չեն), իսկ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, միայն նուազագոյն շարժումը կը կատարէ: Ճիշդ է. Երեւանի մէջ կան շարժումի նախաքայլեր (անցեալ ամիսներուն ալ կային), Սփիւռքի մէջ եւս, Հայաստանի բանակին ի նպաստ եւ իշխանութիւններուն կործանարար ընթացքին դէմ շարժումներ կան, սակայն տարողութիւնը կը մնայ «տուփին մէջ»: Անցեալին, «տուփէն դուրս» շարժումներ էին թուրք պետութեան դէմ ցուցական եւ ուժական արարքները: Նման կազմակերպ շարժումներ կրնան բաւական սուր ներգործութիւն ստեղծել, մանաւանդ եթէ աւելի՛ ազդու (աղերսականէն անդին՝ պահանջատէրի դիրքէ) քայլեր որդեգրենք հոս-հոն: Օրինակ, պէտք է Փաշինեանէն խլել իր «մուրճը» եւ միջազգային բեմերուն վրայ, մեր իրաւունքներուն եւ գործուած անարդարութիւններուն փաստերուն վաւերագրումով, այդ մուրճը իջեցնել Շարլ Միշէլներու, Պլինքըններու, ռուս, ֆրանսացի եւ այլ միջնորդներու գլխուն (խօսքը մարդ սպաննելու, բառացիօրէն զանոնք հարուածելու մասին չէ, այլ ազդու եւ ՊԱՀԱՆՋԿՈՏ դիւանագիտութիւն վարելու մասին): Մէկ խօսքով, Հայաստանի իշխանութիւններէն մեր սպասումներուն զուգահեռ, քաղաքական-դիւանագիտական մեր գործունէութիւնը թիրախ պէտք է ընտրէ նա՛եւ աշխարհի ուժի կեդրոնները, եւ ո՛չ միայն ՄԱԿն ուՄիջազգային Ատեանը:Մտահան պէտք չէ ընել, որ մեր բուն թշնամին համաթուրանականութիւն հետապնդող թշնամին է, որուն ետին կան նա՛եւ Հայաստանի մէջ զուտ տնտեսական-նիւթական շահեր հետապնդողներ, որոնց հաճոյանալու «վարպետութիւնը» կը խաղայ Երեւանի իշխանաւորը:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930