Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մինչ ­Կիպ­րո­սի ԱԳՆ-ն խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եր­կու կող­մե­րուն ալ հրա­դա­դա­րի կոչ կ­՚ը­նէ. Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը

Սեպտեմբեր 14,2022 17:40

­«Ազատ օր». Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը յու­նա­րէն լե­զո­ւով յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կած է, ո­րուն մէջ կը դա­տա­պար­տո­ւի Էր­տո­ղան-Ա­լիեւ զի­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քին վրայ։

­Յանձ­նա­խում­բը կը յայտ­նէ, թէ մարդ­կու­թիւ­նը ան­տար­բեր կանգ­նած է, միայն ընտ­րո­վի զգայ­նու­թիւն­ներ ցու­ցա­բե­րե­լով, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մը ­Հա­յաս­տա­նի վրայ չի տար­բե­րիր ­Ռու­սիոյ յար­ձա­կու­մէն Ուք­րա­նիոյ վրայ։

­Կոչ կ­՚ուղ­ղո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնց կար­գին ­Յու­նաս­տա­նին եւս, ան­յա­պաղ դա­տա­պար­տել Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր կող­մէ գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը։

Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք յայ­տա­րա­րա­րու­թիւ­նը։

­Մինչ ­Կիպ­րո­սի Ա.Գ.Ն.-ը խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եր­կու կող­մե­րուն ալ հրա­դա­դա­րի կոչ կ­՚ը­նէ

­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ լա­րո­ւա­ծու­թեան կտրուկ սրաց­ման հա­մար՝ դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձա­կու­մը:

«­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը խոր մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ լա­րո­ւա­ծու­թեան կտրուկ սրաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ, որ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող դիր­քե­րուն վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած յար­ձակ­ման հե­տե­ւանքն է: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը դա­տա­պար­տէ յար­ձա­կու­մը եւ կոչ կ­՚ը­նէ յար­գել 9 ­Նո­յեմ­բեր 2020-ի զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը՝ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն թու­լաց­նե­լու հա­մար: ­Կիպ­րո­սի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կ­՚ա­ջակ­ցի վէ­ճե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ», նշո­ւած է ­Կիպ­րո­սի Ա.Գ.Ն.-ի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

­Միւս կող­մէն, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «­Խո­րա­պէս մտա­հո­գո­ւած ենք ռազ­մա­կան վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձան մեծ թի­ւով մա­հե­րու։ ­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք ան­մի­ջա­կան ա­պաս­րաց­ման հա­մար եւ կը շեշ­տենք յու­նա­կան կե­ցո­ւած­քը, թէ պէտք է յար­գո­ւի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ եր­կիր­նե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը։

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր ­Դի­մա­տետ­րի է­ջին վրայ ափ­սո­սանք կը յայտ­նէ ­Յու­նաս­տա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մար, բաղ­դա­տե­լով զայն կիպ­րա­կան կող­մի պաշ­տօ­նա­կան խօս­քով։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կ­՚ընդգ­ծէ, թէ տար­բեր բան կը սպա­սո­ւէր ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930