«Եռագոյն». ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի գերիշխանական տարածքին դէմ 13 Սեպտեմբերին շղթայազերծուած յարձակումին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը դատապարտեց Հայաստանի գերիշխանական հողերուն դէմ թուրք-ազրպէյճանական անարդարանալի յարձակումը, որ ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան մասին անոնց պնդումներուն կեղծ ըլլալը, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէ զսպելու ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը եւ տէր կանգնելու միջազգային օրէնքին: