Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Բաժան-բաժան ըլլալու պատճառով կորսնցուցինք պատերազմը». Արցախի զօրակցական հաւաքներ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ

Սեպտեմբեր 06,2022 14:32

Yerkirmedia. Սեպտեմբեր 3-ին եւ 4-ին, յաջորդաբար Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կայացան Արցախի անկախութեան նշման եւ արցախահայութեան զօրակցութեան հաւաքներ։

Նոր թափ առած դիմադրութեան շարժման ծիրէն ներս, կիրակի 4 սեպտեմբեր 2022-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ «Տէր եմ հայրենիքիս» կարգախօսով ժողովրդային զօրակցական հաւաք։ Հաւաքի բացման խօսքը փոխանցեց ընկ. Գրիգոր Պէպէճեան, որ անդրադարձաւ պահի լրջութեան, լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամային իրավիճակը եւ շեշտելով Թորոնթոյի հայութեան անվերապահ աջակցութիւնը դիմադրութեան շարժումի գաղափարներուն, տեսլականին, քաղաքական ուղղուածութեան եւ պահանջներուն: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «դիմադրութեան» շարժումի հաւաքէն հատուածներ: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Արմէն Արթին ասմունքեց Ռաֆֆի Սարգիսեանի «Հայրենիք Աղաւնոյ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ազգային երգերով իր աւարտին հասաւ հաւաքը:

«Այսօր Գանատահայութեան զօրակցութեան ձայնը կը միանայ Դիմադրութեան շարժման, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը կը վերականգնենք միասին». Այս խօսքերը հնչեցին Սեպտեմբեր 3-ին ՀՄԸՄ Լաւալի կազմակերպած տարեկան ամառնային հաւաքին պատգամախօս ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Մհեր Գարագաշեանի կողմէ, որ նոյն հաւաքի ընթացքին նշուող Արցախի անկախութեան 31-րդ յոբելեանին առիթով ըսաւ. «Մենք առաջին պատերազմը շահեցանք, որովհետեւ միասնակամ էինք, որովհետեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք աշխատեցան իբրեւ մէկ բռունցք։ Ցաւօք, 2018-էն ի վեր այդ միասնականութիւնը խախտեցաւ եւ երբ 2020 թուականին պատերազմը հասաւ մեր դռներուն, մենք բաժան բաժան, սեւ ու սպիտակի վերածուած ազգ էինք։ Այդ բաժան-բաժան ըլլալու պատճառով կորսնցուցինք պատերազմը»։

Ան շեշտեց նաեւ, որ յուսահատութեան վիհէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն միանալով, համահայկական ջանքերով կերտելու Արցախի ազատագրումն ու Արցախի անկախութիւնը։ «Եռամիասնութիւնը վերականգնելով, մեր պայքարը պիտի շարունակենք։ Արցախը իր անկախութեան տիրացաւ բազմաբնոյթ պայքարով։ Այսօր նոյն հրամայականին առջեւ են Արցախը եւ Հայաստանը իր վտանգուած սահմաններով. Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ եւ Սեւան պէտք է կազմակերպուի ազգային ազատագրական բազմաբնոյթ պայքար։ Այլընտրանքը՝ յանձնուիլն է։ Այլընտրանքը՝ Հայաստանի թրքացումն է։ Պիտի շարունակենք պայքարը»,- հաստատեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը։

Նոյն հաւաքին, զօրակցական իրենց ուղերձները փոխանեցեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Հայրենադարձներ»ու յանձնախումբի համակարգող Ժիրայր Պէօճեքեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մոսիկ Թօփուզեան։

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930