Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Մենք արժանապատիւ խաղաղութիւն կ’ուզենք. դէմ ենք Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ ստեղծուած եւ Փաշինեանի կողմէ ի վնաս հայ ժողովուրդի շահերուն վաւերացուած խաղաղութեան. Մուրատ Փափազեան

Սեպտեմբեր 06,2022 14:06

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հարցազրոյցը «Ֆրանս Արմենի»-ին:

-Ինչո՞ւ ցանկացաք գիրք մը գրել Էրտողանի եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ վերաբերեալ։

– Թուրքիան անմիջականօրէն չի գտնուիր ֆրանսացիները յուզող հիմնական հարցերու շարքին։ Այդուհանդերձ, ֆրանսացիները, ինչպէս նաեւ բոլոր եւրոպացիները, մեծապէս թիրախ կը հանդիսանան Էրտողանի սահմանած կայսերապաշտական ռազմավարութեան։ Էրտողանը զօրաւոր ղեկավար մըն է, ան կարող է, ան իր իշխանութիւնը կառուցած է իր երկրին մէջ եւ իր երկրին համար, նպատակ ունենալով ստեղծել անշրջանցելի Թուրքիա մը՝ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ այդ նպատակով թուրքական սփիւռքը օգտագործած է՝ արեւմտեան շրջանակներուն մէջ ներթափանցելու իր ռազմավարութիւնը գործնականացնելու համար։ Ես կը մատնանշեմ այդ, կը պատմեմ այդ մասին, եւ կը դատապարտեմ զայն։ Ֆրանսան առաջնահերթութիւն է Էրտողանի համար, եւ ես ցանկութիւն ունեցայ այս գիրքի միջոցով, որը լոյս տեսած է Ֆրանսայի ամենէն մեծ հրատարակչատուներէն մէկուն՝ Robert Laffont-ի միջոցով, ապացուցել, որ Էրտողանը սպառնալիք մըն է Ֆրանսայի եւ ֆրանսացիներուն համար։

-Իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ տասնեակ մը իրողութիւններ, թիւեր, մեղադրանքի տուեալներ՝ ընդդէմ Թուրքիոյ։ Պէ՞տք էր ուրեմն այսպիսով, բազմաթիւ տեղեկութիւններով, ապացուցել այս վարչակարգին վտանգաւոր էութիւնը։

-Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է թուրքերու համար։ Իր բռնապետական վարքագիծով, որը կը մանրամասնեմ գիրքիս մէջ, Էրտողան իր ժողովուրդին ծունկի բերած է իր առջեւ։ Յուլիս 2016-ի «պետական հարուած»-ի պատրուակը օգնեց Էրտողանին որպէսզի զտէ երկիրը իր ընդդիմութեան մեծ մասէն։

Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է փոքրամասնութիւններու համար։ Ցոյց կու տամ թէ անոնք ի՛նչ վերաբերմունքի կ’արժանանան թուրք կառավարութեան կողմէ։

Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է նաեւ արտասահմանին համար։ Էրտողան ստեղծած է կայսերապաշտական վարչակարգ մը։ Ան կ’ուզէ վերականգնել Թուրքիոյ երբեմնի մեծութիւնը աշխարհին մէջ, եւ վերադառնալ Օսմանեան կայսրութեան զօրութեան՝ ֆիզիքապէս գրաւելով աշխարհի որոշ մասերը եւ յատկապէս տնտեսապէս տիրապետելով այլ մասերու։ Ան հիմնած է իր ազդեցութեան գօտին՝ կազմակերպելով իր սփիւռքը, անոր տուած է ուժ եւ կարելիութիւններ, ֆինանսապէս ապահովելով անոր ղեկավարներու կեանքը, եւ ճշդած՝ հանրային դաշտը գրաւելու ռազմավարութիւն։ Ներթափանցումի ռազմավարութիւն մը՝ բոլոր օգտաւէտ միջավայրերէն ներս։

-Դուք նաեւ կ’ընդգծէք, թէ բացի քիւրտերէն, կիպրացիներէն կամ հայերէն, Էրտողան սպառնալիք է նոյնինքն թուրքերուն համար։ Ո՞րն է Էրտողանի երազած ընկերութիւնը։ Էրտողանը միանձնեա՞յ ուժ մըն է, թէ՞ կը ներկայացնէ համակարգ մը, որ միշտ առկայ եղած է Թուրքիոյ մէջ։

-Էրտողանը բռնապետ մըն է։ Ան կ’երազէ իրեն հլու հպատակ ընկերութեան մը մասին։ 2023-ին Թուրքիա պիտի տօնէ իր 100 ամեակը։ Էրտողան կ’երազէ վերընտրուիլ երկրի ղեկին, դառնալ 21-րդ դարու Աթաթիւրքը։ Ղեկավարին անհատականութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունի։ Էրտողան զօրաւոր մարդ մըն է, եւ կ’ուզէ իր դիմագիծը ունեցող Թուրքիա մը։ Թուրքիան կրնա՞յ փոխուիլ։ Այո, ի հարկէ, եւ պէտք է որ փոխուի։ Այդ փոփոխութիւնը պիտի կատարուի շատ երկար գործընթացով մը։ Ամէն ինչ պէտք է կատարուի որպէսզի Էրտողան պարտուի 2023-ի ընտրութիւններուն, եւ որպէսզի նոր ղեկավարը սկսի՝ իր երկար երթը դէպի ժողովրդավարութիւն։ Նպատակը մեծ է, եւ ան պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ ժողովրդավար երկիրներու եւ նոյնինքն թուրք ժողովուրդին համար։ Պէտք է ընդդիմութեան եւ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն միջոցներ տալ որպէսզի կարենան մղել 2023-ի պայքարը եւ յաղթեն։

Այդ պարագային, Էրտողան այլեւս պաշտպանուած չըլլար իր անձեռնմխելիութեան շնորհիւ։ Իմ գիրքս եւ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը պէտք է հիմք ծառայեն՝ Էրտողանը միջազգային դատարանի առջեւ քաշելու, պատերազմական ոճրագործութեան, մարդկութեան, քիւրտերու եւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հայերու նկատմամբ կատարուած ոճրագործութեան մեղադրանքով։ Այս է այն պայքարը որ մենք պէտք է մղենք։

-Նման ամբաստանագիրէ մը ետք, ինչպէ՞ս կ’ընկալէք Հայաստանի եւ Էրտողանի Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնեցման փորձը։

-Փաշինեայի Հայաստանը եւ Էրտողանի Թուրքիան կը պատրաստեն ընդհանուր համաձայնագիր մը, որ պիտի ամրագրէ թուրքական աշխարհի տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ։ Որովհետեւ Թուրքիան բնականոնեցում չ’ուզեր։ Թուրքիան կ’ուզէ տիրապետել Հայաստանին։ Արդէն իսկ խմբագրուած «բնականոնեցման» համաձայնագրով մը Անգարա կ’ուզէ երեք պայման պարտադրել Հայաստանին․

Թուրքիոյ ներկայ սահմաններու ճանաչում, այսինքն փաստօրէն՝ հրաժարում հողային պահանջներէն։
Ազրպէյճանի ճանաչում, որու սահմաններէն ներս պիտի գտնուի Արցախը։
Հրաժարում հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։

Այս նախագիծին դէմ է որ պէտք է պայքարիլ, եւ որուն դէմ ալ մենք կը պայքարինք՝ մեր բոլոր ուժերով։

– Ձեր կարծիքով արդեօք Հայաստանը հարկադրուա՞ծ, անգիտակի՞ց կա՞մ յօժարակամ է այս պայմաններու մէջ յարաբերութիւններու բնականոնեցումը ընդունելու համար։

-Փաշինեանի վարչակարգին պատմութիւնը մեզի չի պատկանիր։ Անոր ճանապարհային քարտէզը շատ յստակ է․

Ան չ’ուզեր Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւն, այլ կ’ուզէ իրեն ենթակայ Սփիւռք մը։

Այդ կ’ապացուցէ Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գործունէութիւնը ամէն օր։

Ան չ’ուզեր, որ Արցախը ըլլայ հայկական։ Անցնող Ապրիլ ամսուն յստակօրէն յայտարարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ, որ Արցախը պիտի յանձնուէր Ազրպէյճանին։

Ան Թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում չ’ուզեր, եւ ոչ առաւել եւս՝ հատուցումներ։

Փաշինեանը այս բոլրէն ոչ մէկը կ’ուզէ։ Ան շատ գիտակից է, շատ յօժարակամ, եւ երբեք հարկադրուած ըլլալու նշան ցոյց չէ տուած։ Մենք շատ մօտէն կը հետեւինք վարչակարգի զարգացումներուն, եւ ես համոզուած եմ, որ Սփիւռքը կրնայ կացութիւն ստեղծել, եւ կրնայ արգիլել որպէսզի յոռեգոյնը չպատահի։ Չրչիլը կըսէր, «անպատուութեան գինով խաղաղութիւն ուզելով, հիմա ունինք պատերազմ եւ անպատուութիւն»։

Մենք կ’ուզենք խաղաղութիւն եւ պատիւ։ Մենք արժանապատիւ խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Մենք դէմ ենք Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ ստեղծուած եւ Փաշինեանի կողմէ ի վնաս հայ ժողովուրդի շահերուն վաւերացուած խաղաղութեան։

Արթըննա՛նք։ Իրավիճակը լուրջ է։

– Արդեօ՞ք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ձեր մուտքը արգիլել եւ ձեզի անբաղձալի անձ յայտարարել, Թուրքիոյ հաճոյանալու փորձ մըն էր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։

-Շատ հաւանաբար։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք իմ մուտքը արգիլելէն քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր թէ՝ Սփիւռքը հիմնական խոչընդոտ էր հայ-թուրքական յարաբերութիւններու «բնականոնեցման» ճամբուն վրայ։ Մեր գործունէութիւնը եւ մեր ընդդիմութիւնը այս գործընթացին նկատմամբ, 2009-էն ի վեր, յայտնի է բոլորին։ Ես այս պայքարի առաջին գիծին վրայ եղած եմ։ Մենք խոչընդոտ ենք։ Ուրեմն պէտք էր զիս տկարացնել՝ Հայաստան իմ մուտքը արգիլելով։ Ես արդէն իսկ անբաղձալի անձ էի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ այսուհետեւ՝ նաեւ Հայաստանի մէջ։

Սակայն որոշած եմ դատական ընթացակարգ սկսիլ Հայաստանի մէջ, որպէսզի չեղարկուի վարչապետի կամայական այս որոշումը։ Գործի հրաւիրած եմ հանրայայտ փաստաբան՝ Սիրանուշ Սահակեանը, որպէսզի վարէ դատական ընթացակարգը, եւ միաժամանակ զիս ներկայացնելու համար լիազօրած եմ Հ․Յ․Դ․ պատգամաւոր, իրաւաբան եւ տնտեսագէտ՝ Արծուիկ Մինասեանը։

Օրինական բոլոր միջոցները պիտի օգտագործեմ վերականգնելու համար իմ իրաւունքները։

Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի անձնական սեփականութիւնը չէ։ Հայաստանը սիրել, կը նշանակէ ամէն ճիգ ի գործ դնել որպէսզի ան իրապէս ընթանայ ժողովրդավարութեան ճամբով, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի եւ բոլորի իրաւունքները եւ անհատական ազատութիւնները։ Այս պահուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը առաւել խոր արմատներ կը ձգէ, կարեւոր է որպէսզի բոլորս զօրաշարժի ենթարկուինք՝ դադրեցնելու համար բռնապեդտական այս շեղումը։

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930