Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա–ի ֆեյսբուքյան գրառումը
Այսօր՝ Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուճդապի Ամանիին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան՝ երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս:
Նախագահական ընտրութեան գծով, թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ՛ դեսպանը ընդգծեցին բոլորին կողմէ ընդունելի եւ երկիրը ներկայ ընկերա-տնտեսական կացութենէն դուրս բերելու կարողութիւնը ունեցող նախագահի մը ընտրութիւնը:
Կարդացեք նաև