Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության կողմից շնորհավորական ուղերձ է հղվել Արցախի Հանրապետության հռչակման 31-ամյակի առթիվ, որում ասվում է.
Վսեմաշուք Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Կարդացեք նաև
Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ձեզ։
Ողջ հայութեան համար խոր նշանակութիւն ունեցող 2 Սեպտեմբերը, ներկայ ժամանակներուն մեր ժողովուրդը կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռակամութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է ու մանաւանդ անոր անխախտ պահպանումը համայն հայութեան նուիրական պարտաւորութիւն է։
Վերջին քանի մը տարիներու ցնցումները երբեք յուսահատութեան չեն կրնար առաջնորդել մեր ժողովուրդը։ Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ յանուն արդարութեան ու Արցախի մեր սիրելի զաւակներու արդար իրաւունքի պաշտպանութեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետութեան կողքին՝ վերանորոգ նուիրումով իր ներդրումը բերելով Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն։
Այս առիթով, Մեր հայրական սէրն ու Հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք Ձեզի, Պարոն Նախագահ եւ Արցախի իշխանութեան։ Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ որ Իր հովանին անպակաս ընէ համայն հայութեան վրայէն՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։