Agos. Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք դատական գործընթացին բծախնդիր լրջութիւնով հետեւող եւ այս նիւթի շուրջ կատարած յայտարարութիւններով հասարակութիւնը իրազեկող «Հրանդի Ընկերները» հարթակը այս անգամ ալ յայտարարութիւնով մը կը զօրակցի Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի։
Վերջին տարիներուն նախկին աւազակապետ Սետաթ Փեքեր իր ապաստանած վայրէն կատարած նախ վիտյօ տեսանիւթերով եւ ապա «Թուիթըր»եան գրառումներով լուրջ փորձանք մը դարձած է գործող իշխանութեան համար։
Փեքեր անհերքելի փաստերու վրայ կը հիմնէ իր պնդումները, որոնք բացարձակ լռութեամբ կը դիմաւորուին իշխանութիւններու կողմէ։
Ան վերջերս հրապարակումներ ունեցաւ նախկին զինուորականի մը՝ Լեւենդ Կէօքթաշի հասցէին։ Այս հրապարակումէն ետք մի այլ աւազակապետի՝ Ալահատտին Չաքըճըի նախըին իրաւապաշտպան Մեհմետ Սինան Ինճէ եւս համացանցի միջոցաւ հրապարակեց զգայացուցն պնդում մը։ Այդ պնդումի համաձայն 2016 թուին Լեւենդ Կէօքթաշ Խորհրդարանի մէջ մահափորձ պիտի կատարէր Կարօ Փայալանին դէմ։
Կարդացեք նաև
Այս պնդումէն ետք Կարօ Փայլան հարցաքննութեան պահանջով դիմում կատարեց Անգարայի Դատախազութեան։ Այս դիմումէն ետք Մեմհետ Սինան Ինճէ շարունակեց իր սպառնական գրառումները։
«Հրանդի Ընկերները» այդ զարգացումները նշելով պախարակեցին դատական մարմիններու պահած լռութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Կարօ Փայլանին։
Կատարուած յայտարարութեան մէջ նշուած է թէ Կարօ Փայլան առաջին օրէն իսկ հարթակի յառաջատար գործիչներէն եղած է եւ 2015 թուականէն սկսեալ մեծ աշխոյժութեամբ արդարութեան պայքար կը տանի նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ իբրեւ ընտրեալ երեսփոխան։ «Անընդունելի է բացայայտ կերպով հրապարակուած մահափորձի եւ ապա շարունակուող սպառնալիքներու դէմ դատախազութեան անդրդուելի կեցուածքը։ Կարօ Փայլան ժողովուրդի ձայներով ընտրուած պատգամաւաոր մըն է։ Անոր ուղղուած սպառնալիքը ուղղուած է նաեւ ժողովուրդի կամքին։ Կարօ Փայլան ընդմիշտ մերժած է զոհի կամ հերոսի կերպարը։ Ան միայն խաղաղութեան եւ արդարութեան դրօշակակիրը եղած է եւ մենք կը շարունակենք իր կողքին մնալ»։