«Հայրենիք». Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ընդունեց «Փրկել Հայկական Յուշարձանները» (Save Armenian Monuments) կազմակերպութեան պատասխանատուները՝ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ իրաւաբան Քրիսթոֆըր Փառնակեան։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան կազմակերպութեան վերջին ամիսներու աշխատանքն ու ծրագիրները, ներառեալ՝ Արցախի մէջ եկեղեցական վայրերու մաքրութիւնը, «Փրկել Հայկական Յուշարձանները» կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական գործիքներու բաշխումը Ազգային Առաջնորդարանի ծուխերուն, կազմակերպութեան կողմէ, անոր մասնակցութիւնը 2022-ի միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին (Ուաշինկթըն) եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները՝ 2022-ի աշնան եւ 2023-ի գարնան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ այս կազմակերպութեան կողմէ Արցախ ուխտագնացութիւններու փորձերուն մասին։
«Փրկել Հայկական Յուշարձաները» հիմնուած է 2020-ին, որ Ազգային Առաջնորդարանի ենթակայ կազմակերպութիւն մըն է եւ կը հետապնդէ հայ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի եւ շրջակայքի մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:
«Հայրենիք»