«Հայրենիք». Մուսա Լեռը եղաւ մեր յաղթական հերոսամարտերէն մէկուն բեմը, եւ պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ հպարտութիւն ներշնչող էջերով: Աւելի քան 40 օրեր տեւած անհաւասար բայց աննահանջ մարտերը ներշնչման աղբիւր եղան մինչեւ իսկ օտարներու. Ֆրանց Վերֆել հերոսամարտը անմահացուց իր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» աշխարհահռչակ վէպով:
Հայութիւնը չէ մոռցած այդ հերոսամարտերը: Մուսա լեռցին, բռնագաղթի ենթարկուելէ, ապա պապենական հող վերադառնալէ ետք, հերոսամարտի վայրին վրայ՝ Տամաճլիքի (Տամլըճագ) 1932ին կանգնեցուցած է յուշակոթող մը, որպէսզի յաջորդ սերունդները տեսնեն եւ հաղորդակից ըլլան «Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» դարաւոր պատգամին նորագոյն արտայայտութեան, սորվին՝ որ հայը միայն ջարդի ու բռնագաղթի չէ ենթարկուած այդ սեւ տարիներուն, այլ նաեւ ցոյց տուած է, որ արժանաւոր ժառանգորդն է մեր յաղթանակները եւ գոյատեւումը կերտած նախնիներուն:
Ալեքսանտրէթի նահանգին՝ Թուրքիոյ բռնակցումէն ետք, այդ յուշարձանն ալ գերի մնաց ցեղասպաններու ժառանգորդներուն:
Ծանօթ է, որ մեծ թիւով մուսալեռցիներ հաստատուած են Սփիւռքի մեծագոյն հայօճախը դարձած Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր տարիներէ ի վեր կը գործէ Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը: Ամէն տարի, հերոսամարտի յիշատակը եկեղեցական արարողութեամբ եւ աւանդական տօնակատարութեամբ կը նշուի Ֆրեզնոյի մէջ, ուր գործնապէս ցոյց կու տանք, որ հաւատարիմ ենք Ուխտին:
Կարդացեք նաև
Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչութեանս իրերայաջորդ կազմեր տարիներէ ի վեր հիւսած են երազ մը՝ հերոսամարտին յիշատակը մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնող յուշակոթողի մը կառուցումը, որպէսզի մեր գաղութի զաւակները եւս գործնապէս արձագանգեն Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սփիւռքի տարածքին ուխտապահ հայորդիներու կամքին: Այս նպատակով, գործնական աշխատանք տարուած է մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի մէջ:
Այսօր, հպարտ ենք յայտնելու մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ մուսալեռցի թէ այլ հերոսամարտերու ժառանգորդներուն, թէ նախապատրաստական աշխատանքները շօշափելի արդիւնքի հասած են. կը գտնուինք յուշակոթողի կառուցման սեմին:
Զուգահեռաբար, աշխատանք տարուեցաւ նախագիծի մը պատրաստութեան համար: 2020-ին որոշուեցաւ կերտել նոյնինքն Մուսա լերան վրայ կանգնած առաջին յուշակոթողին նմանակը:
Ըստ նախահաշիւին՝ յուշակոթողին կերտումը պիտի արժէ մօտաւորապէս 150,000 տոլար: Սկսած հանգանակային աշխատանքը շուտով թափ պիտի առնէ, որովհետեւ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները իրենց լրումին հասած են:
Վարչութիւնս վստահ է, որ թէ՛ մուսալեռցի հայրենակիցներ եւ թէ հերոսամարտերուն ժառանգորդ ուխտապահներ իրենց լուման պիտի միացնեն այս ծրագիրին, որպէսզի ունենանք նաե՛ւ հայութեան յաղթանակը եւ վերապրումը խորհրդանշող այս յուշակոթողը:
Յայտնենք նաեւ, որ այս տարի, Մուսա լերան հերոսամարտի ոգեկոչման 107-րդ տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ (7633 N. Weber Freno), 3 եւ 4 Սեպտեմբերին:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: