«Հայրենիք». Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։
«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ» կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան։
Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս Ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր Յառաջաբանին մէջ։
Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող՝ դիւրութեամբ որոնելով ու գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւն, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։
Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ օգտագործել առցանց՝ NAYIRI.COM
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: