Հետզհետէ մտահոգիչ դարձած են գաւառապետներու կամայական որոշումներով փառատօններու կամ համերգներու արգիլուելու երեւոյթները։ Այս տեսակի վերջին օրինակը տեղի ունեցաւ Պալըքէսիրի Պուրհանիէ գաւառին մէջ, ուր գաւառապետը գործադրումէն քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց մօտալուտ փառատօնի չեղարկման լուրը։
2002 թուականին Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալէ ետք շատերու մտավախութիւնն էր մարդկանց կենցաղին միջամտելու վարկածը։
Էրտողան իշխանութեան գալով պիտի փորձէր քայլ առ քայլ կերտել իսլամական հանրապետութիւն մը, որ անխուսափելիօրէն պիտի միջամտէր հասարակութեան ապրելաոճին։
Փառատօններու դէմ արգելքներու հոսանքը կը շարունակուի համատարած կերպով։ Աւանդաբար Օգոստոս ամսուայ մէջ յոյն ուղղափառ համայնքը կ՚ապրէր երկու տօնական միջոցառում։ Անոնցմէ առաջինն էր Տրապիզոն, Ժայռափոր Սիւմելա Վանքի ուխտագնացութիւնը։ Այս առթիւ յատկապէս Ուքրաինա, Վրաստան եւ Յունաստանէն մեծ թիւով ուխտաւորներ կը ժամանէին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ այս եզակի միջոցառման ներկայ գտնուելու համար։
Կարդացեք նաև
Այս տարի իշխանութիւնները սահմանափակած են այս պատմական եկեղեցի այցելել փափաքող ուխտաւորներու թիւը։ Թոյլ տրուած է միայն 100 ուխտաւորներու մասնակցութիւնը կատարուելիք արարողութեան։ Նման որոշում մըն ալ եկած է Իմրոզ Կղզիէն։
Յոյն ժողովուրդի պատմութեան մէջ շատ դառն յիշատակներով լեցուն այս կղզին հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներուն ամբողջութեամբ յոյներով բնակեցուած էր։ Յաջորդող տարիներուն պետութեան վարած քաղաքականութիւնով կղզին տասնամեակներու ընթացքին կորսնցուց իր հարազատ ժողովուրդը իր տեղը զիջելով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն յատկապէս Սեւ Ծովի շրջանէն ներգաղթած մահմետականներու։
Յայտնիէ թէ մահմետական կրօնամոլ շրջանակներ փորձած են այս եղանակով արդիւնք քաղելու միջոցը եւ զրպարտութիւններով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ բոլոր այն միջոցառումներուն, որոնք իրենց կամքով չեն։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ակոս»-ում
Լուսանկարը՝ Վիկիպեդիայից: