Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ «Սուրմալու»-ի պայթումին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար

Օգոստոս 22,2022 17:02

«Գանձասար». Օրհնութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց, ապա Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարեց՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, ներկայութեամբ՝ Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիպատոսութեան Խորհրդական մեծարգոյ Դաւիթ Դաթէոսեանի, ազգային գործիչ տիար Վրէժ Եագուպեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ բարեպաշտ ժողովուրդին:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի քարոզին բնաբանն էր՝ Ղուկասու Աւետարանին մէջ յիշուած Ս. Կոյս Մարիամի օրհնաբանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին 9 օրեր շարունակ աղօթքներով եւ շարականներով կ’օրհնաբանէ Աստուածածինը:
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ Ս. կոյս Մարիամ փոքր տարիքէն ընծայուեցաւ տաճարին, իր հոգին զարդարեց աստուածային շնորհքներով եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մնաց:
Հետեւաբար, Հայր Մանուկ հրաւիրեց ներկաները՝ Ս. կոյս Մարիամի օրինակին հետեւելով ծառայասէր ըլլալու, Աստուած ճանչնալու, աստուածային ճշմարտութիւններուն հաւատալու եւ ապաշխարութեան ճամբով ու բարի գործերով արտայայտելու այդ հաւատքը:

Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումին զոհուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
«Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով Հայր Սուրբը մաղթեց, որ Ամենակալը պայթումին զոհուածներու հոգիները լոյսի մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ, իսկ անոնց հարազատներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը պարգեւէ:

Աւարտին, եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս, Հայր Սուրբին, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականին, Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, ազգայիններուն, եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնաց յանձնախումբին, աղքատախնամին եւ դպրաց դասին ներկայութեան ցաւակցութիւններ ընդունուեցան՝ պայթումին զոհուածներու յիշատակին:

Հայր Սուրբը ողջունեց Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականին ներկայութիւնը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց՝ զոհուածներու ընտանիքներուն, հաստատելով, որ որպէս սփիւռքահայեր միշտ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայորդիներուն կողքին կը գտնուինք:

Բոլոր ներկաները սրտի խոր կսկիծով «Տէրունական Աղօթք»ը արտասանեցին՝ պայթումին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031