Լաչինի գործող միջանցքը նոր ուղիով փոխարինելու Պաքուի իշխանութիւններուն պահանջին ստեղծած թոհուբոհին մէջ է,որ Հայաստանի մէջ ռուսական դեսպանատան խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի յայտարարութիւնը ռումբի մը նման պայթեցաւ եւ շատ լուրջ հարցականներ գծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն շուրջ։Սելեզնիովի յայտարարութիւնը շատ յստակ էր։ Ռուսական խաղաղապահ ուժերը Լաչինի միջանցքէն պիտի չհեռանան, այնքան ատեն որ միջանցքը փոխարինող նոր ուղիին կառուցման աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած։ Այլ խօսքով՝ Մոսկուա մէկ կողմէ պաղ ջուր թափեց Պաքուի գլխուն, միւս կողմէ խայտառակեց հայկական կողմը։ Պաքու կը յոխորտար, որ անմիջապէս պէտք է սկսիլ գործածել Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ուղին, իսկ հայկական կողմն ալ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներէն պահանջած էր մինչեւ Oգոստոս 25-ին հեռանալ իրենց բնակարաններէն, որովհետեւ այդ թուականէն սկսեալ ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքին վրայ ներկայ պիտի չըլլան։
Սելեզնիովի յայտարարութիւնը կը մղէ հարց տալու, թէ հայկական կողմը ինչու տեղեակ չէր ռուսական այս կեցուածքէն։ Ռուսերը ինչու սպասեցին եւ իրենց խաղաղապահ ուժերուն Լաչինէն հեռանալու պայմանը հրապարակեցին Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներուն տրուած պայմանաժամէն ետք։ Հիմա որ յստակացաւ, թէ ռուսերը առնուազն ինը ամիս տակաւին պիտի մնան Լաչինի միջանցքին վրայ, Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները Oգոստոս 25-ին պիտի հեռանա՞ն իրենց բնակարաններէն՝ անսալով Արցախի իշխանութիւններուն պահանջին։ Այս հարցումներուն պատասխանները վստահաբար պիտի տրուին յառաջիկայ օրերուն:
Բայց Սելեզնիովի յայտարարութիւնը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ։ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու չափազանց բարդ իրավիճակը, որուն լաւագոյն ապացոյցը ռուս դիւանագէտին յայտարարութիւնն է, նաեւ կը յուշէ, որ ռուսերը կը շարունակեն կացութեան ղեկը պահել իրենց ձեռքերուն մէջ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: