Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Կրաւորական միտքն ու կեցուածքը կրնան մահացու ըլլալ. դիմադրութեան պայքարը պիտի չդադրի, ան կը միտի հասնիլ հայու մտքի ազատագրումին, յառաջադէմ, յանձնառո՛ւ ընկերութեան մը ծաղկումին»

Օգոստոս 15,2022 11:03

Երբ յուլիս 2021-ին Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքը ի յայտ եկաւ, արդիւնք, որ յաղթանակի դափնիով կը պսակէր Արցախը պատերազմի եւ պարտութեան տարած մարդը` առանց նկատի առնելու բազմահազար երիտասարդներու կորուստը ու մեր պատմութեան քաղաքական երթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումէն ետք միակ ձեռքբերումին` Արցախի ազատագրումին ոչնչացումը, անդրադարձայ շատ սուր կերպով, թէ օտարած էի հայաստանեան հասարակութեան որոշ մէկ խաւէն: Զգացի, որ խախտած էր վստահութիւնս Հայաստանի բնակչութեան որոշ մէկ մասին հանդէպ: Իմ աչքիս` անոնց մտքերը գերեվարուած էին ու լծուած` ընկերային ցանցերուն կողմէ տարիներէ ի վեր կառուցուող, միջազգային դրամատիրութեան տեսլականը ջատագովողներու սայլին: Մեր պետութեան անկախութիւնը վտանգուած էր:

Բայց միթէ այդպէս չէ՞ր վերանկախացած հանրապետութեան ծնունդէն իսկ եւ երեսնամեայ կեանքի ընթացքին: Ի վերջոյ, խորհրդային կարգերու փլուզումով մեր երկիրը մուտք գործած էր արեւմտեան «յաղթական» դրամատիրական տնտեսական դրոյթի պալատէն ներս… Պէտք էր ընդօրինակել «ազատ աշխարհ»-ի բարքերն ու քաղաքական կեանքի «ժողովրդավարական» նիստ ու կացը… եւ եղան ընտրութիւններ, բացի առաջինէն` բոլորն ալ խարդախուած… Եւ ինչպէ՞ս խօսիլ անկախութեան մասին երկրի մը, որուն տնտեսութիւնը այնքան մը զարգացած չէ, բոլորովին ուրոյն դիրքորոշումներ ունենալ կարենալու համար քաղաքական կամ ընկերային հարցերու գծով: Մանաւանդ որ տնտեսական համակարգը վայրի դրամատիրութեան ելեւէջներուն յանձնուած` ենթակայ է մեծապետական այլեւայլ ուժերու ազդեցութեանց: Կարելի չէր Հայաստանը ճիպոտի հարուածով տեղափոխել արեւմտեան տիպի այսպէս կոչուած զարգացած, աւելի քան խնդրական` ժողովրդավարական, «ազատ» կարգեր ունեցող երկիրներու խումբին մէջ, ան պիտի շարունակէր կրել Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ բոլոր հանրապետութիւններուն հասարակական կեանքը յատկանշող ախտերը եւ ատոր հետեւանք` իր քաղաքացին պիտի յատկանշուէր պետութեան հանդէպ դրսեւորած խոր օտարումով (կարդալ այս գծով հայ ընկերաբաններու ուսումնասիրութիւնը*): Կարելի էր միայն յուսալ, որ դանդաղօրէն, հետզհետէ, կրթութեան եւ դաստիարակութեան ճամբով մեր երկիրը պիտի ձերբազատէր Խորհրդային Միութեան հասարակութեան մէջ հաստատուած ու տակաւին յամեցող բացասական երեւոյթներէն:

Ուրեմն, եթէ արտահերթ ընտրութիւնները հինէն եկող ու պարզապէս շարունակուող ընտրական ոչ օրինակելի գործընթացի հետեւեցան (տեսնել այս գծով Ջհանգիրեանի վերաբերեալ վերջին արձանագրութիւնները), ի՞նչ հարկ` այդքան ընդվզեցուցիչ գտնելու անոնց արդիւնքը եւ հարցականի տակ առնելու հայկական հանրապետութեան անկախութիւնը:

2021-ի ընտրութիւններու պարագային, սակայն, վերընտրուեցաւ Արցախի երրորդ պատերազմէն պարտուած դուրս եկած, Շուշին յանձնած, անկշռելի մարդկային կորուստներու պատասխանատուութիւնը կրող մարդը, որ նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը ստորագրելէն ե՛տք ալ շարունակեց ղեկավարել մեր երկիրը եւ այդ ընթացքին ընդունելի գտնել ինքնիշխան երկրի սահմաններէն ներս ազերի զօրքի մուտքը, հոն հաստատուիլը ու տակաւին իր խօսքով արդարացնել ազերիաթրքական պահանջները մեր ծննդավայր տարածքներուն վերաբերեալ, չվարանելով նոյնիսկ կասկածի տակ առնելու թուրքերու հետ մեր հակամարտութեան արդարացիութիւնը… Այսպիսով, հետզհետէ տեսանելի դարձած էր մեր երկրի տարածքներու հետագայ արտաթափումը ի շահ ազերիական պետութեան եւ հայկական պահանջատիրական երթին` Հայ դատին արգելակումը: Լրացած էր փազըլի կտորներով կառուցուած մեզի համար աղէտալի պատկերը. 2018-ի «յեղափոխութեան» իսկական դէմքը, տէրերն ու անոնց կամակատարներուն դերը ա՛լ յստակացած էին: Մեր երկրի վարչապետն ու իր խմբակը կամակատարներն էին թուրք-ազերիական քաղաքական ծաւալապաշտ ծրագիրներուն, որոնք իրենց կարգին կը համընկնէին կովկասեան տարածաշրջանին մէջ մեծապետական այլ եւ այլ ուժերու շահերուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրած էր նախապէս ալ մասնակի չափով միայն ունեցած անկախութեան տէրը ըլլալէ, ու իշխանութեան հասած մարդիկը բացայայտօրէն կը ծառայէին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն, իմա՛ պետութիւններու, որոնք ոչ միայն հեռաւոր անցեալին այլ բոլորովին նոր օրերու, արցախեան վերջին պատերազմին, մեր դէմ թշնամական կեցուածք որդեգրած էին ու իրենց ծաւալապաշտ ծրագրերը բացէն ի բաց յայտարարած: Ուրեմն ակնբախ էր, որ Հայաստան կը գտնուէր 1940-ի Ֆրանսայի կացութեան մէջ, երբ պարտուած Ֆրանսան իրողապէս կորսնցուց իր անկախութիւնը ու Փեթեն գործակցեցաւ Գերմանիոյ հետ: Կը մնար մէկ ճամբայ` ֆրանսական RESISTANCE-ի ճամբան: Երբ պարտուած եւ թշնամի պետութեան գործակից իշխանութիւն մը կը դառնայ ինքնաբերաբար թշնամի պետութեան իշխանութեան ենթակայ, ըմբոստութիւնը անոր դէմ մարդկային հիմնական իրաւունք է եւ արմատական Դիմադրութիւնը` արժանապատիւ:

Զարթի՛ր, Լաօ՛

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի սկիզբը հայկական բարձրաւանդակի իր բնօրրանին մէջ ապրող հայ գիւղացիին յեղափոխական երգերէն է «Զարթի՛ր, լաօ՛»-ն: «Վեց դարերու» ստրկութեան ծանր թմբիրէն զարթնելու ըմբո՛ստ կոչ է ան: Կոչ հայ մարդուն` իր, նախ` բնախօսական մակարդակի իրաւունքին` կեանքի իրաւունքին տէր դառնալու եւ անկէ անդին` իր ինքնութիւնը պահպանելու:

Ինչպէ՞ս բացատրել եւ հասկնալ անոր ուժգի՛ն վերայայտնումը այս օրերուն, մեր անկախ հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի սրտին մէջ: Ան այժմ կը պայթի Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ եւ անկէ ճառագայթող պողոտաներու երկայնքին, կը լեցնէ բազմահազար հայերու ականջը, կը խօսի անոնց սրտին ու կ՛արձակուի անոնց կուրծքէն. ի՞նչ պէտք կայ ե՛ւ հայրենաբնակ ե՛ւ սփիւռքաբնակ մարդուն ըսելու` «Զարթի՛ր, լաօ՛»:

Ուրեմն հաւասարապէս սփիւռքահայուն եւ հայաստանաբնակ հայուն կ՛ուղղուի խօսքը. ատիկա աղուո՛ր նշան մըն է, որ անոնք` երկո՛ւքն ալ կը մասնակցին Հայաստանի ներկայ օրերուն կառուցուող պատմութեան:

Որոշ դառնութիւն կ՛առթէ նաեւ մտածելը, որ անկախ պետականութիւն ունեցող արդի հայ մարդը, թէ՛ իր հողին վրայ, թէ՛ այլուր, կը գտնուի հայկական բարձրաւանդակի հայ գեղջուկին թմբիրի կացութեան մէջ, որուն կ՛ուղղուի «Զարթի՛ր» կոչը: Դառնութիւնը կը մղէ հարցադրումի. այս ի՞նչ թմբիր է, որ քսանմէկերորդ դարու քաղաքաբնակ հայուն միտքը պարուրեր է Սիտնիէն Լոս Անճելըս, Սթոքհոլմէն Փարիզ, Պուէնոս Այրես, Պէյրութ, Հալէպ, Երեւան… Ո՞ր հաւասարեցնող, տափակցնող գլանը անցեր է մեր ուղեղին վրայէն, հիփնոսացուցեր զայն ու նետեր` երջանիկ անզգայութեան գիրկը, տալով անոր ժպտուն թմբիրը քաղքենիին, սպառողական ընկերութեան խեղճացած պտուտակին…

Եթէ նախկին դարերու հայկական բարձրաւանդակի հայ գեղջուկը կրողն էր իր շրջապատի ֆիզիքական վայրի պայմաններու հարուածներուն նաեւ օտար եւ հայ, զինք շահագործող մարդոց բիրտ գործողութիւններուն ու անօգնական` յանձնուած էր անոնց եւ դարձած` ստրկամիտ, ապա քսանմէկերորդ դարու քաղքենի հայը կալանաւորուած է գերարդիական, արհեստագիտական, անդէմ, բայց նոյնքան վայրի ուժերու շղթաներուն մէջ, ունի նոյնքան անազատ մտածելակերպ. ան արդի դրամատիրական ընկերութեան համաշխարհայնացած շուկայական դրոյթին` նոր ազատականութեան լծակ ու նպատակ` մարդը իր, առարկայ դարձնելու գործընթացին զոհն է:

Մտացի քաղաքացի, տեղեկացուած, ողջմիտ եւ քննական միտք ունեցող անհատ պատրաստելու հարցը հրատապ նիւթ է համաշխարհային մակարդակով: Այս գծով Ֆրանսայի հրապարակին մէկ շատ դրական դէմքը ի յատ եկաւ հոն կազմակերպուող հաւաքներու փեթակին մէջ: Դիմադրութեան շարժումի կազմակերպիչները հետամուտ են հանրութիւնը մղելու` հարցադրումներու, քննարկումներու: Կանոնաւոր կշռոյթով տեղի կ՛ունենան դասախօսութիւններ, մասնագէտ անձերու կողմէ կատարուող քննարկումներ, կլոր սեղաններ. բազմիցս շեշտուեցաւ հարթակէն, որ կը քաջալերուի հրապարակին վրայ, սեղանի մը շուրջ ազատ խօսքն ու զրոյցը հասարակութիւնը հետաքրքրող հարցերու մասին: Այսպիսի մտքի զարգացման միտող հետեւողական աշխատանքով պիտի կառուցուի ապագայ ժողովրդավարութեան պատրաստ, հասուն, յառաջադէմ հասարակութիւնը, ապագայ արդար ու ինքնիշխան, աշխարհին բա՛ց երկրի մը տեսլականով: Այդ տարածաշրջանին մէջ, մեր ծննդավայր հայկական բարձրաւանդակին վրայ հայը չ՛ուզեր ապրիլ աշխարհէն կտրուած ու ինքն իր վրայ կծկուած: Որքան շահեկան է այս օրերուն հասու ըլլալ Ռուբէնի մտածումներուն. «Հայ թրքական կնճիռը» գրքին մէջ, ան կը նշէ ՀՅԴ-ի հետապնդած նպատակները, անոնց կարգին որքան այժմէական կը հնչէ հետեւեալը` «հիմը դնել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազգերի համերաշխութեան եւ ժողովուրդների դաշնակցային կազմի»**: Վերը ըսի` Դիմադրութիւնը, ըմբոստութեան հաւաքներու եւ երթերուն զուգահեռ, կը նպատակադրէ հայ հասարակութեան քաղաքականացումը, հասունացումը: Յառաջդիմական, սթափ հանրութիւն մը միայն կրնայ պայքարիլ դրամատիրական, նոր ազատական տեղական եւ համաշխարհային անձնասէր շահերու իրագործման դէմ: Եւ դեռ` ներկայ պայմաններուն մէջ մեզի համար կրաւորական միտքն ու կեցուածքը կրնան մահացու ըլլալ, որովհետեւ մեր պետական անկախ գոյութիւնը անմիջական սպառնալիքի տակ է: Եսամոլ բախտախնդիր մը, օգտագործելով արհեստագիտական հաղորդակցութեան, ընկերային ցանցերու աժան մտալլկումի կարողութիւնը կը յաջողի իր, իր ընտանիքին ու հաւատարիմներուն օգտին պահել իշխանութիւնը հետզհետէ աւելի ակնբախ անօրինութիւններով ու մանաւանդ` ի գին մեր ազգային գոյութեան շահերուն:

Ուրեմն, մեզի՛ համար, ընկերաբանական, հասարակագիտական վերլուծումներէ անդին, առաջ եւ ետք, պահն է զգօն ու ողջմիտ հաշուեկշիռը կատարելու հասցուած վնասին, սպառնացող վտանգին եւ թօթափելո՛ւ համատարած մտային թմբիրը, հայ գեղջուկին վերայայտնուած ստրկամտութիւնը: Դիմադրութեան պայքարը պիտի չդադրի, ան կը միտի հասնիլ հայու մտքի, հոգիի ազատագրումին, յառաջադէմ, յանձնառո՛ւ ընկերութեան մը ծաղկումին:

«Զարթի՛ր, լաօ՛, մռնի՛մ քըզի»:

Շաղիկ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031