Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւմտահայերէնին գլխուն կախուած վտանգը մէկն է Սփիւռքի բազում մարտահրաւէրներէն. Ս. Մահսէրէճեան. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 10,2022 13:49

Սփիւռքը Նոր Մարտահրաւէրներուն Ընդառաջ

«Ասպարեզ». Երբ կը խօսինք Սփիւռքի եւ անոր դիմագրաւած բազմերես մարտահրաւէրներուն մասին, առհասարակ ի մտի կ՛ունենանք մեր ապրած ժամանակաշրջանը, օրինակ՝ տուեալ 10-20 տարիները, մեր դիմաց բարձրացող նորագոյն դժուարութիւնները եւ կը փորձենք այդ՝ այլապէս նեղ սահմաններուն մէջ կատարել քննարկում, վերլուծումներ, ախտաճանաչում եւ հարցերու լուծման որոնում: Սա բնական է, որովհետեւ ի վերջոյ, նոյն այդ ժամանակաշրջանին գոյառած հարցերն են, որ կը տագնապեցնեն մեզ, զանոնք կը զգանք մեր մորթին վրայ, կը ստեղծեն հարցեր ու կը մղեն որոնումի: Նոյնքան բանական է, որ նախընթաց տագնապ մը նսեմանայ, մինչեւ իսկ մասամբ մոռցուի, երբ աւելի մեծ ու սուր տագնապ մը կ՛այրէ մեզ:

Եթէ խօսինք օրինակով մը, մեր հայեցակէտը աւելի լաւ բացատրած կ՛ըլլանք: Վերջին տասնամեակին, Սփիւռքը արդարօրէն տագնապի մատնուեցաւ, երբ ահազանգեր հնչեցին, հայկական թէ միջազգային շրջանակներէ, թէ՝ արեւմտահայերէնը ինկած է վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ:

Լեզուին՝ արեւմտահայերէնին գլխուն կախուած վտանգը մէկն է բազում մարտահրաւէրներէն: Անցնինք միայնակ օրինակէն անդին եւ հարցը դնենք քիչ մը աւելի՛ տարածուն դաշտի մէջ: Սկսինք այն հարցումով, թէ ի՞նչ կը հասկնանք, ի՞նչ պէտք է հասկնանք Հայկական Սփիւռք ըսելով, ինչպիսի՞ հարցեր կախուած են անոր գլխավերեւը, ի՞նչ ըրած ենք, պէտք է ընենք, եւ ինչպիսի՞ նոր ու շատ աւելի տարածուն հայեացքով դիմագրաւենք ներկան ու ապագան:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ

Սփիւռքի յաւելեալ կազմակերպումը եւ հզօրացումը անվիճելի հրամայական է (քիչ ետք կը խօսինք ասոր կրկնակի նպատակներուն մասին): Ներկայ աշխարհին մէջ, նիւթական միջոցները, տնտեսական ինքնաբաւութիւնը անխուսափելի հրամայականներ դարձած են: Անցած են այն ժամանակները (երանելի ժամանակներ), երբ ազգային կեանքը առաւելաբար յառաջ կը տարուէր նուիրաբերումով, հանգանակութիւններով, կամաւոր աշխատանքով (այդ երանելի ժամանակներուն բարի պտուղը եղաւ սփիւռքեան յետ-ցեղասպանութեան  գաղութներուն կազմակերպումն ու զարգացումը): Մեր այսօրուան կեանքին մէջ, ասոնք շարունակուող բարի աւանդութիւններ են, սակայն չենք կրնար մեր մատին ետին պահուըտիլ եւ ըսել, այս ընթացքը նախկին թափով ու տարողութեամբ ի զօրու է այսօր, պիտի շարունակէ ի զօրու մնալ վաղը եւս: Տնտեսական յանձանձումի բարեփոխումը (չըսելու համար՝ յեղաշրջումը) հրամայական է:

Հաւաքական կեանքը աւելի լաւ մակարդակի հասցնելու եւ աւելի դիւրին կառավարելու համար (ինչպէս կ՛ընեն անհատ ընտանիքներ), անհրաժեշտ են տնտեսական միջոցներու-պայմաններու տարբեր ու այժմէական դրութիւններով կազմակերպումը, ենթահողի հզօրացումը, մասնագիտական դրութիւններու որդեգրումը: Որքան ալ ըսենք, որ նիւթականը առաջնակարգ չէ, այսօրուան աշխարհը, մեզմէ անկախ եւ քիչ մըն ալ հակառակ մեր կամքին, նախկինէն տարբեր հրամայականներ ու հարկադրանքներ կը ստեղծէ: Սա նորութիւն չէ, նորութիւն պիտի ըլլայ՝ համապատասխան տարողութեամբ վերցնել նետուած ձեռնոցը: Ու եթէ ստեղծուի նիւթական-տնտեսական ինքնաբաւարարութիւն, անկէ քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ ստեղծուին հասոյթի, եկամուտի մնայուն եւ ճիշդ կառավարելի աղբիւրներ, արդէն մեր հաւաքական կեանքը դրած կ՛ըլլանք շա՛տ աւելի հեզասահ ընթացքի մէջ: (Ի՜նչ խօսք, որ նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է նաեւ մեր հայրենիքին համար, այսինքն՝ սա ձեւով մը պետական մտածողութեան զարգացում կը նշանակէ):

Կարճ խօսքով, սփիւռքեան գաղութներու միջեւ հասարակաց գետիններ որոնելու եւ համակարգումի ճամբով՝ հայկականութեան բարելաւման ծրագիրներ ի գործ դնելու համար, կենսական են նիւթական միջոցները: Սա մէկ օրէն միւսը ստեղծուելիք համակարգ չէ, սակայն անհրաժեշտ է տարբեր աշխարհահայեացքի եւ տեսլականի, հորիզոններու պատկերացում, սակայն նաեւ տուեալ երկրի մը կամ աշխարհատարածքի մը մէջ օրինական հնարաւորութիւններու պեղում, օգտագործում: (Անհատներ կ՛ընեն, իսկ հաւաքական կեանքի մէջ մանր գետակները անբաւարար չափով ոռոգող չեն):

Առաջին մակարդակով, պէտք է որդեգրել այնպիսի մօտեցում, հորիզոն, որ սփիւռքեան գաղութներէն իւրաքանչիւրը դառնայ ինքնաբաւ, ինքզինք ապահովէ մնայուն եկամուտ(ներ)ով, հոգացուին դպրոցներու, մամուլի, միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու, այսինքն՝ գաղութին տարրական, ապա նաեւ զարգացման, բարելաւման կարիքները: Չենք խօսիր անիւի գիւտը ընելու կամ անիրականանալի երազներու մասին, այլ աչքի առջեւ ունինք այլ ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու (օրինակի համար՝ եկեղեցիներ) փորձառութիւնները, անոնց որդեգրած եւ օրէնքներուն համապատասխանող դրութիւնները:

Սփիւռքեան իւրաքանչիւր օճախի ինքնաբաւութիւնը, ապա նաեւ զարգացման, բարգաւաճման նախադրեալներու ստեղծումը, յաջորդ փուլին, պիտի ստեղծէ վիճակ, որ աւելի պիտի դիւրացնէ մէկզմէկու օգնութեան հասնելու կարելիութիւնները, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ հայրենիքին ձեռք երկարելու հնարաւորութիւնը (հոս ալ կարելի է աչքի առջեւ ունենալ այլոց փորձառութիւնները): Օրինակները հազուադէպ չեն: Արձանագրենք մէկ քանին: Լիբանան 1975ին բռնուեցաւ քաղաքացիական կոչուած պատերազմի մը ոլորապտոյտին մէջ, որ տարբեր արտայայտութիւններով այսօր ալ բազմերես տագնապի մէջ կը պահէ այդ երկիրը: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ սփիւռքեան օճախներ, մերթ ընդ մերթ նաեւ մայր հայրենիքը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի հայութեան, սակայն նաեւ գիտենք, որ սպասուածին հասնելու համար, մեր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը սահմանափակ են: Նման վիճակներու մատնուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի մեր օճախները, Իրանի գաղութը կը թուի աւելի ինքնաբաւ ըլլալ…: Սփիւռքը  նաեւ օգնութեան ձեռք երկարած է հայրենիքին, երկրաշարժէն ետք թէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ճամբով: Որքան ալ որ գովելի եւ հպարտառիթ են նման օժանդակութիւններ, գիտենք, որ անոնք մնացած են որոշ սահմաններու մէջ:

ՍՓԻՒՌՔԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ

Սփիւռքի պահպանման ու բարելաւման, բարգաւաճման համար, կան բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնց շարքին, առաջնահերթ են երկու երեսի յստակացում:

Եթէ այսօր հարց տանք, արդեօք ունի՞նք Սփիւռքի ամբողջական մօտաւոր քարտէսը, այսինքն՝ համայնապատկերը այն երկիրներուն ու շրջաններուն, ուր ունինք առաւել կամ նուազ չափով կազմակերպուած գաղութ (կրնանք հարցումը տարածել նաեւ «կորսուած», հայութեան ընդհանուր կեանքէն խզուած շրջաններու վրայ), կամ՝ Սփիւռքի մէջ քանի՞ հայ կը բնակի, ո՛չ ոք կրնայ ճշգրիտ պատասխան մը տալ (գիտական մօտեցումով պատասխանի մասին է խօսքը): Սովորաբար կ՛ըսենք, թէ Հայաստանի բնակչութեան թիւը շուրջ 3 միլիոն է, իսկ աշխարհի տարածքին, կ՛ապրի շուրջ 10 միլիոն հայ, այսինքն՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս կ՛ապրի մօտաւորապէս 7 միլիոն հայ: Այս թիւին «տրամաբանութենէն» դուրս կը մնան այլասերած, հայութեան կեանքէն խզուած, օտարացած, ձուլուած հայերը (հազուադէպօրէն ականատես կ՛ըլլան նմաններու վերազարթօնքին, հայութեան հետ կապերու վերահաստատման, սակայն անոնք ծաղիկ բերող գարուններ չեն): Կա՞յ մէկը, Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի տարածքին, որ իսկապէս գործնական աշխատանք տարած է, հաշուելու համար, թէ իսկապէս ի՛նչ է հայութիւն կոչուած զանգուածին այսօրուան թիւը, ատիկա ինչպէ՞ս բաշխուած է գաղութներու վրայ: (Բոլորովին այլ հարց է այն, որ եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ունենայինք հայօրէն ապրելու եւ զարգացում վայելելու տարրական նախադրեալները, այսօր հայութեան թիւը ո՞ւր հասած կ՛ըլլար):

Նման հաշուարկ՝ կը թուի անկարելի առաքելութիւն, ո՛չ միայն վիճակագրութեանց եւ պաշտօնական արձանագրութեան բացակայութեան, թերի ու մասնակի ըլլալուն պատճառով, այլ նաեւ առարկայական այլ տուեալներու հետեւանքով: Օրինակի համար, եթէ Լիբանանի պէս գաղութի մը մէջ, հայութեան թիւը իմանալը համեմատաբար դիւրին է (որովհետեւ ծնողն ու մահացողը կ՛արձանագրուին ազգային հաստատութեանց տոմարներուն մէջ, թէեւ հոն ալ գաղթողներուն թիւը ստուգելը դժուար է), անդին, արեւմտեան եւ այլ աշխարհներու մէջ, սա գրեթէ անկարելի է. ծնողներուն ու մահացողներուն արձանագրութիւնները կը պահուին պետական գրասենեակներու մէջ: Յետոյ, խառն ամուսնութիւնները շատ աւելի անհակակշռելի, հետեւաբար՝ հաշուարկներէ դուրս ինկող տուեալներ են (ծանօթ է, որ միջին արեւելեան օճախներու, նաեւ Թուրքիոյ մէջ ալ խառն ամուսնութիւնները անհամեմատօրէն աճած են): Այլ խօսքով, սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ ամբողջ Սփիւռքի մէջ, իր «դասական», նորաստեղծ եւ թաքուն միաւորներով, հայութեան մարդուժի տարողութիւնը կը մնայ մեծ անծանօթ մը: Իսկ Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն տեսանկիւնէն, նման տուեալի իմացութիւնը կրնար նպաստաբեր ըլլալ:

Կը հետեւի նաեւ, որ իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ՝ Սփիւռքի նիւթական ներուժը միայն մասնակիօրէն ծանօթ է: Չենք տարուիր այն երեւակայութեամբ, որ նման ներուժի ընդհանուր պատկերը կարելի է ունենալ գէթ մօտաւոր ձեւով, սակայն հոս ալ կը կանգնինք ուշագրաւ մարտահրաւէրի դիմաց: Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, կան ծանօթ, երբեմն ալ մէկ անգամ երեւցող բարերարներ, որոնք ձեռք կ՛երկարեն ազգային կեանքի այս կամ այն միաւորին: Մինչդեռ, եթէ տնտեսական աշխարհին մօտենանք տարբեր ակնոցով, մասնագիտական եւ արհեստավարժութիւն պահանջող տրամաբանութեամբ ուսումնասիրենք իւրաքանչիւր գաղութի՝ տուեալ երկրին ընձեռած կարելիութիւնները, նիւթական միջոցներու կեդրոնացումի, օրինական շահարկման ձեւեր որոնենք (ինչպէս կ՛ընեն ուրիշներ), հաւանաբար նիւթական կարելիութիւններով օժտուած անհատներ (որոնց կու տանք բարերար անունը) քայլ առ քայլ աւելի ներգրաւուին սփիւռքեան կարիքներէն բխող կալուածներու մէջ: Սա մեզ պիտի տանի հանգանակային, նուիրատուութիւններու վստահելու գործելաձեւէն քայլ մը (թերեւս ալ աւելի՛) անդին, պիտի ստեղծէ շահակցական գործառնութեանց դրութիւններ, ուր մասնակիցը հաւաքականութեան պիտի չմօտենայ լոկ նուիրաբերողի, բարերար ըլլալու տրամաբանութեամբ (այս տողերը թող չնկատուին ցարդ ի զօրու եղող դրութիւնը՝ բարերարութիւններ, նուիրատուութիւններ արհամարհելու, անկարեւոր նկատելու արտայայտութիւն. նման արարքներ միշտ ալ գոհունակութիւն կը պատճառեն եւ բարձր գնահատանքի արժանի են. մեր դիտաւորութիւնը այն է, որ այսօրուան եւ վաղուան աշխարհը ստեղծած են եւ պիտի ստեղծեն տարբեր մակարդակի հարկադրանքներ, որոնց հետ պէտք է քայլ պահել յառաջատուական տրամաբանութեամբ):

ԵՐԿՈՒ ՆՊԱՏԱԿ

Սփիւռքի պահպանումն ու զարգացումը, բարգաւաճումը ունին երկու հիմնական նպատակ: Առաջինը՝ իւրաքանչիւրին ինքնաբաւութեան, գոյութեան պահպանման ու զարգացման, բարելաւման (հայկականութեան հետ կապի իմաստով) հրամայականն է, իսկ երկրորդը՝ Մայր Հայրենիքին ու ազգի տարբեր կարիքներուն, պահանջներուն հասնիլը:

Կար ժամանակ, եւ ատիկա՝ Ցեղասպանութեան յաջորդող քանի մը տասնամեակներն էին, մինչեւ անցեալ դարու 40ականներու երկրորդ կիսուն եւ աւելի ուշ կազմակերպուած՝ ծաւալուն ու սահմանափակ ներգաղթերը, երբ հայութեան մէջ տիրապետող էր այն մտածողութիւնը, թէ Սփիւռքի ինքնանպատակ գոյութիւն չէ, Սփիւռքի հայուն գոյութիւնն ու վախճանական նպատակը՝ Մայր Հայրենիքն է, վերադառնալ գրաւեալ հողեր, հաստատուիլ այսօր Հայաստան կոչուած հողամասին վրայ, հոգ չէ թէ անիկա ամբողջական Հայաստանին մէկ փոքր մասնիկն էր:

Յետոյ, եւ մի՛շտ ալ սփիւռքեան կեանքին ապրած զարգացումներուն պատճառով (բացասական կամ դրական որակում չտանք այդ զարգացումներուն), հետզհետէ կազմաւորուեցաւ նոր մտածողութիւն, թէ՝ Սփիւռքը ունի երկու նպատակ. նախ՝ հասնիլ հայրենիքին, աչքերը սեւեռած պահել անոր, սակայն նաեւ վախճանական այդ նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ, Սփիւռքը ընդունիլ իբրեւ ապրող ու կենսական միաւոր (դարձեալ չմտնենք այն մանրամասնութեան մէջ, թէ Սփիւռքի ինչո՞ւ կարելի չէ մէկ միաւոր նկատել, այլ բազմաթիւ միաւորներու գումար մը), Սփիւռք մը՝ որ պէտք է ինքն իրեն ու հայկական աշխարհին նայի նախկինէն տարբեր տրամաբանութեամբ, դատողութեամբ, ընդունի, որ կամքէ անկախ պայմաններով գոյառած Սփիւռքը ցնոր տնօրինութիւն մշտական ներկայութիւն է ու պիտի մնայ հայութեան կեանքին մէջ: Եթէ մատնանշուած՝ յետ-Ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներուն, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութիւնը առաւելաբար կը սահմանափակուէր հայութեան թիւի պահպանումով, հաստատութեանց հոգացումով եւ լեզուի, պատմութեան եւ յարակից բաներու իմացութեան սահմաններուն մէջ, հետզհետէ զարգացաւ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութեան նոր՝ աւելի բազմաճիւղ ըմբռնումը: Զուգահեռաբար, եւ տարուէ տարի, մեր քաղաքական մտածողութեան եւ գործին տարածման իբրեւ արդիւնք, հասկցանք, որ Սփիւռքի գոյատեւումը որքան կարեւոր է (եղեր) Մայր Հայրենիքին ու ազգին կարիքներուն, պահանջներուն դիտանկիւնէն: Երկրաշարժէն, Արցախեան շարժումէն եւ անկախութեան վերահաստատումէն շատ առաջ, մեր իրաւատիրութեան պայքարի դաշտերը ընդարձակուեցան, պայքարը դուրս եկաւ յիշեալ՝ առաջին տասնամեակներու նեղ շրջագիծէն:

Այնպէս եղաւ, որ մեր Դատին հետապնդման աշխատանքը առաւելաբար դարձաւ սփիւռքեան «մենաշնորհ», որովհետեւ, գիտե՛նք, խորհրդային օրերուն՝ Հայաստանի պետական հաստատութիւնները անկարող էին միանալու այդ աշխատանքներուն: Կարելի չէ մոռնալ եւ արհամարհել այն անուղղակի եւ իսկապէս յեղաշրջական գործը, որ տարուեցաւ յետ-ստալինեան ժամանակաշրջանին: (Իսկ թէ անկախութեան վերահաստատումէն ետք ի՞նչ կարելի էր ընել, ի՛նչ պէտք է ընենք այսօր՝ բոլորովին այլ հարց է, նման հարց արծարծելը, դժբախտաբար, կը դիտուի «կը քաղաքականացնեն»ի ծուռ հայելիով: Նպատակ չունինք այստեղ բանալ այդ «Բիւզանդական վէճ»ին էջը):

Բոլորս ալ ծանօթ ենք, որ անկախութեան վերահաստատումէն առաջ, Ցեղասպանութեան 50ամեակի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ետք, Սփիւռքը ինչպիսի՜ վիթխարի աշխատանք տարած է մեր Դատի ծանօթացման եւ մեր իրաւունքներուն ճանաչման, հաստատման մարզին մէջ, եւ այդ աշխատանքը տարածուած է աշխարհով մէկ, զուրկ՝ պետական յենարանէ: Անկախ պետականութեան վերահաստատումէն ետք ալ, Սփիւռքի վսեմ առաքելութիւններէն մէկը մնաց եւ է՛ մեր Դատին հետապնդումը: Վերջին երեք տասնամեակներուն արձանագրուած արդիւնքներն ալ վաւերագրուած են եւ ամրագրուած՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ: Ըսել կ՛ուզենք, որոշ դիտանկիւնէ Սփիւռքը ինքնանպատակ-ինքնաբաւ դարձնելու դիտաւորութեան զուգահեռ, մեր ժողովուրդը ապրեցաւ ՍՓԻՒՌՔԸ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հասկացութեան բազում արտայայտութիւնները, կենսափորձը:

Երեւակայութեան վստահելու պէտք չունինք, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ նիւթապէս եւ կազմակերպուածութեամբ՝ այսօրուան վիճակէն շատ աւելի հզօր Սփիւռք մը որքա՛ն աւելի մեծ ծառայութիւն պիտի մատուցէ հայրենիքին (կրկնենք՝ անցնելով սեփական կարիքներու բաւարարման մակարդակէն անդին), որքան ըրած է մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալին:

Դարձեալ կանգ առնենք մեր օրերու փորձին վրայ: Արցախը, 44օրեայ պատերազմին, անկէ առաջ եւ անկէ ասդին, թիրախ կը մնայ մեր դարաւոր թշնամիին սպառնալիքներուն, կը գտնուի մասնակի կամ ամբողջական անէացման վտանգին տակ (նորագոյն իրադարձութիւններուն մէջ չմտնենք, ո՛չ ալ «քաղաքականացում»ի դաշտ փոխադրենք քննարկումը, հակառակ անոր, որ վիճակին քաղաքականացումը, աշխարհաքաղաքական հորիզոններու դիմաց դիտելը տարիներէ ի վեր կը պարտադրուի մեզի): Յիշենք Սփիւռքի պատմակշիռ դերը, երբ աւելի քան տասը տարի առաջ հայութեան եւ Հայաստանի պետութեան գլխուն վերեւ կախուեցաւ «փրոթոքոլներ»ու «Դամոկլեան սուր»ը: Հայաստանի ժողովուրդին չափ, անկէ ալ աւելի՛ մեծ  ուժականութեամբ շարժեցաւ Սփիւռքը եւ կարեւոր գործօն մը եղաւ վնասաբեր ուղիին խափանման (չենք արհամարհեր այլ տուեալներ, ազդակներ): 44օրեայ պատերազմի օրերուն, Սփիւռքը դարձեալ շարժեցաւ, թէեւ ո՛չ անհրաժեշտ տարածութեամբ, աշխարհի ուշադրութիւնը առաջնորդելու համար թուրք-ազերիական ոճիրներուն վրայ: Անկէ ետք, Սփիւռքի դերակատարութիւնը կը մնայ շատ աւելի սահմանափակ, հակառակ Հայ Դատի եւ նման միաւորներու ի գործ դրած ճիգերուն (կարեւոր մանրամասնութիւններ են տարբեր հզօր պետութիւններու մօտ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի ձեռք բերուած շօշափելի արդիւնքները): Այս ծիրին մէջ, Սփիւռքը հաւատարիմ է իր դերին, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ մայր հայրենիքին ու անբաժանելի Արցախի (անկախ հայրենի իշխանութիւններուն ծանօթ դիրքորոշումէն եւ վարքագիծէն): Ահա թէ նաեւ ո՛ւր պէտք է փնտռել հզօր ու կազմակերպ Սփիւռքի մը դերը՝ համահայկական դաշտերուն մէջ: Այդ դերը այսօր շատ աւելի շեշտուած է, երբ աչքի առջեւ բերենք հայրենի հողերուն պատառ-պատառ կորուստը, թշնամիին հանապազօրեայ ոտնձգութիւններն ու արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստները:

Իսկ մեր Դատին դաշտը միակը չէ, ուր Սփիւռքը դերակատար եղած է ու կը մնայ: Սա արձանագրեցինք իբրեւ բազում օրինակներէն մէկը, իբրեւ հրատապ եւ շարունակուող դերակատարութեան օրինակ:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վերի տողերուն մէջ մեր կատարած քննարկումն ու արձանագրած մտածումները համապարփա՞կ են կամ սպառի՞չ:

Անշուշտ թէ ո՛չ: Այս ուրուագծային տողերը արձանագրեցինք այն մօտեցումով, որ Սփիւռքի հարցերուն, անոր դիմաց բարձրացող հրամայականներուն մեր մօտեցումը ինչպիսի՛ ընդարձակ հորիզոններով պէտք է դիտել, անկախ անկէ, թէ այս կամ այն ենթաբաժանումին մէջ (լեզուի պահպանում, դպրոցներ, ազգային հաստատութիւններ) այսօր ինչպիսի մասնագիտական քննարկումի կը կարօտինք, մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար ինչպիսի նախադրեալներ պէտք է ապահովենք, մարտավարութիւն մշակենք եւ մեր տեսողութեան դաշտերը ինչպիսի հորիզոններու պէտք է բանանք:

Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է այն, որ մեր քննարկումները մտնեն գործնական եւ յառաջատուական փուլ, երբեմն լաւ սկսուած աշխատանք մը կիսատ չթողունք եւ քանի մը տարի ետք, նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը դիմենք՝ մոռնալով նախկինը, առաւել կամ նուազ չափով ձեռք բերուածները: Պէտք է անցնինք տարեկան տեղագիրները պարզապէս արձանագրութիւններով հարստացնելու «սիրողական» հոգեբանութենէն անդին, արհեստավարժ աշխատանքին տանք շէնք մը քար առ քար կառուցելու ընթացքը, ուր ամէնէն փոքր քարն անգամ իր տեղն ու դերը ունի կառոյցին բարձրացման եւ ամրացման մէջ:

Հայութիւնը ունի ներուժ, հնարաւորութիւններ, կարողականութիւն, որ լայն ու գիտական մօտեցումով անհրաժեշտ ուշադրութեան, քննարկումի չէ արժանացած: Մեր նշումները միայն մէկ մասն են պահանջուածին, որուն հասնելու համար, կարեւոր են ինքնաճանաչում, Սփիւռքին ամբողջական իրազեկում, գիտակցութեան զարգացում, բայց մանաւանդ «մէկը բոլորին համար, բոլորը մէկուն համար» տեսութեան այժմէականացումը՝ համաձայն Սփիւռքի հզօրացման եւ հայրենիքին հետ կամուրջներու ամրապնդման: Յաճախ կը հնչեն աւաղումներ, թէ «որքա՜ն ուշացած ենք մեր առաքելութեան կատարման մէջ»: Պատմութիւնը անվերջանալի շարունակութիւն մըն է, չի սիրեր «ուշացած ենք»ով անգործութեան մատնուողը, կրաւորականութեան դիմողը: Գործնական շօշափելի քայլ կրնայ ըլլալ, օրինակի համար, մասնագէտներէ բաղկացած ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ միաւորի մը կազմութիւնը (ո՛չ այն սահմաններուն մէջ, որուն մասին յաճախ այլապէս օգտակար առաջարկներ հրապարակ կը նետուին եւ… շուտով կը մոռցուին), որ գործէ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մը տրամաբանութեամբ եւ հայեցակէտով, հեռու՝ ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներէ, ստեղծէ աշխատանքի այնպիսի ծիր մը, որ լաւագոյնս օգտագործէ հայրենի պետութեան (հոս ալ զատորոշենք պետութիւնը՝ իշխանութենէն) կարողականութիւնները:

Չանտեսենք: Մինչեւ այսօր շատ բան ըրած ենք ու արձանագրած՝ «լաւ ըրած ենք»ի ցանկին վրայ: Գիտենք, որ ինքնաբաւութիւնն ու տեղքայլը նահանջ կը նշանակեն ու ներելի չեն, մինչդեռ աշխարհն ու Հայ Կեանքը մեզ՝ բոլորս, Սփիւռքով ու հայրենիքով միասին, դրած է ճակատագրական վիճակներու, անոնց հետ քայլ պահելու հրամայականին դէմ յանդիման: Չենք կրնար նահանջել կամ աչք փակել բազմացող մարտահրաւէրներուն դիմաց: Մանաւանդ իրաւունք չունինք կրաւորական մնալու մէկ կողմէ՝ Սփիւռքի հալոցներուն, միւս կողմէ՝ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու թուլացման փորձերուն, իսկ նոյնքան կարեւոր ճակատի մը վրայ՝ Սփիւռքի անփոխարինելի յենարանը (նաեւ ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի պայքարին հիմնաքարը) եղող՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն դիմաց:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031