Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վարչապետ Փաշինեան, իշխող վերնախաւը եւ քաղաքական այլ ուժեր ձախողած են հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասելու առաքելութեան մէջ, բան մը` որ հրամայական մը պէտք է ըլլար մեծագոյն կորուստներէն ետք. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Օգոստոս 09,2022 11:39
hyd

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն

Արցախի Բերձոր շրջանի (Լաչին) Աղաւնոյ գիւղի բնակիչներուն միայն քանի մը շաբաթ տրուած է հաւաքելու իրենց ստացուածքները եւ հեռանալու իրենց գիւղէն` դառնալով գաղթականներ եւ, ցաւալիօրէն, նորագոյն զոհերը աշխարհաքաղաքական խաղերուն:

Այս մէկը անակնկալ մը չէր, որովհետեւ 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը կը նախատեսէր Բերձորի յանձնումը, սակայն, դժբախտարաբար, իրադարձութիւնները այնպէս ընթացան, որ անտեղի կերպով վտանգներ ստեղծեցին շրջանի բնակչութեան համար, որ այժմ կը գտնուի իր կեանքը ակնթարթի մը մէջ արմատականօրէն փոխելու պարտադրանքին տակ:

Մինչ մեր դարաւոր թշնամիներուն հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելը եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելը ողջունելի եւ խոհեմ քայլեր են, սակայն կարելի չէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ բնականոնացնել` առանց երաշխաւորելու Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը ու անոր տարրական իրաւունքները եւ ազատութիւնները:

9 Նոյեմբերի պարտուողական եւ վտանգաւոր համաձայնութիւնը կնքելէն ի վեր, Ատրպէյճան ռազմական յարձակումներով եւ բռնարարքներով կը շարունակէ սպառնալիքներու տակ պահել Արցախի եւ Հայաստանի բնակիչներուն կեանքը, իսկ 2000 հոգինոց ռուսական խաղաղապահ զօրքը կա՛մ անկարող է իր պարտականութիւնը ամբողջութեամբ կատարելու, կամ ալ Ատրպէյճանի եւ անոր ռազմական ու բարոյական աջակցութիւն տրամադրող Թուրքիոյ պահանջներուն դէմ չդնելու հրահանգներ ստացած է իր վերնախաւէն, անմեղ զոհերու պատճառ դառնալով:

Այս մէկը յստակ դարձաւ յատկապէս վերջերս, երբ Պաքուի իսկ կողմէ հաստատուած ատրպէյճանական յարձակումին պատճառով սպաննուեցան երկու հայ զինուորներ եւ վիրաւորուեցան 19 ուրիշներ, որմէ ետք Արցախի խորհրդարանի կուսակցութիւնները պահանջեցին խաղաղապահ զօրքէն, որ իր պարտականութիւնը կատարէ:

Հայաստան եւ Արցախ կը գտնուին համաշխարհային աշխարհաքաղաքական պատերազմի մը մէջ, որուն դերակատարներն են շրջանի բոլոր գլխաւոր ուժերը, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի վաղեմի հակամարտ ուժերը: 44օրեայ պատերազմին ընթացքին կրաւորական դիրք որդեգրած Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները այժմ սկսած են միջամտելու որոշ փորձեր կատարել, որպէսզի այդ միջոցաւ կարենան լուսանքայնացնել տարածաշրջանին մէջ իրենց թշնամիները` Իրանը եւ Ռուսիան:

Իր կարգին, Ռուսիա, որ իր կարելին չըրաւ պաշտպանելու համար Արցախի ժողովուրդը, սկսած է յառաջ մղել շրջանին մէջ իր շահերը: Միւս կողմէ, Թուրքիա աշխուժացուցած է իր համաթուրանական ծրագիրները իրականացնելու ջանքերը:

Աշխարհաքաղական այս թէժ պայմաններուն մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի հարցերը առաջնահերթութիւններ չեն, այլ, ընդարձակ պրիսմակէ մը դիտուած, խոչընդոտներ են, որոնց վերացուիլը ապահովելու համար, իւրաքանչիւր կողմ իր մօտեցումը ունի: Ուքրանիոյ տագնապը կողմերու դիրքերը աւելիով յստակացուցած է:

Վերջին երկու տարիներու իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իշխող վերնախաւը եւ քաղաքական այլ ուժեր ձախողած են այս պայմաններուն մէջ հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասելու առաքելութեան մէջ, բան մը` որ հրամայական քայլ մը պէտք է ըլլար արդի հայոց պատմութեան մէջ մեր կրած մեծագոյն կորուստներէն ետք: Ընդհակարակը, կողմերը ամէն առիթով ցոյց տուած են, թէ քաղաքական կամքը եւ լրջախոհութիւնը չունին երկրին քաղաքացիները համախմբելու համար:

Յետ-պատերազմեան իրականութիւնները բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած են ոչ միայն Հայաստանը եւ Արցախը, այլ` ամբողջ հայ ազգը:

Վերջին գրեթէ երկու տարիներուն, Հայաստանի մէջ քաղաքական բեւեռացումը նոր բարձունքներու հասած է, բան մըոր նեղ կացութեան մատնած է Հայաստանի բնակչութիւնը, որ մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ պատերազմէն ետք բնականոն կեանքի վերադառնալու դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ հայութիւնը եւ հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու համար կը ջանայ միացեալ ճակատ մը կազմել, ի մի բերելով բնակչութեան տարբեր հատուածները:

Ժամանակը հասած է, որ վարչապետը, իր կառավարութիւնը եւ քաղաքական ուժերը մէկ կողմ դնեն իրենց անմիջական եւ հիմնական տարակարծութիւնները եւ սկսին ներկայ իրականութեան մօտենալու աւելի ընդարձակ` ազգային եւ աշխարհաքաղաքական ակնոցով, լաւագոյնս օգտագործելով ազգային մեր հարստութիւնները, որոնց կարգին է Սփիւռքի հարուստ ներուժը, որպէսզի մշակուի եւ գործադրութեան դրուի Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւններուն ու համայն հայութեան համար նպաստաւոր ծրագիր մը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031