Ամերիկեան Foreign Policy թերթին մէջ Մեքսիմիլիըն Հեսի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ վերլուծական մը, որուն մէջ կը մատնանշուի, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի կանխել Արցախի երրորդ պատերազմը, պէտք է բանակցութիւններու նոր ձեւաչափ մը փնտռէ:
«Արդեօք Նոր Պատերազմը Պիտի Կործանէ՞ Ատրպէյճանի Կազին Վերաբերեալ Եւրոպայի Երազները» խորագրեալ ծաւալուն յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ Ռուսիոյ՝ Ուքրանիա ներխուժելէն ի վեր, Ատրպէյճան դարձած է Ռուսիա-Արեւմուտք տնտեսական պատերազմի առանցքային ճակատը՝ իր քարիւղի եւ կազի հսկայական պաշարներուն շնորհիւ:
«Ատրպէյճան կը գտնուի Ռուսիայէն Եւրոպայի ուժանիւթի կախուածութիւնը թօթափելու ջանքերու հիմքին», կը գրէ վերլուծաբանը, ըստ որուն՝ 2020ի պատերազմէն շուրջ երկու տարի ետք, մարտերու բռնկումը հերթական նշանն է, թէ Ատրպէյճանի նկատմամբ Արեւմուտքի մօտեցումը պիտի ձախողի: Արդարեւ, Արեւմուտքը ռազմավարութիւն մը չունի Արցախի մէջ հակամարտութեան վտանգին դէմ պայքարելու համար: Հակառակ կազի ներածումը աճեցնելու վերաբերեալ լաւատես խօսակցութիւններուն, վերլուծաբանը այդ նպատակները ներկայիս իրատես չի համարեր՝ առնուազն այն պատճառով, որ Ռուսիոյ կողմէ չվերահսկուած խողովակաշարը բաւարար կազ չի կրնար փոխադրել:
Ստեղծուած իրավիճակը սպառնալիքը կը մեծցնէ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապի մը տեսակէտէն, նոյն ժամանակ ապահովական տագնապը սրելով Կովկասի մէջ եւ հզօրացնելով Ռուսիոյ դիրքը: Ըստ վերլուծաբանին՝ եթէ Արեւմուտքը Արցախը ձգէ Պաքուին, Հայաստանի մէջ ամենայն հաւանականութեամբ իշխանութեան պիտի վերադառնան այն յետադիմական, ռուսամէտ ուժերը, որոնք Փաշինեանի ղեկավարութեան նախորդած վարչախումբերու ներկայացուցիչներն են: Այդ պարագային, կը գրէ ան, Ռուսիոյ «խաղաղապահ»ները կրնան նաեւ Ալիեւին զիջումներ պարտադրել, ինչ որ Եւրոպայի համար ուժանիւթի յաւելեալ մատակարարումներու որեւէ յոյս կը վերացնէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կ՛ամրապնդուի Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը:
Կարդացեք նաև
Հես կ՛առաջարկէ փոխել Արեւմուտքի վերաբերմունքը Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ աւելցնելով. «Այս դժուար, բայց ոչ անկարելի հարց է: Դիւանագիտութիւնը դժուար կ՛ըլլայ, բայց Պաքու այնքան կը սիրէ կանխիկ դրամը, որ…»:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում: