Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զուգադիպութի՞ւն, թէ պայմանաւորուածութիւն

Օգոստոս 07,2022 10:25

Թշնամին նոյնիսկ չյարգելով 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրը, Արցախի Քաշաթաղի շրջանին մէջ քանի մը օր առաջ նախայարձակ եղաւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով, դժբախտաբար դարձեալ ունեցանք մարդկային սուղ կորուստներ եւ վիրաւորներ:

Այս սադրիչ գործողութիւնները «զուգադիպեցան» Հայաստանի կառավարութեան որոշումին հետ, որն էր Արցախէն տարհանել Հայաստանի մէջ գրանցում ունեցող ժամկէտային բոլոր զինծառայողները: Հայաստանի բանակայիններուն տարհանումէն ճիշդ մէկ օր յետոյ Ազրպէյճանը իր յարձակումը գործեց այն դիրքերուն վրայ, ուր բնականաբար տեղեկայուած էին ՀՀ-էն մեծ թիւով զինուորներ, որոնք վերադարձած էին արդէն Հայաստան…

Զուգադիպութի՞ւն էր այս, թէ պայմանաւորուածութիւն, իր պատկանելիութեամբ արդէն շատոնց անհասկնալի ու կասկածելի՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թշնամիին միջեւ,  պատմութիւնը անշուշտ օր մը պիտի բացայայտէ անշուշտ: Մինչ այդ սակայն, Արցախն ու իր քաջարի բնակչութիւնը իր անզիջող բանակով մէկտեղ այսօր ձգուած են իրենց ճակատագրին…:

Աւելին, մինչ հայաստանեան ուժային կառոյցներ դատարկած են Արցախի դիրքերը, Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակման նոյն գիշերը մեծ թիւով  ոստիկանական ուժեր բերուեցան Հայաստանի կառավարութեան շէնքին դիմաց, այնտեղի «հայը» պաշտպանելու հայերէն…:

Ի դէպ, ազրպէյճանական կողմը հրադադարը խախտած էր դարձեալ կիրառելով նռնականետեր եւ ԱԹՍ-ներ: Այսինքն, այն նոյն ռազմական թեքնոլոճին, որ կիրառեր էր 44օրեայ պատերազմին: Այդ պահուն հակադարձելու համար եթէ ամօթալի կերպով պատրաստ չէինք, ապա այսօր, եւ այդ չարաբաստիկ թուականէն երկու տարի անց պատրաստ չըլլալը, ոչ միայն ամօթալի է եւ անընդունելի, այլ նաեւ նման անպատրաստուածութիւն ուղղակի մեղսակցութիւն է թշնամի բանակին հետ…:

Իբր թէ արբանեակներ արձակող  Հայաստանը (որուն մասին ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ եղած էին ամիսներ առաջ ընկերակցուած իշխանութեան փոփուլիստական պոշպողազութեամբ) ըստ ռազմական տրամաբանութեան, վերջին նախայարձակումին մասին արբանեակային համակարգով պէտք է ստանար ազրպէյճանական դիրքերուն եւ օդը բարձրացուած պայրաքտարներուն մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնցմով ալ հայկական  Հակաօդային Պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զէնքերու համակարգով պիտի կարողանար առանց մեծ ճիգի ոչնչացնել թշնամիին այդ կրակակէտերը, եւ խնայել մեր լոյս տղաներուն անտեղի կորուստը:։

Այստեղ հարցումը հետեւեալն է. ի՞նչ կ՛ընեն հայկական թէական արբանեակները տիեզերքին մէջ։ Որո՞ւն կը ծառայէն, ինչո՞վ զբաղած են, եթէ բանով մը զբաղած են իհարկէ:

Վերի նկարը, վերջերս ազրպէյճանական ընկերային  ցանցերուն վրայ շրջանառուող ազրպէյճանական զինուորական համազգեստի թեւանկարի (patch), նմոյշ մըն է, որուն վրայ պատկերուած է Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Էնվեր փաշան, ընկերակցուած հայ ժողովուրդը վարկաբեկող տողով մը: Արդարեւ, ան լաւագոյն օրինակն է Հայաստանի  այսօրուայ անփառունակ իշխանութեան յայտարարած «Խաղաղութեան դարաշրջանի» հերթական «դրական ազդակ»-ին: Տուեալ իշխանութիւնը ամէն գնով որոշած է խաղաղութեան մասին խօսիլ անոնց հետ, որոնք եկած են ամէն գնով մեզի սպանելու…:

Եւ մինչ ըստ տարածուած՝ տակաւին չհաստատուած տուեալներու, Արցախի իշխանութիւնները Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակչութեան փոխանցեր են, որ մինչեւ Օգոստոսի 25-ը պէտք է լքեն իրենց տուները, քանդեն իրենց գերեզմաններն ու հարազատներու շիրիմները տեղափոխեն նոր բնակավայր, մեզի կը մնայ հասկնալ հետեւեալ ցաւալի իրականութիւնը.

Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան, ուր հայրենասէր հայը իր իսկ երկրին մէջ դարձած է ազգային փոքրամասնութիւն, մինչ ազգային արժէքները ոտնահարող ամբոխը իր իշխանութեամբ մէկտեղ,  իրենց անհեթեթութեամբ, անհոգութեամբ, մեղսակից դաւաճանութեամբ, եւ ամէն ինչի վրայ թքած ունենալու հոգեվիճակով ու գործելաձեւով կ՛ապրին իրենց «ոսկեդարը»:

 

Սևակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031