Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՔՊ-ական ղեկավարութիւնը անցած է բազմաթիւ կարմիր գիծեր. «Հայրենիք»

Օգոստոս 06,2022 09:30

Եւ այսպէս, «առանց նախապայմաններու», առանց մինչեւ իսկ Երեւանի մէջ լաւապէս պատրաստելու Հայաստան-Թուրքիա հաշտութեան պատշաճ թղթածրարը, իրենց երկիրներու ղեկերուն բազմած հայեր եւ թուրքեր գործի լծուեցան հաշտութիւն կնքելու ախորժակով: Հոս յստակ պէտք է ըլլայ, որ Հայաստան-Թուրքիա ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ըստ էութեան կը վերաբերի խումբ մը հայ եւ թուրք անհատներու միջեւ առանց պայմանի հաշտութեան: Ու եթէ թրքական կողմը այս սեղանին կը մօտենայ իր դարաւոր, պետական-կայսերական ծրագիրները իրականացնելու խանդով, հայկական կողմէ նոյն սեղանին կը նստին «խաղաղութեան համար մինչեւ իսկ Արցախն ու Հայաստանը զիջելու» տրամադրութեամբ, այնքան ատեն, որ (եթէ պէտք ըլլայ) թրքական կողմը պահպանէ այս իշխանաւորներուն՝ ղեկին մնալը: Եւ արդէն այդ ցոյց կու տայ թուրք-ատրպէյճանական ճակատին խօսքն ու գործը…

Ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, շինծո՛ւ տպաւորութիւնը, թէ գործընթացը հեզասահ կ՛ընթանար, սակայն ահաւասիկ Անգարան, պարզ ու մեկին, հաստագիր գծիչով նոր կարմիր գիծ մը սահմանեց՝ արդէն իսկ կարմիր գիծեր կտրած եւ այդ ճամբուն իրար գերազանցած Երեւանի իշխանաւորներուն դիմաց: Ու դարձեալ… «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է կարմիր գիծը: Մարդիկը առանց տատամսելու կ’ըսեն. այնքան ատեն, որ այս միջանցքը փակ կը մնայ, թրքական կողմին համար խօսակցութիւնները փակուած կամ ընդհատուած կը նկատուին: (Պահ մը չի խօսուիր Ցեղասպանութեան գծով մեր պահանջատիրութեան եւ այլ իրաւունքներու մասին):
Մինչ այդ, թրքական պատուիրակութեան պետը՝ Ուաշինկթընի մօտ նախկին դեսպան, փորձառու եւ վեթերան դիւանագէտ Սերտար Քըլըչ այցելած է Կարս, սահմանին մասին գետնի վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարելու: Ասդին, Երեւանի խմբակին պետը՝ Ռուբէն Ռուբինեան ու անոր հետ գործողները արդեօք տեղեա՞կ էին, թէ վերջերս, թուրք անծանօթ «պլոկըր» մը տեղադրած է յիշատակի լուսանկարներ՝ Ծիծեռնակաբերդին մէջ, համաթուրանական գորշ գայլերու մատնանշանով, կամ այն, որ Սեւանայ լիճն ու Երեւանի այս կամ այն թաղամասը կը հռչակուին «պատմականօրէն ազերիական» (յիշատակենք միայն այսքանը):

Նմանօրինակ՝ գորշ-գայլական ցուցական արարք մը ամիսներ առաջ կատարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն, Մոնթեվիտէոյի մէջ, որմէ հաւանաբար տեղեակ են սուրբգրային տիպարներէն՝ Զաքարիա քահանային պապանձումը կապկող Ռուբինեանն ու իր խմբակը, նաեւ պապանձում նախընտրող՝ Արարատ Միրզոյեանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մինչդեռ ոչ զարմանալիօրէն, Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս բողոքած էր… Երեւանի փոխարէն: Չմոռնանք, որ Ուրուկուայի կառավարութիւնը Հայ Դատի ջերմ պաշտպաններուն մէկ դրօշակիրը եղած է նորագոյն դարաշրջանին։ Իսկ Երեւանի իշխանաւորները խորշանք կը զգան Հայ Դատին ծառայողներէն (փորձառու եւ տարիներ շարունակ ծառայած ղեկավարէն մինչեւ պարման-պարմանուհիներ), արգելք հանդիսանալով, որ նոյնիսկ հայրենիք մուտք գործեն։

Հայորդիին համար պէտք է յստակ ըլլայ, թէ «քալող» ՔՊ-ական ղեկավարութիւնը անցած է բազմաթիւ կարմիր գիծեր (դժուար է հաշիւը պահելը…): Հայորդիին համար ժամանակն է (միշտ ալ ուշացած ենք, յամենայնդէպս) տեսնելու այդ կարմիր գիծ(եր)ը եւ ըստ այնմ ընդվզելու, բողոքելու եւ հայրենիքը փրկելու կործանումէ, մաս առ մաս կորուստէ:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031