Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր սրբատեղիները պղծել փորձողների մուտքն արգիլող օրէնքի առաջարկներ ունի՞ն արդեօք. ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը խստացնելու ԱԱԾ-ին առաջարկը և «գորշ գայլը». Սեւակ Յակոբեան

Հուլիս 29,2022 17:15
passport

Մինչ Հայաստանի մէջ կը վխտան ամէն տեսակի ու պատկանելիութեամբ անյստակ կամ կասկածելի այսպէս կոչուած բնակիչներ եւ զբօսաշրջիկներ, նոյնիսկ մշտական կեցութեան արտօնագիր ունեցող անձիք, ի մեծ զարմանս ինծի, բոլորին նման տեղեկացայ որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը: Նշեալ հրապարակումով, տուեալ մարմինը կ՝առաջարկէ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կարգի գործընթացը խստացնել, շարք մը տրամաբանական թուացող սակայն խորքին մէջ  նաեւ տարօրինակ հիմնաւորումներով:

Սկսելու համար նախ ըսեմ, որ «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի փոփոխութեան առաջարկ մը ակնկալելի է օրէնսդիրի մը կողմէ, որ բնականաբար պէտք է անցնի խորհրդարանային  ու սահմանադրական գործընթացէ: Ոեւէ երկրի ԱԱԾ-ին բնական պարտականութիւնն է ստուգել քաղաքացիութեան համար հայց ներկայացուցած անձին պատկանելիութիւնը, կենսագրականն ու անձնական տուեալներու ենթահողը, եւ իր կողմէ ներկայացուած տեղեկանքի մը հիման վրայ տուեալ անձին ըստ օրինի կը շնորհուի քաղաքացիութիւն կամ պարզապէս կը մերժուի: Այս ընելու համար, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը արդէն իսկ ունի իրեն համար սահմանուած ժամանակամիջոցը, որուն ընթացքին այս դարուս կարելի է ամէն հետաքննութիւն հասցնել ընել պարզելու տուեալ անձին ինքնութիւնն ու ենթահողը: Յոռեգոյն պարագային կարելի է նաեւ տուեալ ժամանակամիջոցը երկարել փոխանակ թղթաբանական ու պիւրոքրաթական, երբեմն ալ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելու:

Ամէն պարագայի, Հայաստանի ԱԱԾ-ն իր վերոյիշեալ առաջարկը փորձած է հիմնաւորել հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «… «Քաղաքացիութեան մասին» գործող օրէնքին նպատակըհայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներու կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ հայ հանդիսանալու հանգամանքով պայմանաւորուած ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուած մը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն եղած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ «Իսկ որոշ պարագաներու ժամանած են միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, իբրեւ կանոն, չեն իրականացներ հայանպաստ գործունէութիւն։ Բացի այդ, եղած են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք՝ ՀՀ քաղաքացիի անձնագրերը օգտագործած են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»։ Աւելին, ԱԱԾ-ն կ՛առաջարկէ սփիւռքահայի մը քաղաքացիութիւն տալու համար պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:  ԱԱԾ-ն յանգած է այն եզրակացութեան, որ հայերու համար սահմանուած խրախուսող չափանիշները փաստացի ոչ ամբողջապէս կ՝ապահովեն օրէնքով ներդրուած նպատակներու իրականացումը: «Ակնյայտ է, որ օտարերկրեայ պետութիւններու պարագային, յատկապէս առանձին պարագաներու ներքաղաքական սուր լարուածութեան եւ ռազմական գործողութիւններու գօտիներու մէջ, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ սահմանափակ միջոցներով, կարճ ժամկէտներու մէջ ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձի ներկայացուցած կենսագրական տուեալներու, ներառեալ` հայ ըլլալու փաստի արժանահաւատութեան անհրաժեշտ խոր եւ բազմակողմանի ստուգում իրականացնելը յաճախ անիրատեսական կը դառնայ»,- նշուած է հիմնաւորման մէջ։

Երեւութապէս տրամաբանական հնչող վերոյիշեալ հիմնաւորումներու փորձը սակայն կը մնայ դերի, դաւադրութեան տեսութիւն կամ մարդոց միտումները դատելու անարդար փորձ, երբ տուեալ պատճառաբանութիւնները չափազանց ընդհանրացուած են եւ չունին զայն արդարացնող այսպէս կոչուած ուսումնասիրութիւններուն թափանցիկ հրապարակումը: Մինչ անդին կան գուցէ դարձեալ դերի ուսումնասիրութեան մը տուեալներով մեծ թիւով սփիւռքահայեր, որոնց համար տրուած քաղաքացիութիւնը չափազանց զգացական է: Շատ մը հայորդիներ հիմնուելով անոր վրայ եկած, հաստատուած են Հայաստան, տուներ հաստատած, հայկական ընտանեկան բոյներ կազմած, գործեր բացած ու շատ յաճախ տեղւոյն գործի բարոյականի մշակոյթին մէջ դրական փոփոխութիւն մտցուցած եւ երկրին մէջ աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծած են:

Շարունակելու համար, նաեւ պէտք է շեշտել, որ հայորդիի մը Հայաստանի պետութեան կողմէ քաղաքացիութիւն տալը շնորհք մը պէտք չէ համարուի: Աւելին, սահմանադրութենէ եւ օրէնքէ անդին, իւրաքանչիւր հայորդիի համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրելը իր արեան իրաւունքն է եւ պէտք չէ քաղաքական պազարի, քմայքի կամ պահի մը տակ ծագած ենթադրութիւններու կամ հաշիւի զոհը ըլլայ:

Կը մնայ այստեղ բարձրաձայն խորհրդածել հետեւեալները.

Ա. Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր ենթակայ պատկան մարմիններուն կողմէ կա՞յ նոյնքան փութկոտութիւն իր իսկ քաղաքացին իր երկրին մէջ պահելու, մինչ դժգոհ է, որ նոր քաղաքացիութիւն ստացողներ ենթադրաբար անձագիրը ստանալէ ետք լքած են երկիրը:

Բ. Ներկայ իշխանութեան այն խոշոր յայտարարութիւնը, թէ 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի հասցնեն 5 միլիոնի, նման խոչընդոտումներո՞վ է, որ պիտի իրականան, թէ նկատի ունին ոչ հայերով բնակեցում…:

Գ. Քաղաքացիութիւն ստացած եւ յետոյ երկիրը իբր թէ ձգածներու (առանց թիւի ու հրապարակումի) վիճակագրութեան մասին խօսող ԱԱԾ-ն, ինչո՞ւ չի ծրագրեր,  կամ չի հրապարակեր նմանօրինակ վիճակագրութիւն մը այս անգամ ալ հաստատելու համար, որ տուեալ սփիւռքահայերէն քանինե՜ր մնացած են Հայաստան, ստեղծագործած հայրենի հողին վրայ, ընտանիքներ կազմած, զաւակները զինուորական ծառայութեան յանձնած ու հայրենիքի զոհասեղանին վրայ մատաղ ըրած են իրենց հոգեհատորները:

Դ. Ամէն պարագային, առաջարկուածին մէջ խտրականութեան նշոյլներ չկա՞ն:

Ե. Ըստ կարգ մը տուեալներու ու ականատեսներու վկայութեանց, հայրենիքի մայրաքաղաքին ու շատ մը մարզերուն մէջ բնակող թշնամի, թէ բարեկամ երկիրներու քաղաքացիներն ու անոնց շարժումներն ու գործունէութիւնները վերահսկուա՞ծ են

Զ. Վերջերս մեր հայրենիքին լայնքին ու երկայնքին, ներառեալ սրբատեղիներ, բացայայտօրէն եւ ֆէյսպուքի կենդանի հրապարակումներով շրջած, ու ամենասուրբ Ծիծառնակաբերդը գորշ գայլի իր ոռնոցով պղծած, բացայայտ դէմքով, իր անունն ու մականունը հրապարակած թուրք զբօսաշրջիկին մասին նոյն ԱԱԾ-ն կամ այլ պատկան մարմիններ քայլի մը ձեռնարկա՞ծ են, որուն գուցէ տեղեակ չենք: Ծիծեռնակաբերդն ու մեր սրբատեղիները պղծել փորձող թուրքերու մուտքը արգիլող կամ սահմանափակող օրէնքի առաջարկներ ունի՞ն արդեօք:

Վերջապէս, ո՜վ պատկան մարմիններ Հայաստանի. Աստուծոյ եւ մեր հայրենիքին սիրոյն իմ ալ առաջարկս է դադրեցնէ՛ք Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ կամայ, թէ ակամայ աւելի եւս սեպ խռող նմանօրինակ վերաբերմունքը, ի սէր մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյատեւումին իր դիմագրաւած պատմական այս ամենադժուար հանգրուանին: Յետոյ ուշ պիտի ըլլայ:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի

Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031