Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա–ի ֆեյսբուքյան գրառումը
Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Փաքիստանի դեսպան Սըլման Աթհարին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն:
Նորին Ս. Օծութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանին նախ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն ու ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջ-կրօնական, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան նիւթին՝ երկար տարիներու իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, մատնանշելով կարեւոր դէպքեր ու յատկանշական երեւոյթներ:
Դեսպանը, իր կարգին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր թափ տալու կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան սկզբունքներէն մեկնելով: Ան յիշեց, որ այս ուղղութեամբ իր պետութիւնը յատուկ աշխատանք կը տանի եւ փափաք յայտնեց յարմար առիթով Նորին Ս. Օծութիւնը այցելէ Փաքիստան՝ հանդիպումներ ունենալու ու դասախօսութիւններ տալու համար:
Կարդացեք նաև