Ազրպէյճան ի սկզբանէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար Թուրքիոյ կարմիր գիծն է, Ազրպէյճանի հետ խնդիրներու լուծումէն ետք է միայն, որ Թուրքիան կը բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր սահմանը:
Հիմա աւելի պարզ է, որ բացարձակ նախապայմանային է Անգարայի մօտեցումը:
Ամէն ինչ պիտի համաձայնեցուի Պաքուի հետ: Հայաստանը Ազրպէյճանի հետ պիտի լուծէ իր խնդիրները, որմէ ետք է միայն, որ Թուրքիա պիտի բանայ իր սահմանը:
Նախապայմանները հետեւեալ կէտերով կարելի է բանաձեւել ուրեմն.
Կարդացեք նաև
– Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան սահմանազատում եւ սահմանագծում:
– Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացում. Անգարայի ձեւակերպումով` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի տրամադրում:
– Երկկողմանի պայմանագիրի կնքում` տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչման եւ ապագային եւս տարածքային պահանջներ չներկայացնելու պայմանով:
Պարզ է տրամաբանութիւնը, եւ այստեղ առանցքայինը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքն է, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Շուշիի հռչակագիրով ամրագրուածը:
Նախապայմանները կը շարունակուին ուրեմն. Արցախի հարցը լուծելէ ետք պարտադրել Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչնալու Արցախը` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:
Անգարան ճշդած է իր կարմիր գիծը եւ վերաբանաձեւած իր նախապայմանները:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: