Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տգէտ, հետամնաց եւ թոյլ պետութիւն մը ոչ մէկուն ալ պետք չէ, ինչ փոյթ թէ հարուստ մշակոյթ կամ հազարամեակներու պատմութիւն ունի. Աւօ Պօղոսեան. «Ասպարեզ»

Հուլիս 26,2022 11:11

Արցախեան պատերազմին ալ Ռուսիոյ՝ Ատրպէյճանի կողմը թեքումը պէտք է բացատրել Ուքրանիոյ մէջ իր սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններու ծրագրումին տրամաբանութեան մէջ։ Ռուսիա կը ծրագրէր իր հարաւը ամրապնդել եւ վնասազելծել, միւս կողմէ ալ մօտ ըլլալ նաֆթամուղերուն՝ հակակշռելու եւ վերահսկելու համար, անհրաժեշտ պարագային արգիլելու համար արեւմտեան աշխարհի հաւանական միջամտութիւնները:

Պէտք է նաեւ շեշտել, որ մեր կողմէ երբեմն զարմացական հարցադրումները Ռուսիոյ՝ Կովկասեան քաղաքականութեան գծով, եւ զգուշացնող յորդորները՝ թէ Կովկասի թրքացումը կամ անոր՝ թրքական ազդեցութեան գօտիի վերածումը, Ռուսիոյ կործանման ամէնէն մօտիկ ճանապարհը կրնայ ըլլալ, իրատեսական չեն, եւ պարզապէս պէտք է նայիլ մեր աշխարհագրական տարածքին ու բաղդատել զայն Ռուսիոյ տարածքին հետ, եւ այն ատեն կը գիտակցինք, որ անիկա՝ Ռուսիա, հսկայական տարածքներու կը տիրապետէ եւ այնտեղ բազմաթիւ ժողովուրդներ ու ազգութիւններ հպատակեցուցած են, իսկ մօտիկ անցեալին, աւելի մեծ տարածքներ եւս կցած էր իրեն՝ Խորհրդային Միութեան մէջ, որոնք այսօր ալ կը գտնուին իր ազդեցութեան գօտիին մէջ։

Իսկ մենք՝ փոքր երկիր, աշխարհագրականօրէն մեզի շատ անհրաժեշտ եւ կենսական Արցախի տէրը չկրցանք ըլլալ եւ պահել զայն, հակառակ որ երեսուն տարի մեզի նուէրի նման ժամանակ շնորհուած էր:

Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ մեզի համար լաւագոյն ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ ամէն գնով ջանալ պահպանել ներկայ իրավիճակը՝ մինչեւ որ զգաստաանանք, եւ փոխանակ ամէն առիթ օգտագործելու պետութիւնը տկարացնելու, պարզապես իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար, նուիրուինք պետութիւն կառուցելու դժուար եւ հետեւողական աշխատանքին, գոյացնելով առողջ եւ շինիչ ընդդիմութիւն, իշխանութիւնները զգաստացնելու եւ ճիշդ ուղիի վրայ դնելու։

Բոլորով լծուինք երկիրը հզօրացնելու: Այդ նպատակին հասնելու համար, նախապայման է գիտակցիլ, թէ մենք ամէն ինչով մեր դրացիներէն ետ մնացած ենք, եւ որովհետեւ արդէն ուշացած ենք այս մրցավազքին մէջ, պարտինք մենք մեզ գերազանցել եւ մղուիլ կրթելու մեր սերունդները անոնց ջամբելով գիտութիւն, ամէնէն բարձր մակարդակի գիտութիւն, որպէսզի ունենանք բոլոր բնագաւառներու մէջ մասնագէտներու բանակ: Մենք այս կրթութեան մակարդակին հասնելէ ետք ալ թերեւս չկարենանք մրցակցիլ դրացիներուն հետ, որովհետեւ իրենք վստահաբար ձեռնածալ պիտի չմնան, սակայն գերպետութիւններու հաշիւներուն մէջ գուցէ ի նպաստ մեզի փոփոխութիւն կը յառաջացնենք, առնուազն տնտեսական ներդրումներու հոսքի առումով:

Վերջապէս, տգէտ, հետամնաց եւ թոյլ պետութիւն մը ոչ մէկուն ալ պետք չէ, ինչ փոյթ թէ անիկա հարուստ մշակոյթ կամ հազարամեակներու պատմութիւն ունի։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031