Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այսօր մէկ հրամայականի շուրջ միաւորուելու ճակատագրական փուլին դիմաց ենք. հայրենիքի փրկութիւնը կը մնայ գերխնդիր. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կոչը

Հուլիս 22,2022 13:46

Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին աննախընթաց ճգնաժամային ու անկիւնադարձային փուլ մը: Արցախի կարեւոր մասի կորուստէն ետք ահաւասիկ ամէն օր Հայաստանի սահմանները ոտնահարելու եւ հողատարածքներ զաւթելու թշնամիին վարքագիծը կը դառնայ տեսանելի փաստ: Անշուշտ տարածաշրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ միջպետական ու մեծապետական սակարկութիւնները Արցախը եւ Հայաստանը նկատի կ՛ունենան տկար օղակ: Սակայն այս բոլորէն առաջ եւ բոլորէն անդին զարմանալի՛ն Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է: Հայրենիքի կորուստի համազգային վտանգը հետեւողականօրէն կ՛անտեսուի այս վարչախումբին կողմէ, եւ ան ճիգ չի խնայեր այդ անտեսումի մթնոլորտը խորացնելու հասարակութեան մէջ:

Այսօր մէկ հրամայականի շուրջ միաւորուելու պատմական ու ճակատագրական փուլին դիմաց ենք. ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է եւ անոր փրկութիւնը է ու կը մնայ գերխնդիր: Այդ վտանգի յաղթահարումը եւ ոչ թէ անոր հետ համակերպումը պէտք է դառնայ համահայկական հրատապ օրակարգ:

Համակերպումի ընթացքը կասեցնելու ու Հայաստանի իշխանութեանց պառակտումի վարքագիծը մերժելու հաստատական որոշումը անհրաժեշտ է, որ ինքզինք պարտադրէ ամբողջական ու լիիրաւ կերպով մեր համազգային երթին մէջ:

27 յուլիսին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի նշուի Լիզպոնի գործողութեան 39-ամեակը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ Սիսի շրջանի ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբի դիմացէն մինչեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Ներկայ փուլին Լիզպոնի հերոս տղոց աքթը եւ առհասարակ սփիւռքի մէջ ծաւալած Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները լուսարձակի տակ դնելու իրողութիւնը բազմիմաստ ու այժմէական խոր պատգամներ կը պարփակէ: Աւելի՛ն, Հայ դատի պահանջատիրութեան առաջամարտիկը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը գտնուի անցնող տասնամեակներուն ձեռք բերուած նուաճումներու ոտնահարման դիմաց թումբ հանդիսանալու: Հետեւաբար, պահը կը թելադրէ, որ բոլորս միասնաբար` մեծով ու պզտիկով, 27 յուլիսի երեկոյեան մասնակցինք Լիզպոնի նահատակ հերոսներու յիշատակին կազմակերպուած քայլարշաւին եւ ոգեկոչման հանդիսութեան, վերանորոգենք Հայ դատի աննահանջ պայքարի մեր ուխտը եւ վերաշեշտադրենք լիբանանահայութեան այդ պայքարին նկատմամբ յանձնառութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաջ կը գիտակցի, որ բազում փորձութիւններէ անցած ու այդ փորձութիւններուն ճամբով կենսափորձ նուաճած լիբանանահայ համայնքը կը շարունակէ մնալ ազատ, անկախ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի անկեղծ զինուորը եւ այսօրուան արցախեան եւ հայաստանեան տարածքներու ճակատներուն վրայ արձանագրուած պարտութիւնները կը նկատէ ժամանակաւոր ու կը հաւատայ հայութեան յարատեւ կռիւի յաջողութեան:

Վերջապէս, թշնամիներու կողմէ գծուող նոր քարտէսները չեն կրնար իբրեւ ընդունուած իրականութիւն ընկալելի դառնալ հայաշխարհին կողմէ եւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան առաջնորդած ներկայ իշխանութեան վարչախումբը օր առաջ պարտաւոր է անսալու համայն հայութեան պահանջին, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու թափած թանկ արիւնն ու քրտինքը յումպէտս չհոսին, եւ հայութիւնը յաջողի վերակերտել իր ազգային արժանապատուութիւնը:

Մեր պահանջատիրական ուխտի վերանորոգման առիթ է 27 յուլիսը, եւ վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայորդի անմասն պիտի չմնայ այս իրադարձութենէն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031