«Եռագոյն».Անկախութենէն ի վեր սփիւռքը այս աստիճան անտեսուած չէր:
Անտեսուած է, այնքան ատեն որ Հայաստանի իշխանութեան հակակշիռին տակ չե՞ն գաղութները: Օրինակի համար` կարգ մը երկիրներու մէջ նոր կազմակերպութիւններ ստեղծելու երեւոյթը, սփիւռքի յանձնակատարին միջամտութիւնները, ընդհանրապէս կարեւոր օրակարգերով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ աւանդական կուսակցութիւններու հետ խորհրդակցութեան պակասը:
Կարեւոր հարցերէն մէկը այն է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ, բայց` ոչ պետական գործիչներ: Տարբերութիւնը մեծ է: Կրնաս քաղաքական կեանքին մէջ լաւ, աշխուժ, տպաւորիչ եւ ժողովրդային դէմք ըլլալ, բայց պետական մտածողութիւն չունենալ, եւ այդ մէկը շատ վատ անդրադարձ կ՛ունենայ ընդհանրապէս աշխատանքին եւ մասնաւորապէս հայրենիքի ապագային վրայ:
Փաստօրէն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները այն չեն, ինչ որ էին նախապէս, եւ հարցը մտածողութեան, ըմբռնողութեան, պետականութեան ամրացման, ազգային դիմագիծի, իրաւունքներու կառչած ըլլալու, հասկնալու, լսելու եւ հասկցուելու կը վերաբերի:
Կարդացեք նաև
Սփիւռքի լռութիւնը պէտք է մտահոգէ Հայաստանի պետութիւնը:
Հարցը այն չէ, թէ ո՛վ է վարչապետը, ո՛վ է ընդդիմութիւնը, ո՛վ է մեծամասնութիւնը: Հարցը այն է, որ Հայաստանը վտանգուած է, եւ այդ մէկը չզգալը, չտեսնելը, չապրիլը շատ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Յակոբ Լատոյեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: