Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ցնծա՜ եւ ուրախացի՜ր, Հայաստանի «հպա՛րտ քաղաքացի»․ 44-օրեայ «փառապանծ» պատերազմէն 2 տարի ետք, Հայաստան իր վերջին զինուորը պիտի հեռացնէ Արցախէն. «Եռագոյն»

Հուլիս 21,2022 10:55

«Եռագոյն». Ցնծա՜ եւ ուրախացի՜ր, Հայաստանի «հպա՛րտ քաղաքացի», Երեւանի իշխանութեան սփիւռքցի թմբկահար: ՔՊ-ական իշխանութիւնը այսօր, 19 Յուլիսին, պատմական նոր որոշում մը հռչակեց: 44-օրեայ «փառապանծ» պատերազմէն 2 տարի ետք, Հայաստան իր վերջին զինուորը պիտի հեռացնէ Արցախէն եւ անկէ մեզի մնացած հողաշերտին պիտի ընծայէ ամբողջական ինքորոշում, այսինքն՝ անոր պիտի ըսէ՝ «ասկէ ետք միայն քու զինեալ ուժերուդ վստահէ պաշտպանուելու համար», քիչ մը ալ ապաւինէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որոնց մեր շրջանին մէջ մայրամուտը հիւսելու ճիգերը շուտով պիտի ծաղկին, իսկ վաղը կրնաս լի՛ովին վստահիլ Ատրպէյճանի բարերար հովանիին եւ օրինակել Նախիջեւանը:

«Հպա՛րտ քաղաքացի». եթէ այս որոշումը անակնկալ չէր, այսուհանդերձ՝ պաշտօնական կնիք կը դնէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ սկսած տեղատուութեան, հողատուութեան նորագոյն մէկ ծրագիրին վրայ, որ հրապարակաւ կամ վարագոյրներու ետին հիւսուած է Երեւանի այժմու իշխանութեան մասնակցութեամբ, ակամայ կամ կամաւոր (կարեւոր չէ) համաձայնութեամբ, «ժողովուրդի կռնակէն որոշումներ պիտի չտանք»ի եւ «թափանցիկ պիտի աշխատինք»ի յոխորտանքներով: Անիկա յաջորդեց Երեւանի եւ ընդհանուր շրջանին մէջ շատ ուշագրաւ իրադարձութիւններու: Մէկ կողմէ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարը Միջին Արեւելք եկած էր՝ ընդդէմ Իրանի եւ Ռուսիոյ ճակատները – եւ ուժանիւթի աղբիւրները – ապահովելու նպատակով, նոյն օրերուն, եւ տխրահռչակ Ճոն Պոլթընի այցելութենէն չորս տարի ետք, Սի. Այ. Էյ.ի պետը Երեւան փութաց «մեր հետեւորդը դարձէք»ի հին-նոր պատգամները յիշեցնելու, յաջորդեց անոր ռուս պաշտօնակիցին Երեւան այցելութիւնը, յիշեցնելու, թէ «մենք դեռ հոս ենք», իսկ զուգահեռաբար, Հայաստանի դիւանագիտութեան հանճարե՜ղ պետը Թիֆլիսի մէջ առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը կ’ունենար իր ազերի պաշտօնակիցին հետ եւ, «ականջի ետին նետած» իր պոսին այն հաւաստիքները, թէ Ատրպէյճան կ’աշխատի նոր յարձակումի մը ենթահողը «լեճիթիմացնելու», կամ նոյնինքն ի՛ր այն արտայայտութիւնները, թէ Ատրպէյճան կը խափանէ խաղաղութեան երթը եւ գերիներու հարցը վերածած է չարաշահութեան գործիքի՝ կը յանկերգէր «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի սնանկացած գիւտը:

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031