Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ Հայաստան մուտքի արգիլումը:
ՀՀ ազգադաւ իշխանութիւններու այս հակա սահմանադրական եւ հակա ժողովրդավարական, առանց հրապարակային պարզաբանումի պահուածքը հերթական քայլ մը եւս է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին դէմ եւ ուղղակի աջակցութիւն թուրք – ատրպէյճանական քաղաքականութեանը, ինչպէս նաեւ նոր անհանդուրժողականութեան դրսեւորում մը ՀՀ քաղաքացիներուն եւ սփիւռքին հանդէպ:
Այս պարագային նման վերաբերմունքը կատարուած է տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի համար պայքարած ազգային գործիչի մը դէմ, ով նպաստած եւ դերակատարը եղած է Ֆրանսա – Հայաստան ներկայ սահուն յարաբերութիւններուն:
ՀՀ 1991՛ի վերանկախացումէն ի վեր Փաշինեանի իշխանութիւնները կը համարենք ամենա ապազգայինը՛ անկարող ՀՀ ազգային շահերը պաշտպանելու եւ արտաքին ճնշումներուն հակազդելու, որը երկիրը կը տանի թրքական եւ ատրպէյճանական շահերուն ենթարկուող քաղաքականութեան:
Կարդացեք նաև
Օգտագործելով ստացած քուէները, ՀՀ գործող իշխանութիւնները միեւնոյն ժամանակ վերածուած է իր քաղաքացիներու ազատութիւնները ոտնահարող բռնապետական իշխանութեան մը, որը ջանք չի խնայեր ընդդիմադիր պատգամաւորներուն լիազօրութիւնները դադրեցնելու, լրատուամիջոցները եւ սոցիալական ցանցերը լռեցնելու եւ սփիւրքը պարակտելու համար:
Սակայն չէ ըմբռնած տակաւին 132 տարուայ պատմութիւն ունեցող Հ.Յ.Դ Դաշնակցութեան ուժը եւ կամքը, երբ խնդրոյ առարկայ է պայքարիլ յանուն Հայ Դատի, Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեանը:
Հ.Յ.Դ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ