Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը արդէն աւելի քան 4 տարեկան է, սակայն իշխանութեան բառամթերքով՝ «նախկիններ»-ը այնքան ուժեղ նստած են, որ կը մնան աղբիւրը բոլոր պատուհասներուն. «Հայրենիք»

Հուլիս 18,2022 10:20

Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը արդէն աւելի քան 4 տարեկան է, իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք սահած է աւելի քան մէկ ու կէս տարի, սակայն աւելի քան տարի մը առաջ վերարտադրուած իշխանութեան բառամթերքով՝ «նախկիններ»-ը այնքա՜ն ուժեղ նստած են, որ կը խանգարեն բարեմիտ եւ խաղաղասէր ՔՊ-ականներուն իւրաքանչիւր քայլը, կը մնան աղբիւրը բոլոր պատուհասներուն:

Նախկինները, իմացէք՝ ընդդիմադիրները չափազանցութիւններու կը հասնին, երբ լուսարձակի տակ կը բերեն Գորիս-Կապանի «փոխընտրանք ճամբուն» անգործածելի վիճակի մատնուիլը՝ կառուցումէն հազիւ քանի մը ամիս ետք: Վարչապետի ի՜նչ ազնիւ կեցուած ունի, երբ կը նախընտրէ լռութիւն պահել այս իրականութեան դիմաց…: Չափազանցութիւն չէ՞ գերիներու ծնողներուն անտեսուած, արհամարհուած վիճակը արծարծելը: Չափազանցութիւն չէ՞ վարչապետին կառաշարին կողմէ կնոջ մը սպանութիւնը յիշեցնելը: Անմարդկային չէ՞ կրկնելն ու կրկնելը, թէ Արցախէն բռնի հեռացուածներ կը մնան անօթեւան, կը մատնուին փողոց նետուելու վտանգին, խոստացուած հատուցումն իսկ չեն ունենար, որպէսզի ապահով ծածկ մը ունենան իրենց գլխուն վերեւ: Նման «փոքրամասնութիւններո՞վ» պիտի զբաղի «հպարտ քաղաքացիներ»-ու պաշտպան իշխանութիւնը: Եւ դեռ՝ նոյն ընդդիմադիրները «գլուխ կ’արդուկեն», որ վարչապետն ու իր «գունդը» որոշած են Արցախը Հայաստանին կապող գօտին Ատրպէյճանի յանձնել, փոխարէնը ստանալով ազերիներու հսկողութեան – եւ քմայքին – ենթակայ փոխընտրանք ճամբայ մը, «ազերիապատկան կղզեակներ» վերադարձնել Ատրպէյճանին, եւ ուրո՞ւ հոգը, թէ նման գօտիներու յանձնումով, Հայաստանի ռազմական դիրքերը պիտի վերադառնան «զրոյական կէտի», հոն՝ ուրկէ փորձեց հանճարե՜ղ վարչապետը վերսկսիլ Արցախի հարցին հետապնդումը: Ինչո՞ւ ահազանգել, որ Լաչինի գօտիին յանձնումը Ազրպէյճանի պիտի տայ Արցախը ուշ կամ կանուխ հայաթափելու լիազօրագիրը…: Եւ տեսէք թէ ինչպէ՜ս՝ այս բոլորը պատճառ կ’ըլլան, որ իշխանաւորներուն խաղաղասիրական ծրագիրները խափանուին, իրականացումը ուշանայ (չհաւատաք, որ Հայաստանն ալ պիտի հասնի… զրոյական կէտի):

***

Սա նախկինները, իմանալ ընդդիմադիրները, ե՞րբ պիտի հասկնան, որ երբ խաղաղութեան էջը բացուի (պէտք չէ մտահոգուիլ, որ Թուրքիոյ ճշդած պայմաններով), այլեւս բան-հոգ պիտի չունենանք: Փրկարար Փաշինեանն ու իր գործակիցները պիտի բանան իշխանութեան նոր դարաշրջան մը, առանց… ընտրութիւններու տաղտուկին: Պիտի բացուի Հայաստանի բարգաւաճման դարաշրջանը եւ Յիսուսի մեծադիր արձանը միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պիտի բերէ Հայաստան, սնեմացնելով… Ուքրանիոյ տագնապին հետեւանքով օտար դմամանիշներու դէպի Հայաստան հոսքը:

Մերոնք կը պնդեն ու կը պնդեն, թէ բանակցութիւնները յառաջ կը տարուին առանց նախապայմանի: Ընդդիմադիր «նախկիններ»ը, հակառակ իրենց ամենազօրութեան, չեն հասկնար, որ հայկական կողմն է նախապայման չունեցողը, կը նախընտրէ մոռնալ հո՛ղն ալ, զոհե՛րն ալ, գերինե՛րն ալ, քանդումնե՛րն ալ: Անդին, բացայայտ է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նախապայմաններու դէզերով կը նստին բանակցութեան սեղան: Բառացիօրէն չ’ըսուիր, սակայն արեւու լոյսին չափ յստակ է, թէ նախապայմաններուն շարքին են Արցախի վերջնական խլումը, Հայաստանի հարաւային գօտիին իրողական, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ իրաւական բռնակցումը, Նախիջեւանին, Արեւմտեան Հայաստանի (Շահումեանի եւ Գետաշէնի պէս մանրուքներն ալ միասին) մոռացումը, Ցեղասպանութեան համար ցեղասպանը հաշուետուութեան եւ արդար հատուցման կանչելէ հրաժարումը:

***

…Երբ խաղաղութիւն հաստատուի թուրք-ազերիական պայմաններով, նախկինները այլեւս «գլուխ ուռեցնելու» պատճառ պիտի չունենան: Ի՜նչ տարբերութիւն, թէ Արցախն ու Հայաստանը լիովին կամ իրողապէս անցնին թուրք-ազերիական ազդեցութեան, տիրապետութեա՛ն տակ: Երբ ժողովուրները եղբայրանան, կարեւո՞ր է, թէ ուր կ’ապրիս. Կրնաս Թուրքիան երազել իբրեւ փոխարինող հայրենիք, թուրքը արդէն իրը կը նկտէ Հայաստանը:

Առաջին անկախ հանրապետութիւնը ապրեցաւ երկուքուկէս տարի: Հիմա արդէն աւելի քան 30 տարի ապրած ենք իբրեւ անկախ պետութիւն: Ի՞նչ վնաս, եթէ անկախ հայրենիք-պետութիւն կորսնցնենք: Դարեր շարունակ ապրած ենք օսմանեան, ռուսական եւ այլ տիրապետողներու «խնամքին» տակ: Վաղը դարձեալ կրնանք նման «խմանք» վայելել: Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ Թուրքիա իր բազուկները դարձեալ տարածէ մեր հայրենիքին (մնացեալ) հողերուն վրայ, մեզ փրկէ ռուսական ազդեցութենէ եւ մէկդի նետել տայ անոր հետ մեր դաշինքները, ինչպէս որ փորձած է մոռացութեան մատնել Սեւրը, կ’աշխատի վերարտադրել Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրները, այս անգամ՝ Հայաստանի պաշտօնապէս ճանչցուած իշխանութեան հետ ձեռք-ձեռքի տուած: Ի վերջոյ, Թուրքիան մէկ անդամն է «նախկիններ»էն աւելի՛ հզօր ՆԱԹՕ-ին, եւ եթէ Արեւմուտքի ծրագիրը յաջողի, ճամբան բացուած պիտի ըլլայ… Հայաստանի վերջնական կորուստին:

Ու զարմանալի՞ է, որ Հայաստանի մէջ ցնծացողներ կան (իշխանաւորներու ճպոտին հետեւելով), թէ՝ ընդդիմադիրները յաջողութեան չեն հասնիր իշխանափոխութեան դիտաւորութեան ճամբուն: Արդեօք մէկը կ’անդրադառնա՞յ (բացի ընդդիմադիր ճակատէն), որ նման «ձախողութիւն» աւելի կը լայնցնէ Հայաստանի ու պետականութեան կորուստի ճամբաները, համազօր է ան-գիտութեան, ինքնալքումի, ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄԻ:

Բայց տեսէ՜ք, թէ Ուքրայինան ինչպիսի՜ բարիքներ կը վայելէ ՆԱԹՕ-ի պոչէն կախուելով: (Եկէ՛ք, հարցը մեր սահմաններէն շատ հեռու չտանինք եւ չմեղադրուինք իբրեւ «համաշխարհայնացումի համակիր»):

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031