Հասարակութիւնը ոչնչացնելու արդիւնաւէտ միջոցը,
ժխտելն ու ջնջելն է իր պատմութեան սեփական ըմբռնումը:
Ճորճ Օրուէլ
Արդէն բաւական ատեն է, Հայաստանի եւ հայութեան ամենամեծ ու ամենաօրակարգային խնդիրը Հայաստանի մէջ Քրիստոսի արձանը կանգնե՞լ թէ չկանգնելն է:
Կարդացեք նաև
Այսօր, այս սիւնակով բնաւ նպատակ չունիմ քննարկելու Գագիկ Ծառուկեանի մարդկային ազատ կամքը՝ սեփական դրամը իր յարմար տեսած ձեւով ծախսելու: Ինչպէս իրաւունք չունիմ նաեւ վերոյիշեալ հայուն ազնիւ, թէ յանձաւոր միտումները դատելու ոմանց պէս:
Հայաստանի մէջ Քրիստոսի հսկայական արձանը կանգնեցնելու-չկանգնեցնելու այս թոհուբոհին մէջ, ինծի ցաւ պատճառողը հարցերէն մէկն ու ուշագրաւ երեւոյթը անոր հիմնարկէքի արարողութեան բովանդակութիւնն էր:
Արդարեւ անցեալ շաբաթավերջին, Կոտայքի մարզի Հատիս լերան վրայ, նշեալ կոթողին հիմնարկէքին գլխաւոր բացականերն էին հոգեւորականներն ու մշակոյթի հետ առնչուած հայ անձնաւորութիւններ, մինչ նշեալ արձանը անմիջականօրէն առնչուած է կրօնքի ու մշակոյթի հետ: Փոխարէնը, ներկայ էր Հայաստանի Էքոնոմիքայի (տնտեսութեան) նախարարը…:
Այնտեղ եւ այդ առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ հոգեւոր բառ մը իսկ չգտայ, մինչ բոլոր խօսքերը կեդրոնացած էին շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, փող աշխատելու, աշխատանքի առիթներ ստեղծելու, պետական եկամուտի, պիզնեսի եւ նմանօրինակ բառհասկացողութիւններով արտայայտուած առարկաներու վրայ…:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իսկ հաստատումով, ինչ կը վերաբերի արձանաշինութեան, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ դաւանանքին հակասող երեւոյթ է Քրիստոսի արձանը կանգնեցնելը:
Աւելին, արձանի երեւոյթը կը հակասէ դարերու ընթացքին Հայ Առաքելական եկեղեցին յատկանշող կարեւոր ճշմարտութիւն մը եւ նոյնիսկ զբօսաշրջութեան մակարդակով սուտ կը հանէ Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցուոյ դաւանական իւրայատկութեան մասին մինչեւ օրս ընկալուածը, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային առումներով…:
Հետաքրքրական է նշեալ արձանը անպայման տեղադրելու մոլուցքը, որ մինչ եկեղեցին կը մերժէ, ամէն գնով կը հետապնդուի նոյնիսկ պետական մակարդակով: Սակայն եկուր տես, որ կառավարութիւնը իր համաձայնութիւն տալէն երկու օր ետք, նախարարներուն մէկուն բերնով յետս կոչեց քաջալերանքը, զանազան պատճառաբանութիւններով … ու պահանջեց անոր աշխատանքներուն կասեցումը:
Այս առիթով իմ կողմէ կան կարգ մը հարցումներ, որոնք կը կարօտին պատասխանի.
- Արդեօք մէջտեղ նետուած նիւթը, մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը ներ-հայաստանեան քաղաքական ու տնտեսական ցաւալի իրականութիւններէն շեղեցնելու համար հերթական յղացո՞ւմ մըն է:
- Այս պարագային, Գագիկ Ծառուկեանը իշխանութեան զո՞հն է, թէ գործընկերը:
- Անկումային այս ի՞նչ վիճակ է, երբ առաջին քրիստոնեայ ազգ-պետութեան մը մէջ Քրիստոսի արձանի կառուցումը կ՛արդարցուի զուտ առեւտրական տեսանկիւնէն…:
- Միթէ մեր հայրենիքին մէջ զբօսաշրջութիւն քաջալերելու համար, մեր երկրին ամէն տուեալներն ու կարելիութիւնները սպառած են, որ նման խնդրայարոյց կառոյցի մը յոյսին մնացած ենք:
- Նման արձանի մը հետեւանքով, թէական մեծ հոսքով զբօսաշրջիկներու թիւին հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները, ո՞վ ըրած է:
- Ընդամէնը երկու տարիէն, այսպէս կոչուած միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու թէական հոսքը կանոնաւորող մարդկային միջոցները, թէ այլ ենթակառոյցները ունի՞նք արդեօք:
Եթէ այստեղ է, որ հասած ենք, ես ալ իմ կարգիս զաւեշտի ժանրով առաջարկութիւններ ընեմ զբօսաշրջիկ «գցելու» կամ մէկ անգամէն հարստանալու երազանքով տոգորուած հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն համար.
- Քրիստոսի խնդրայարոյց արձանին փոխարէն կանգնեցնենք օրինակի համար, Մաու Ձէ Թունկի արձանը: Նման «ճարպիկ» քայլով մը փոթենցեալը կ՛ունենանք 1.5 միլիառ Չինացի զբօսաշրջիկ Հայաստան բերելու…:
- Կամ կառուցենք կովի աշխարհի ամենահսկայ արձանը, հրապուրելու համար 100 հազարաւոր հինտուս հաւատացեալներ…:
Շարքը կրնայ երկարիլ…:
Ցաւալի իրականութիւն մը կ՛ապրինք ազգովին, եւ մինչ 5000 մատաղ զոհեր տուած ենք, անոնց անտեղի զոհաբերութիւնը պետական մակարդակով հաստատող կողմը կը վերընտրուի իր պաշտօնին վրայ մնալու: Մինչ տակաւին երէկ, դատարանին մէջ հազարաւորներու տեսողութեամբ կը մահանայ չարդարացուած կերպով կալանաւորուած հայորդի մը եւ քանի մը օր առաջ, այլ հայորդիի մը մուտքը առանց յստակ հիմնաւորումի կ՛արգիլուի Հայաստան ու ո՛չ մէկ պետական պաշտօնեայ կը հրաժարի: Եւ մինչ ժողովրդավարական սկզբունքներն ու մարդկային իրաւունքները հակասող այս երեւոյթները տակաւին պաշտպանող ու արդարացնող քաղաքացիներ կան, ապա մեզի կը մնայ ըսել, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, մեր Հայրենիքին պետականութեան ու ապագային հանդէպ մեր ազգին կարեւոր մէկ մասին ունեցած կեղծ կամ հեռակայ հայրենասիրութեան, ազգային գաղափարախօսութիւն, տեսիլք ու ռազմավարութիւն չունենալու, ամէն ինչի վրայ «թքած ունենալու», փնթիութեան եւ ազգային արժէքներէ հրաժարած ըլլալու հրէշաւոր, անտարբեր ու յանցաւոր վերաբերմունքին արդիւնքն է, մինչ անոր ղեկավարը նմանօրինակ ազգի մը մէջ գոյութիւն ունեցող անհասկնալի մասսայի մը հարազատ խտապատկերը…
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր