Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Հեքնական ու ցաւալի է, որ հայրենազրկողը թուրքն ու ազերին չէ, այլ՝ հայրենի իշխանութիւնները

Հուլիս 16,2022 14:01
hyd

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէի հայտարարութիւնը

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը խստօրէն կը դատապարտէ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ՀՀ-ի իշխանութիւններուն գործած կոպիտ սխալը՝ հայրենազրկել Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ, Հայաստան-Սփիւռք յառաբերութիւններու ջատագով բազմավաստակ ազգային-հասարական գործիչ Մուրատ Փափազեանը: Հեքնական ու ցաւալի է, որ աայրենազրկողը թուրքն ու ազերին չէ, այլ՝ հայրենի իշխանութիւնները: Այնքան ատեն, որ չկան փաստացի դատաիրաւական գործընթացներ, որոնք կ՛արդարացնեն նման անհամաչափ ու հակաժողովրդավարական որոշում մը, սոյն քայլը՝ պարզապես բռնապետական ու ապազգային նոր գագաթ նուաճելու դրսեւորում մըն է:

Մէկ կողմէ ՀՀ-ի ապագագային ու պետականակործան իշխանութիւնները Արցախի հիմնահարցի գծով նշաձող կ՛իջեցնեն, խաղաղութեան խաբկանքին տակ հայ մարդուն արժանապատւութիւնը կը խոցեն ու պետականութիւնը կը վտանգեն, միւս կողմէ բռնապետութեան նշաձողը կը բարձրացնեն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ արդէն իսկ առկայ սեպը կը խորացնեն: Նման դատապարտելի արարքներ միայն ու միայն հակահայ շրջանակներու ջրաղացին ջուր կը լեցնեն ու ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն հայրենիքի ու մեր ժողովուրդին բարօրութեան ու վերելքին:

Հարկ է նշել, որ ՀՀ-ի հայրենազրկող իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ քնայուն են, իսկ հայրենիքն ու պետականութիւնը մնայուն արժէքներ: Փափազեանին ու իր գաղափարակից ընկերներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայրնեազրկուիլը, բանտարկուիլը, հալածանքի ենթարկուիլը, հաստատ ժամանակաւոր են, ապարդիւն ու ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունին անոնց հայանպաստ, ազգանուէր ու պետականմետ գործունէութեան վրայ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի հայտարարութիւնը

Հայաստանի իշխանութիւնը բռնագրաւած իշխանութիւնը նոր «սխրանք» մը աւելցուց իր հայավնաս իրագործումներուն շարքին, երբ 14 Յուլիսի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, առանց բացատրութեան, երկիր մուտքի իրաւունքէն զրկեց Ֆրանսայի հայ գաղութի կազմակերպութիւններու համակարգիչ մարմինի ղեկավարներէն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազեանը եւ ստիպեց, որ ան վերադառնայ Փարիզ: Մեր ընկերը Երեւան հասած էր, մասնակցելու համար Բիւրոյի նիստին եւ մասնակցութիւն բերելու հայրենիքի փրկութեան ի խնդիր շարունակուող պայքարին:

Ընկ. Մուրատ Փափազեանի դէմ այս աղաղակող ոտնձգութիւնը մտահոգութեան եւ վրդովմունքի ալիք մը ստեղծեց ո՛չ միայն Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին մէջ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, այլ նաեւ՝ ողջ հայութեան, որովհետեւ այս արարքով, Երեւանի վարիչները նորագոյն վկայութիւն մը տուին, թէ ի՛նչ կը հասկնան մարդու իրաւունք, ժողովրդավարութիւն, ընդդիմադիրներու հանդէպ տարրական յարգանք եւ նման անվիճելի արժէքներէ: Այլ խօսքով, վկայեցին, թէ այդ բոլորը իրենց համար կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, պարզապէս քարոզչութեան, նախ եւ առաջ՝ մեր ժողովուրդը, ապա նաեւ՝ Հայաստանը դուրսէն դիտողները խաբելու միջոց:

Անակնկա՞լ, անսպասելի՞ կամ զարմանալի՞ է նման վերաբերմունք: Բնականաբար ո՛չ: Այս իշխանութիւնը, մասնաւորաբար 44-օրեայ կործանարար պատերազմի փուլէն ասդին, գրեթէ ամէն օր ապացուցած է, թէ ոչ միայն ի՛նք լծուած է Արցախին, Հայաստանին ու հայութեան վնաս ու կորուստներ հասցնող ծրագիրի մը իրականացման, այլ նաեւ պատրաստ է արգելակելու գործը այնպիսի հայորդիներու, որոնք դէմ կը կանգնին պետականութեան կորուստի իրենց ընթացքին, համակարծիք չէ իրեն, աւելի՛ն, լիարժէքօրէն վերականգնած է խորհրդայիններու եւ վերանկախացման առաջին տարիներու պարտուողական, այլեւ բռնատիրական վարքագիծը:

Ընկեր Մուրատ Փափազեանի անձին ու հանգամանքին հանդէպ այս կեցուածքէն անդին, մեզ կը մտահոգէ, ինչպէս միշտ, թշնամիին առջեւ զիջումէ-զիջում, Արցախն ու Հայաստանը մաս առ մաս կորուստի տանող՝ իշխանաւորներու սնանկ «քաղաքականութիւնը»: Մտահոգ ենք ու մեր ձայնը կը միացնենք դաշնակցական ընտանիքին ու ազնիւ հայերու ձայնին, որովհետեւ այս քայլը կ’առնուի բախտորոշ իրադարձութիւններու խորապատկերին առջեւ: Սա դաժան պատասխան մըն է ո՛չ միայն ընդդիմադիրներու շղթայազերծած պայքարին, որուն նպատակն է արթնութեան մղել հայութիւնն ու կանխարգիլել նորանոր կորուստներ, աշխատիլ կորսուածները վերադարձնելու համար, այլ նոր հարուած է նոյնինքն ժողովրդավարութեան, մարդկային ու քաղաքացիական տարրական իրաւունքներու եւ մանաւանդ՝ մեր Դատին: Փաստօրէն, ընկ. Մուրատ Փափազեան սոսկական անհատ մը, հայրենասէր ու հայրենանուէր հայորդի մը չէ, այլ ան տասնամեակներու վաստակ ունի մեր արդար Դատին հետապնդման խրամատներուն մէջ, մասնակից եղած է հակաթուրք իրագործումներու եւ շահած՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակակրանքը: Շեշտենք. ան առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ պարզապէս մէկ զինուորը՝ մեր ժողովուրդին, անոր իրաւունքներուն, որուն յառաջապահ դրօշակիրն է եղած, կը մնայ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութեան եւ հայրենապաշտպան հայութեան դէմ այս հարուածը կը հասնի այն օրերուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները, մոռցած՝ ահաւոր պատերազմին անհատոյց պարտամուրհակները՝ զոհերը, գերիները, հողատարածքներու բռնագրաւումը, հայկական ժառանգութեանց ջնջումն ու այլ արհաւիրքներ, սին ու անյոյս պատրանքներով բարեկամութիւն կ’երազէ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ, անտեսելով անոնց կողմէ ամէն օր կրկնուող թշնամական ու ոճրային արարքները, Երեւանն ալ նուաճելու սպառնալիքները:

Աւելի՛ն, այն պահուն, երբ հայութիւնը պէտք ունի կորուսեալ միասնութեան վերականգնումին, այս իշխանութեան օրով խորացած երկփեղկումին դարմանումին, այս ու նման քայլեր փաստացի ապացոյցներ են իշխանաւորներու իսկական դիտաւորութեանց:

Վերջապէս, ո՛չ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, թէ Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ու Հայ Դատին ծառայողի մը դէմ այս կեցուածքը կը դրսեւորուի այն պահուն, երբ Հայ Դատի յանձնախումբը ոգի ի բռին աշխատանքի լծուած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ (նաեւ այլ երկիրներ) պատժական եւ զսպիչ քայլեր առնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, աշխատանք՝ որուն մէջ աղաղակող անփութութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի իշխանութիւնը, աշխատանք՝ որ մօտիկ անցեալին եւ այս օրերուն կ’արձանագրէ գոհունակութիւն պատճառող յառաջխաղացքներ: Այս մօտեցումով ալ, ո՛չ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, պէտք չէ՛ վրիպի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց այսպիսի արարքներով, ըստ էութեան լծակից են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, իրողապէս դարձած են անոնց կամակատարը:

Դաշնակցական անհատը, պարզ կուսակցական թէ ղեկավար մարմիններու անդամ, կը գնահատուի իր վաստակով, իր ծառայութեամբ եւ հայութեան ու հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններով: Այս մօտեցումով է որ կը դատապարտենք մեր ընկերոջ նկատմամբ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնը, պահանջելով, որ Երեւանի իշխանաւորը վերջ տայ խորհրդային տարիներէն ի վեր անթեղուած եւ մերթ ընդ մերթ նման դրսեւորումներով արտայայտուող ազգակործան վարքագիծին, որ հաւասարապէս անվաղորդայն կը պահէ իր իշխանութիւնը եւ մեր հայրենիքի անկախ պետականութիւնը:

Այս պահանջը լոկ դաշնակցականի պահանջ չէ, այլ համահայկական հրաման:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031