Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառի ֆեյսբուքյան գրառումը
Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով։
Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ՝ մասնաւորաբար Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան։ Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցուին հանրութեան։