Ո՞ւր կորսուած է ժողովրդավարութիւնը,
ո՞ւր կորսուած է քաղաքական բարոյականութիւնը եւ մարդու անձնական իրաւունքները
Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն տեղեկացանք, թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ՝ ընկ. Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է, իսկ ինքը «անբաղձալի անձ» նկատուած ըլլալով Հայաստանի համար, պարտադրուած է ետ վերադառնալու Ֆրանսա։ Անհասկնալի, մերժելի ու խստօրէն դատապարտելի արարք մը, որ գործուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար տարիներ շարունակ անձնազոհութեամբ պայքարած ընկ. Մուրատ Փափազեանին դէմ։
Երկար ժամանակէ ի վեր Դաշնակցական գործիչներու դէմ սանձազերծուած հալածանքներու երկար շարքին վրայ բարդուող յոռի այս երեւոյթը, սաստիկ զայրոյթ կը պատճառէ մեզի, ինչպէս եւ հազարաւոր հայրենակիցներու, մտածելով թէ հայկական ընկերութեան եւ արդարութեան դէմ ինչպիսի՛ այլ ծայրայեղ ու քինախնդիր քայլերու կրնայ դիմել այս իշխանութիւնը։ Ո՞ւր կորսուած է քաղաքական բարոյականութիւնը, ո՞ւր կորսուած է ժողովրդավարութիւնը ու մարդու անձնական իրաւունքները։
Ցաւով կը նշենք, թէ իրար պառակտելու, ժողովուրդը թունաւորելու եւ սփիւռքահայութիւնն ու հայրենիքի բնակչութիւնը իրարմէ հեռացնելու գիծեր յառաջացնող վերջնական տարբերակ է այս արարքը, որ ընկեր Մուրատ Փափազեանը կը թիրախաւորէ այս պահուս։
Կարդացեք նաև
Կը պահանջենք մեր ընկերոջ «անցանկալի անձ» նկատուող արգելքի անմիջական վերացումը։ Կը պահանջենք անմիջական դադրեցումը Դաշնակցական գործիչներուն դէմ իրականացող հալածանքներուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Աթէնք, 15 Յուլիս 2022