Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի համանախագահ՝ ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը:
Փաշինեանի թրքամէտ եւ թրքանպաստ իշխանութիւնները սոյն արարքով հստակօրէն կ’ոտնահարէն ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշները՝ ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ ազատ շրջագայութեան մարդկանց իրաւունքը: Ուստի կու գայ արտայայտելու նաեւ՝ Դաշնակցութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք:
նշենք թէ՝ ընկեր Մուրատի մուտքը արգիլուած է Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, իսկ այսօր՝ Հայրենիք…..
Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբ