ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԻՆ
Այսօր համացանցի վրայ տեղ գտած լուրերուն համաձայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Էրտօղանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայարգ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայացած է հեռախօսազրոյց մը, որ առիթ ընծայած է փոխադարձ շնորհաւորութեան Պայրամի եւ մօտալուտ Վարդավառի տաղաւարին առիթներով։
Այս հեռախօսազրոյցը լաւատեսութեամբ դիմաւորած է Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, որ Tweeter-ի էջին վրայ ողջունելով սոյն բարեդէպ հանդիպումը: արտայայտած է իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը, անոնց կցելով իր բարեմաղթութիւնները։
“Թուրքիոյ Նախագահ Վսեմաշուք Էրտողան եւ Հայաստանի Վարչապետ Մեծայարգ Փաշինեանի միջեւ կատարուած հեռախօսային զրոյցը եղաւ խաղաղութեան վերաբերեալ մեր յոյսերը ծաղկեցնող տօնական նուէր մը մեր աշխարհին համար, որ վրդովուած է պատերազմի լուրերով:
Աղօթող եմ որ թո՛ղ շահին դիւանագիտութեան խաղաղարար միջոցները, եւ ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Այս հեռախօսազրոյցը կը մաղթեմ որ պատճառ կը դառնայ որպէսզի բարեկամական նոր էջ մը բացուի հազարամեայ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու մէջ”:
Կարդացեք նաև
Պատրիարքութիւն Հայոց