Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնազրկման քայլերէն առաջ ի՞նչ առաջնահերթութիւններ կան. վարչապետը կը խօսի Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմի հաւանականութեան մասին (յարձակումը օրինականացնելու փորձ կատարելով): Կարելի է մտածել, որ վարչապետը այս վտանգին մասին կը խօսի համոզիչ դարձնելու համար Աղաւնոյի եւ Բերձորի յանձնումը. այլապէս` «պատերազմ կը սկսի» տրամաբանութեամբ: Յամենայն դէպս երկու պարագային ալ պատերա՞զմ, թէ՞ նոր յանձնուողականութիւն` հրատապ խնդիրը Ազգաժին ժողովի փոխնախագահին փոխարինումը չէ:
Իշխանութիւնները անդադար այսօրուան իրավիճակին բուն պատասխանատուութիւնը նախկիններուն վրայ բարդելով փուլ առ փուլ իբրեւ պարտուած կողմ կը կատարեն 9 նոյեմբերով կայացած միակողմանի յանձնառութիւնները: Պետական մտածողութիւնը սկզբունքով պիտի թելադրէր, որ պարտուած կողմի բանակցող դէմքերու փոփոխութիւնը հրամայական է, ո՛չ միայն ժամանակ շահելու, այլ նաեւ փորձելու բանակցային նոր կէտեր ճշդել:
Ժամանակ շահիլը այս պայմաններուն մէջ կը կապուի Ուքրանիոյ պատերազմին արդիւնքներուն հետ: Անգարա եւ Մոսկուա շահերու բախման հաւանականութեան ելեւէջներուն հետ: Հանգամանքներու նման փոփոխութիւն մը կրնայ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւն տալ նոյնինքն 6-րդ կէտին եւ ձգձգել կամ առկախել այլընտրանքային ճանապարհի հայկական հատուածի կառուցումը, կամ ընդհանրապէս թուրանական կամուրջի բացումը՝ Սիւնիքի վրայով եւ կամ Բերձորի ու Աղաւնոյի յանձնումը:
Այս բոլորին համար բանակցող նոր դէմքեր պէտք են. ամբոխային տրամաբանութիւնը վերստին իշխանութիւնը յանձնեց նոյն վարչակարգին եւ պետական մտածողութիւնը կը շարունակէ բացակայիլ մեր քաղաքական կեանքէն:
Կարդացեք նաև
6-րդ կէտի իրականացումը առկախելու համար հայկական կողմը ունի հիմնաւորեալ բաժին. նոյն յայտարարութեան առաջին կէտը կ՛ըսէ. 2020 թուականի նոյեմբերի 10-ի մոսկովեան ժամանակով 00:00-էն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կը յայտարարուի ամբողջական հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու աւարտի մասին: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսուհետեւ` Կողմեր, կանգ կ՛առնեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ:
Պարզ է, որ Պաքուն խախտած է առաջին իսկ կէտը: Մինչեւ 6-րդ եւ 9-րդ կէտերուն հասնիլը հայկական կողմը կրնայ պահանջել ուրեմն առաջին կէտի գործադրութիւնը եւ ազրպէյճանական զօրքերու յետքաշումը սկսելու համար արցախեան այն տարածքներէն, որոնց վրայ վերահսկողութիւն յառաջացուց 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք: Նման քայլերու դիմելու փոխարէն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը դիմէ Ազգային ժողովի տեղակալի պաշտօնազրկման քայլին` ճակատագրական եւ հրատապ նիւթերէն շեղում կատարելով եւ ընդդիմութիւնը հարուածելու փորձ գրանցելով:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: