Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
Շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ կարգ մը գաղութներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք շարք մը ծրագիներ։
ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։