Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ ճանապարհային փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն այն ատեն, երբ ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն կը հաստատեն նոր երթուղիին վրայ:
Հիմա տեսնենք 9 նոյեմբերի յայտարարութեան համապատասխան կէտը.
6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:
«Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար:
Կարդացեք նաև
«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:
Այստեղ փաստօրէն կը խօսուի նոր երթուղիի մասին.
նշում չկայ ներկայ միջանցքը չգործարկելու եւ աւելին` Բերձորը յանձնելու մասին: Բերձորի կամ ԼՂԻՄ-եան տարածքներէն դուրս գտնուող տարածքներու յանձնման մասին ակնարկ կայ «մենք այս ընթացքին երթուղիի փոփոխութեան շուրջ քննարկում ունեցած ենք Ռուսիոյ մեր գործընկերներուն հետ» յայտարարութեամբ:
Թէ՛ Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին եւ թէ՛ նոր երթուղիին բացման համար տեսանելի է ազրպէյճանական շտապողականութիւնը: Լաչինի նորացուած միջանցք` Զանգեզուրեան միջանցքի դիմաց. ա՛յս է Պաքուի բանաձեւը: Գործընթացը կրնայ դանդաղիլ, առկախուիլ կամ արագանալ: Լաչինի նոր երթուղին կամ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհը համաձայնեցուած են ռուսական միջնորդութեամբ:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: