14 Յունիսին «Դիմադրութիւն» շարժումի ղեկավարութեան կողմէ յայտարարուեցաւ, որ այնուհետեւ մարտավարական փոփոխութիւններ կը կատարուին շարժումի գործելաձեւին մէջ: «Դիմադրութիւն» շարժումը այդ օրէն ի վեր կը շարունակէ ի զօրու պահել իր ամէնօրեայ բողոքի ու անհնազանդութեան քայլերը, բայց վերցուց Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղադրուած վրանները, որոնք առանձինն արդիւնաւէտ միջոց չէին իշխանութիւններուն դէմ մղուող այսպիսի երկար շունչ պահանջող պայքարի մը մէջ:
«Դիմադրութիւն» շարժումին նպատակը միեւնոյնը կը մնայ: Նպատակը երբեք եւ երբեք սոսկական իշխանափոխութիւնը չէ: Նպատակը նախ կանխելն է պարտուողական եւ յանձնուողական որեւէ նոր պայմանաւորուածութիւն, որ կրնայ գոյանալ Ատրպէյճանի հետ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ այսպէս կոչուած «յարաբերութիւններու կարգաւորման» որեւէ քայլ, որ ապագային կրնայ գերեզմանել մեր պահանջատիրական պայքարը, իսկ կանխելու, կանխարգիլելու լաւագոյն միջոցը փաշինեանական իշխանութիւնը հեռացնելն է: Իշխանութիւն մը, որ Նոյեմբեր 9 2020-էն ի վեր բազմիցս ապացուցած է թրքական եւ ատրպէյճանական օրակարգերու իր սպասարկումը:
«Դիմադրութիւն» շարժումի գործունէութեան մարտավարական փոփոխութեան ոլորտին մէջ շատ կարեւոր է պայքարը աւելի ցանցային, ապակեդրոն դարձնելը: Արդէն միտում կայ շարժումին ղեկավարութեան կողմէ՝ երթալու մարզեր, շրջաններուն մէջ ստեղծելու անհնազանդութեան օճախներ: Հոն՝ մարզերուն եւ հեռաւոր շրջաններուն մէջ են, որ առկայ են կնճռոտ ընկերային հարցերը: Եւ պայքարը միայն Արցախի համար չէ, միայն ազգային խնդիրներուն համար չէ, հակառակ վերջիններուս ներկայացուցած կարեւորութեան, այլ նաեւ արդարութիւն եւ արժանապատիւ կեանք ստեղծելու համար է: Բան մը, որ խոստացուած էր այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութեան» ժամանակ, բայց եւ այնպէս դարձած էր օդին մէջ մնացած խօսք:
Շարժումին եւ պայքարին ցանցայնացումը եւ ապակեդրոնացումը պիտի ապահովէ անհրաժեշտ ճիգերու կուտակումը՝ իրականացնելու համար «Դիմադրութիւն» շարժումին տենչացած փոփոխութիւնը՝ սպասուող երկարաշունչ պայքարէ ետք: Շարժումին ղեկավարութիւնը ներկայիս կը գիտակցի, բայց այս գիտակցութիւնը պէտք է նաեւ արթնցած ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնել, որ այս պայքարը դիւրին չէ, եւ անհրաժեշտ է երկար շունչ ունենալ անոր յաջողութիւնը ապահովելու համար: Այդ յաջողութիւնը անհրաժեշտաբար կ՛ապահովուի նաեւ «Դիմադրութիւն» շարժումին շուրջ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումով:
Կարդացեք նաև
Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում