Դիւանագիտական ռազմադաշտը տարբեր է, թէ՛ իր ոլորտով եւ թէ՛ իր ստեղծած պայմաններով։ Հոն ալ զինամթերք գոյութիւն ունի, ամէնափոքր փամփուշտէն մինչեւ ամենածանր հրետանին եւ նոյնիսկ… անօդաչու սարքը, հոն ալ կարելի է անակնկալ կացութիւններ ստեղծել եւ նոյնիսկ դիրքեր գրաւել։ Այդ ընելու համար պէտք է ունենալ տեսլական, շրջահայեացութիւն, գիտելիք, նոյնքան մըն ալ արիութիւն:
44-օրեայ պատերազմի աղէտալի աւարտն ու չարաչար պարտութիւնը, յատկապէս այդ պարտութիւնը կերտած ղեկավարութեան կուրօրէն կառչած մնալը ծանր հարուած տուած է նա՛եւ Հայաստանի դիւանագիտական բազուկին: Միայն կամաւոր կոյրերն է որ չեն տեսներ, թէ վարչապետ Փաշինեանի հովանաւորութեան տակ գտնուող «պայմանագրեալ քաղաքացիներ», այսինքն «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի անդամ երիտասարդ նորելուկներ հետեւողական կերպով թափանցած են պետական վարչամեքենայէն ներս եւ յափշտակած՝ բանալի պաշտօններ, սկսելով արտաքին գործոց նախարարութէնէն մինչեւ Սպիտակ Տան երկրին մէջ դեսպան նշանակուածը, անցնելով գրեթէ բոլոր ոլորտներէն: Նոյնքան ակներեւ է, որ նման պաշտօններու կոչուելու համար, փորձառութիւն, իմացութիւն անկարեւոր են, միակ նախապայմանը՝ վարչապետին (եւ զայն ներսէն ու դուրսէն հովանաւորողներուն) հաւատարիմ ճանչցուիլն է:
Բնականաբար զարմանալի չէ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ստեղծուած կացութիւնը՝ Նոյեմբեր 9, 2020-էն ետք, երբ բանալի դիրքեր ունեցող եւ համեմատաբար աւելի փորձառու անձնաւորութիւններ «շնչահեղձ» եղան, ստիպուեցան հրաժարիլ եւ հեռանալ իրենց պաշտօններէն։
Նոյն հայեցակէտով ալ, երբեք զարմանալի եւ անսպասելի չէ Արցախի ղեկավարութենէն հնչած ահազանգերը։ Արդարեւ, փոխանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն է, որ լաւապէս «դիտելով» կացութիւնը (չմոռնանք, որ ան տեսողութիւնը զոհ տուած է ազերիական ռումբի մը), ամէնայն յանդգնութեամբ պատասխանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մէկ պոռոտախօս արտայայտութեան, ըստ որուն՝ «Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի» եւ թէ՝ «հարցը փակուած կը համարուի»։
Բեգլարեան դիւանագիտական իւրայատուկ բառամթերքով եւ բառախաղով պատասխանեց․
«Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, որ թէեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ պաշտօնապէս, բայց ենթակայ է միջազգային իրաւունքի»։
Կարդացեք նաև
Աւելին, կարկինը լայնցնել եւ ներատրպէյճանական դիտարկում մը կատարելով, Բեգլարեան նշեց, թէ հայերու կողքին, կան թալիշներ, աւարներ, թաթարներ, լեզգիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ, եւ Ալիեւի համար առաջնահերթութիւն մը պէտք է ըլլայ այս գծով նոյնչափ լիազօրութիւն վստահիլ։ Այս խօսքերը բնականաբար պէտք չէ ընկալել իբրեւ պատրաստակամութիւն՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ գոյավիճակով տեսնելու պատրաստակամութեան, որուն քարոզիչներն են ՔՊ-ականներու պետն եւ «ուսապարկեր»-ը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում