«Եռագոյն». Հայ մարդուն եւ հայկական հաւաքականութիւններուն բարքերուն մաս կը կազմէ օտարամոլութիւնը, խորհելով որ յառաջդիմութիւն է օտարը կապկել, օտար լեզու խօսիլ, օտար կազմակերպութեան անդամ ըլլալ, օտար լեզուով երգել: Օտարամոլութիւնը քննադատել չի նշանակեր ըլլալ այլամերժ:
Հայաստանի «Քաղաքացիական Պայքար», կուսակցութեան անդամ Յովիկ Աղազարեան, ինչպէս կ’ըսեն նաեւ ՔՊ-ի պատգամաւոր, ԱՌԱՒՕՏ թերթի հետ հարցազրոցի մը ընթացքին (22/06/2022) ըսած է. «Դու հայ ես, չէ, ախպեր ջան, քո երեխուն տար հայկական դպրոց, եթէ քեզ ռուս ես համարում՝ հարց չկայ»: Այս ազգային-քաղաքական իմաստութիւն է, յանձնառութիւն: Բայց դժբախտաբար երբեք չէ եղած հաւաքական կամք եւ տեսիլք Սփիւռքի մէջ, բայց ցաւագնօրէն՝ նաեւ Հայաստան:
Այս հիւանդագին օտարամոլութիւնը ունի բազմաթիւ դրսեւորումներ եւ աւերող հետեւանքներ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի «ընտրանի»-ն, «էլիդա»-ները, անոնք ըլլան իրաւ թէ կեղծ, առաջին հերթին իրենք առաջնորդած են այս նահանջականութիւնը, որուն արդիւնքը տեսանելի է ամենուրեք, եւ տգիտութեամբ, այդ համարուած է եւ կը շարունակէ համարուիլ յառաջդիմութիւն, արդիականութիւն՝ ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն: Յովիկ Աղազարեան կ’ըսէ, որ «Ժամանակին մեր մօտ (այսինքն՝ Հայաստան) կաշառք էին տալիս, որ իրենց երեխեքին տանեն ռուսական դպրոց, «պրիստիժնի» էր: Սփիւռք կ’ըսենք «պրեստիժ», որ կարծէք ընտանիքին եւ երեխային կու տար յաւելեալ վարկ եւ հմայք, զայն կը դարձնէր աւելի գիտուն, կը բանար յաջողութեան դռները:
Յովիկ Աղազարեան կը յիշեցնէ, որ կաշառք կը տրուէր, որպէսզի երեխան ընդունուի ռուսական դպրոց: Սփիւռքի մէջ ալ, մարդիկ յանձն կ’առնէին մեծագումար թոշակ վճարել օտար վարժարանին, երբ միջոցներ կը փնտռէին հայկական վարժարանին թոշակը սակարկելով նուազեցնելու, կամ դիմելու բարեսիրական միութեան մը օգնութեան, երբ օտար վարժարան կը ղրկէին, յանձն կ’առնէին մեծ գումար վճարել: Այս ստորակայութեան եւ օտարամոլութեան բարդոյթ է, քանի մարդիկ կը քաղքենիանան:
Կարդացեք նաև
Վերջին օրերուն շատ խօսուեցաւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի Հայաստան այցելութեան առիթով, ռուսական դպրոցներ բանալու համար եղած դիմումի մասին: Զրոյցի ընթացքին, հայօրէն համարձակ եւ օրինակելի խօսք ըսած է Յովիկ Աղազարեան. «Հարցին՝ բա Լաւրովն ի՞նչ էր ասում, ինչո՞ւ ենք մենք խնդրում, որ Հայաստանում ռուսական դպրոցներ բացեն՝ Աղազարեանը պատասխանեց. «Դա այն քաղաքացիներն են, Լաւրովի շրջապատից այն մարդիկ են, որոնք ուզում են Հռոմի պապից աւելի կաթոլիկ երեւան: Շատ շատերն ինձ համարում են ռուսամէտ քաղաքական գործիչ: Հա, ես գտնում եմ, որ Ռուսաստան՝ դաշնակից, զինակից, բայց ոչ իմ ինքնութեան հաշուին: Ես դէմ եմ, որ հայ երեխան գնայ ռուսական դպրոց, դէմ եմ միանշանակ» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Յովիկ Աղազարեանի խօսքին մէջ քննադատութիւն կայ անոնց նկատմամբ, որոնց համար կ’ըսէ «Հռոմի պապից աւելի կաթոլիկ»: Պէտք է պարզ թարգմանութեամբ իմանալ՝ ստրկամիտներ: Աւելի յատկանշական է «ոչ իմ ինքնութեան հաշուին»ը: Ի հարկէ պէտք է գիտնալ օտար լեզուներ, բացուիլ աշխարհի վրայ, բայց մնալ ազգային հարազատութեան եւ մշակոյթին մէջ: Յովիկ Աղազարեան պատգամաւոր է, հնարաւորութիւն ունի հետաքրքրուելու թէ ի՞նչ լեզուով, բանաւոր եւ գրաւոր, կը հաղորդակցին պետական աւագանիի անդամները եւ պայքարիլ, որ օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը, անոնք ըլլան ռուսերէն կամ ամերիկերէն, դադրեցնեն:
Հետեւելով Յովիկ Աղազարեանի «ոչ իմ ինքնութեան հաշուին» ազզային պայծառ միտքին, սրտագին կոչ կ’ընեմ իրեն ուշադրութիւն դարձնելու Հայաստանի մէջ խօսուած եւ գրուած հայերէնին, պետական աւագանիէն մինչեւ մամուլ, մինչեւ համեստներ եւ շուկայ: Հայերէնի մէջ ներխուժած են հազարաւոր օտար բառեր, զեղծելով մեր հիմնական ժառանգութիւնը: Լեզուի մասին օրէնք կայ: Զեղծումներու համար կարելի է դատի դիմել: Վստահար կը ճանչնայ Լեզուի Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գյիւրջինեանը: Չեմ գիտեր թէ տեսա՞ծ է եւ կը կարդա՞յ, կ’օգտագործէ անոր «յորդորակներ»ը օտար բառերը հայերէններով փոխարինող: Հարցախոյզ մը թող ընէ Պետական Աւագանիի անդամներուն մօտ,- նախագահ, վարչապետ, պատգամաւորներ, նախարարներ եւ անոնց գործակիցները,- գիտնալու համար, թէ անոնց ո՞ր տոկոսը տեղեակ է այդ «Յորդորակերէն» եւ զանոնք նկատի կ’առնէ:
Ինչպէս իրաւացիօրէն ըսած է Յովիկ Աղազարեան, որ հայերէնի արդիականացումը մեր «ինքնութեան հաշուին» տեղի պէտք չէ ունենար: Հազարաւոր օտար բառեր իրենք զիրենք պատուաստած են, մենք պատուաստած ենք հայերէնի վրայ, եւ երջանիկ հպարտութեամբ զանոնք կը գործածենք բանգէտի լուսապսակ դնելու համար գլխուն: Իսկ այս նահանջը կ’արդարացուի ըսելով, որ «լեզուն կը յառաջդիմէ»: Եթէ երեւոյթը հայու գիտակցութեամբ գնահատուէր, պէտք էր ըսուէր, որ լեզուն կ’այլասերի: Ինչո՞ւ Դաւիթ Գյիւրջինեանը Ազգային Ժողով չհրաւիրել այս մասին զեկուցում տալու համար: Եւ քանի որ հայերէնի դէմ գործող եւ զայն այլասերող նախայարձակումները ազգին ինքնութեան եւ գոյութեան վտանգ են, ինչո՞ւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ յատուկ բաժին չհաստատել Լեզուի անվտանգութեան հսկելու համար:
Յովիկ Աղազարեանի եզրակացութիւնը սերունդներու պատրաստութեան հեռանկար ունի: Կ’ըսէ. «Ես դէմ եմ, որ հայ երեխան գնայ ռուսական դպրոց, դէմ եմ միանշանակ»:
Այս խօսքը կրնա՞նք նաեւ որպէս ուղեցոյց ընդունիլ Սփիւռքի համար: Ի հարկէ Սփիւռքի բոլոր համայնքները դպրոցներ չունին, բայց հոն ուր անոնք կան, կրնա՞նք ընել այնպէս, որ հայ տղան գտնուի հայկական վարժարանի մէջ, հոն ուր չկայ դպրոց, ինչո՞ւ չհիմնել նորը, կամ ստեղծել պայմանները, որպէսզի դպրոց չունեցող շրջաններէն աշակերտներ ընդունուին հայկական հեռու կամ մօտ դպրոցներու մէջ:
Այս կազմակերպութեան եւ ներդրումի խնդիր է, մանաւանդ՝ հաւատքի: Բայց նաեւ ղեկավարումի՝ որ զանգուածը առաջնորդէ, պայքարի օտարամոլութեան դէմ, որուն հետեւանքը ապազգայնացում է: Եթէ հայ դպրոցը եւ հայերէնը մնան մասնակի երեւոյթներ, փոքրամասնութիւններու շրջանակին մէջ, վաղ թէ ուշ այդ շրջանակի օղակը կը սեղմուի: Ի՞նչ կ’ըլլայ հայկական ապագան եւ լինելութիւնը ազգի աւելի քան կէս Սփիւռքի եւ անոր նոր հասնող սերունդներուն:
Այսօր արդէն այս մասին եղած արտայայտութիւնները լսողներու եւ ընթերցողներու զանգուածը կը նօսրանայ, նօսրացած է: Այլ խնդիր է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է լսուիլ չլսողներէն:
Իսկ սփիւռքի մէջ, ղեկավարութիւններու հետզհետէ աճող տոկոսին համար լեզուն դադրած է էական օրակարգ ըլլալէ: Ազգային լեզուի եւ ոգեկանութեան ժառանգութեան հիմնաւորումէ հեռացած հեռացող սերունդները եւ անոնց ղեկավարութիւնները ժամանակ մըն ալ զբօսաշրջային հայրենասիրութեամբ պիտի ըսեն որ կան: Յետո՞յ…
Սփիւռք(ներ)ի մէջ իրատեսութեամբ պէտք է դիտենք հայկական ընկերութեան եւ սերունդներու հոլովոյթը: Թերեւս ղեկավարումներուն տալու համար ազգային այլ որակ:
Թերեւս ղեկավարութիւնները իրենք պէտք է սկսին հայերէնի որակաւոր սիրով, ինքնութիւն նուաճել, չայլանալով օտար լեզուներով զիրար փնտռելով եւ չգտնելով, անգիր ընելով, ամէն օր կրկնելով եւ հաւատքի վերածելով Վահան Թէքեանի՝ «ՏԱՂ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻՆ»ը, հայերէն բնագրով:
Կը կցեմ Վահան Թէքէեանի Յովիկ Աղազարեանի «ինքնութեան» պաշտպանութեան որպէս կոչ՝ ՏԱՂը, Հայաստան եւ սփիւռք:
ՏԱՂ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻՆ
Քե՛զ, Հայ Լեզո՛ւ, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման…
Մեր անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյ-մէկ՝ պտուղ՝ քու բոլոր բառերդ ինծի կ’երեւան,
Որոնց մէջէն կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես:
Մրգաստանի մը նման կը սիրեմ քեզ, Հայ Լեզո՛ւ…
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մնացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՛կ, որ դիմացար դարերու
Եւ կը մնաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ:
Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ’երթամ խինդով մ’անսահման,
Արմատներուդ, ճիւղերուդ վրայ նայելով հիացիկ,
Զարմանալով, թէ ի՛նչպէս դուն մընացիր, երբ սաստիկ
Քամին քու շուրջդ փչեց եւ տապալեց ամէն բան:
Մէյ-մէկ պտուղ գոյնզգոյն բոլոր բառերդ ահա,
Հիւթեղ բառերդ, զոր այնքան հասունցուցին արեւներ,
Բառե՛րդ, որքան այս պահուս շրթանցս վրայ եմ բռներ,
Բառե՛րդ, որ քիմքըս կ’օծեն եւ կը սփոփեն սիրտս հիմա:
Քաղաքականութիւն եւ դիրքապաշտութիւն չխաղալ հայու ինքնութեան հաշւոյն, մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը: