Ա.Մ.Մ. Ազգային Մարզական Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի Կազմակերպութեամբ, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ին հայրենաշունչ եւ շահեկան դասախօսութիւն մը մատուցեց ԱՄՄ-ի Ալէք Մանուկեան Սրահէն ներս, “Սփիւռքահայ իրականութիւններ, Հայապահպանումը եւ Ազգային Ամբողջական Մշակոյթի գործընթացը” խորագրով։
Ազգային Մարզական Միութիւնը դասախօսութիւններով, գրական կամ մշակութային զանազան միջոցներով, համագործակցելով Սփիւռքի կառոյցներու, ինչպէս եւ գործօն դեռ տանելով ու մաս կազմելով՝ Հայրենիքի մէջ տարբեր միջոցառումներու, միշտ ձգտած է պահպանել Ամմանահայ փոքր համայնքի Հայեցի նկարագիրը։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր բանախօսութեան մէջ արծարծեց մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ Հայ լեզուի դերը, թէ ինչպէս յարմարուիլ եւ պահպանել մշակոյթը: Նաեւ ինչպէս համաշխարհայնացած աշխարհէն վերադառնալ տեղակայնացման, ազդեցութիւն մը, որը ուղակի եւ խորապէս կը զգացուի Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքներու համայնքներուն մէջ։
Դոկտ. Ճէպէճեանը յորդորեց ըլլալ լաւատես, եւ շեշտեց համայնքի կառոյցները պահպանելու կարեւորութիւնը։
Կարդացեք նաև
Այս օգտակար դասախօսութեան ներկայ էին Հայապահպանման հարցով մտահոգ գործոն շօշափելի թիւով տարր մը, որոնք կը վայելէին Գաղութիս Հոգեւոր Առաջնորդ Աւետիս Ծ.Վ. Իփրաճեանի բարձր ներկայութիւնը, ինչպէս եւ Ազգային Տեղական խորհուրդի, ՀՕՄ-ի վարչական անդամններու եւ ուսուցչուհիներու քաջալերանքը:
Ուրախալի է գիտնալ, որ Մեծարգոյ Աստուածաբան Տիար Հրայր Ճէպէճեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով՝ 2014 թուին, Ինչպէս եւ Կիլիկիոյ Թեմի՝ Կաթողիկոսութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Ձեռամբ Դեկտեմբեր 2021ին պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ մեկնելով իր երկար տարիներու Ազգային-եկեղեցական ու Աստուածաշնչային գործունէութիւններու համար։
Տէր եւ Տիկին Ճէպէճեաններու Հայապահպանման աշխատանքին ծանօթ է մեր Ամմանահայ Համայնքը արդէն տարիներ։
2013-ի Ապրիլին, նոյն սրահին մէջ գաղութը վայելած էր Դոկտ. Արտա ճէպէճեանի դասախօսութիւնը «Լեզուապահպանումի Մարտահրաւէրը Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Սեմին»։
Մարալ Ներսէսեան