Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ընդդիմութիւնը երբեք իշխանութեան թշնամին չէ, այլ անոր սխալներուն դէմ կանգնող հոսանքը, որուն ընդմիշտ կարիքը կայ․ «Հայրենիք»

Հունիս 17,2022 10:04

«Կեանքիս երկար տարիներ անցուցած եմ ընդդիմութեան մէջ, եւ կը նախընտրեմ այդ դերը»:

Էլընըր ՌուզվԷլթ (1884-1962, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Ֆրանքլինի կողակիցը)

Ընդդիմութիւնը երկրի մը յառաջդիմութեան բազկերակն է։ Հաւանաբար այս կարճ ու կտրուկ հաստատումը անակնկալի բերէ ընթերցողը, սակայն խորքին մէջ քաղաքական կեանքի զարգացումներուն մօտէն հետեւողին համար, յստակ է, թէ ինչպիսի պայմաններու տակ կը ներկայացնենք «ընդդիմութիւն» հասկացողութիւնը։

Որեւէ քաղաքակիրթ միջավայրի, շրջանակի, կուսակցութեան կամ երկրի մէջ, շնորհիւ իմաստուն եւ հաւասարակշռուած ընդդիմութեան է որ կարելի կ՛ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել եւ սրբագրել ղեկավարութեան մը իշխանութեան սխալներն ու թերացումները:

Ընդդիմութիւնը երբեք իշխանութեան թշնամին չէ, այլ անոր սխալներուն դէմ կանգնող հոսանքը, որուն ընդմիշտ կարիքը կայ։ Աւստրիացի հոգեբան Զիկմունտ Ֆրէօյտ առարկայական եւ հոգեբանական խոր վերլուծումներով բացատրած է ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիրները, մատնանշելով, թէ ընդդիմադիր ճակատները իբրեւ ծայրայեղական ներկայացնելը դուռ կը բանայ չարաշահութեան եւ աւելին՝ թշնամութեան եւ գարշանքի վերածուելու աստիճանի ատելութեան։

Ֆրէօյտի դրացի հանճար մը՝ գերմանացի Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ, նմանօրինակ հաստատում մը կատարած է, շեշտելով, թէ ընդդիմութեան մը գոյութիւնը արդիւնաբեր է։ Մեր կարգին, շեշտենք ընդդիմադիրներուն ՇԻՆԻՉ դերակատարութիւնը:

Սակայն բուն հարցը՝ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութեան գործընթացն է։ Կարելի է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կատարուի առողջ վիճաբանութիւն եւ նոյնիսկ գործակցութիւն։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ ասիկա չնաշխարհիկ պտուղ չէ:
Նման գործընթացին մէջ, ղեկին վրայ գտնուողն է, որ ըլլալով երկրին տէրն ու տիրականը ՝ կրնայ ամէն քայլափոխի քննադատուիլ, նոյնիսկ ամենադոյզն, երկրորդական սեպուող հարցի մը պատճառով։ Հետեւաբար, տրամաբանական է, որ ղեկին վրայ գտնուողը աւելի զգոյշ քաղաքականութիւն կիրարկէ, բաղդատած ընդդիմութեան, որովհետեւ, ի վերջոյ, իշխանութեան արարքներն են որ կը տնօրինեն երկրին ընթացքը, ճակատագիրը՝ տուեալ ժամանակամիջոցին։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930