Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական թեմերն ու եկեղեցիները բոլոր ժամանակներուն հայուն պահած են հայ»

Հունիս 17,2022 13:00

Հարցազրույց Բրազիլիայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Բերբերյանի հետ

– Սրբազան հայր, ի՞նչ պետք է անել երիտասարդներին եկեղեցու հետ կապելու համար:

– Իմ հոգեւոր ծառայութեան այս 30 տարիներու աստուածախնամ ընթացքի մէջ աշխատած եմ երիտասարդներուն հրամցնել հոգեւոր եւ ազգային-հայրենասիրական գաղափարները, միշտ մտածած եմ, որ գաղութի մէջ երիտասարդը այն կռուան ուժն է, որ կրնայ բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ իր յատուկ դերն ու նշանակութիւնը ունենայ եւ աշխատանքը կատարէ բարձր որակաւորմամբ։ Երիտասարդները կը սիրեն պատասխանատուութիւն, կ՚ոգեւորուին եւ աւելի մասնակից կը դառնան թեմական, ներթեմական աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Ժամանակակից աշխարհը ունի իր ուրոյն կանոնները, կը կարծեմ, որ պէտք է քալել ժամանակին համընթաց, ուստի, պէտք է երիտասարդներու հետ խօսիլ իրենց լեզուով։ Երբ 2013թ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի կողմէ նշանակուեցայ ծառայելու Պրազիլի Հայոց Թեմը, առաջին աշխատանքներէս մէկը եղաւ Երիտասարդաց միութեան ստեղծումը։ Մտադրութիւնս փառք Աստուծոյ ի կատար ածուեցաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակուի իր փոքրիկ, բայց միւս կողմէ շատ կարեւոր ծրագիրներու մէջ օգտաբերութիւն ունենալ թեմի, գաղութի ամրապնդման եւ հզօրացման համար։ Երիտասարդաց միութեան մէջ ընգրկեցինք բազմաթիւ հայ երիտասարդներու, միութեան մաս կազմեցին նաեւ այն հայեր, որոնց երակներուն մէջ կը հոսի օտարի արիւն։ Պէտք է ըսեմ, որ անոնք իրենք իրենց կ՚զգան հայ, աւելի կապուած են առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյն եւ առաքելական եկեղեցւոյ միջոցով ալ Հայրենիքին եւ Արցախին։ Կը կարծեմ որ այսպիսի միութիւններու աշխատանքը գաղութը կրնայ կանգուն պահէ, եւ կապը հայրենիքի հետ անքակտելի դարձնէ։ Բազում ծրագիրներու շրջանակի մէջ հայ երիտասարդներու հետ ուղեւորուած եմ Հայաստան, անոնց ծանոթացուցած եմ մեր պատմական վանքերու ու եկեղեցիներու բազմադարեայ, անգնահատելի աւանդի մասին։ Անշուշտ այցելութիւնը սկսած ենք մեր հոգեւոր կեդրոնէն՝ Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ ստանալով Ամենայն Հայոց հայրապետի օրհնութիւնն ու գնահատանքը։
Վերջերս մեր թեմի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք, որու ընթացքին անոնք ծանոթացան հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։ Այդ հանդիպումէն յետոյ իմ նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ աւելի փոքրիկ յանձնախումբ բաղկացած 11 անդամներէ եւ 3 օգնականներէ՝ նպատակ ունենալով երիտասարդաց աշխատանքները աւելի կազմակերպուած դարձնելու համար։ Երիտասարդներու կատարած աշխատանքի արդիւնքները կուրախացնեն ինձ, քանի որ մեր թեմի երկու եկեղեցիներու խորաններուն վրայ կը ծառայեն փոքր եւ միջին տարիքի երիտասարդներ։ Մեր առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներէն ոմանք երիտասարդներ են։ Իսկապես ուրախ եմ, որ թեմը կը պայծառանայ, նոր շունչ ու ոգի կ՚ստանայ մեր երկարամեայ եւ հարուստ պատմութիւն ունեցող պրազիլահայ գաղութը:

«Երիտասարդներու ձայն» երգչախումբը` ստեղծված Հայ Ազգային Դուրեան վարժարանի սաներից Ղեկավարում է սրբազանը

– Ինչո՞վ է կարեւոր եկեղեցու դերը հատկապես Սփյուռքի հայկական համայնքներում:

– Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական թեմերն ու եկեղեցիները բոլոր ժամանակներուն հայուն պահած են հայ, գրաճանաչ, իւրաքանչիւր հայու մէջ ամուր պահած են դէպի հայրենիքի ձգուող աննկուն սէրը։ Սփիռքի ամէնէն մեծ խնդիրը ուծացումն է, հայի ձուլումը օտարին, ուր որ ծառայած եմ բախուած եմ այս դառը եւ անցանկալի իրողութեանը, որը գոհացուցիչ չէ ոչ մի հոգեւորականի կամ առաւել եւս թեմակալ առաջնորդի համար, բայց պէտք է ըսեմ, որ պրազիլահայ գաղութի այս իրականութիւնը կ՚արտայայտուի այլ ձեւով, անշուշտ աշխատանքներ կը կատարուին՝ փոքր-ինչ մեղմելով այդ ամէնը, բայց պէտք է ըսեմ, որ եթէ սիրող զոյգի մէջ ձեւավորուած է սէր, ապա ոչ ոք իրաւունք ունի խանգարելու այդ յարաբերութեան վերջնական եւ օրինական միութիւնը։ Պրազիլահայ գաղութին մէջ հետաքրքրականն այն է, որ զոյգերէն մէկն ալ եթէ հայ է, ապա պսակի արարողութիւնը կը կատարուի հայ եկեղեցւոյ մէջ, առաւել հետաքրքրական է, երբ անոնց երեխաները կը մկրտուին հայ եկեղեցւոյ մէջ՝ դառնալով առաքելաւանդ մեր եկեղեցւոյ մի մասնիկը։ Մենք ունենք 94 տարեկան բազմաւանդ, թեմապատկան Ազգային Դուրեան Վարժարան, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ մինչեւ օրս իրենց երեխաներուն կը բերեն հայ դպրոց, կը փորձեն աւելի մօտ գտնուիլ հայկականութեանը եւ անոր մեծածաւալ դրական արտայայտումներուն։ Մեծ է եկեղեցւոյ դերը համայնքի կեանքին մէջ, սփիւռքի մէջ տուեալ համայնքի կեդրոնացման վայրն է եկեղեցին, ժողովուրդով կ՚սկսի եւ կ՚աւարտուի եկեղեցական ամէն մի ծիսակարգ, անշուշտ հայկական կառոյցներու հետ համագործակցութիւնը հայկական գաղութը կը դառձնէ աւելի ամուր, հաւատքի մէջ աւելի զօրացած, հայրենիքի նկատմամբ աւելի սիրառատ եւ պատրաստակամ մասնակցելու հայրենանպաստ իւրաքանչիւր ծրագրի եւ աշխատանքի։ Հետաքրքրական մի փաստ կայ, որ կը ցանկանայի մէջբերել. Սփյուռքի մէջ ծնած եւ մեծցած ամէն մի երեխայ հայրենիքը կը ճանչնայ եւ կը սիրէ եկեղեցւոյ միջոցով, հայութեան ամէնէն վեհ կեդրոնի՝ եկեղեցւոյ ճանապարհին վրայ կը գտնուի հայրենասիրության, հայրենապահպանութեան բոլոր բարի պտուղները։

Արցախյան 3 պատերազմների հերոս նահատակներին նվիրված հուշակոթողի բացման եւ օրհնության արարողություն` հայաշատ Սան Պաուլո քաղաքում

– Ի՞նչ հետաքրքիր նախաձեռնություններով է այս տարի հանդես եկել Բրազիլահայոց թեմը:

– Մեր թեմի համար 2022 թուականը նշանաւոր տարի կարելի է համարել, որովհետեւ չտեսնուած մի ծրագիր սկսած ենք իրականացնել։ «Եկեղեցի-տուն. եկեք միացնենք զիրար» վերնագիրը կրող այս ծրագիրով նպատակ ունինք համայնքի մէջ աւելի արմատացնել սէրը դէպի եկեղեցի, սէրը դեպի հայրենիք՝ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհ։ Այս ծրագիրը իր մէջ կը պարունակէ բազմազան փոքրիկ ծրագրեր, որոնք կամաց-կամաց կեանքի կը կոչուին, որոշ ծրագրեր արդէն սկսած ենք իրականացնել, որոշներն ալ կը պատրաստուինք կեանքի կոչել։ Ուրախութիւն է մարդկանց աչքերու մէջ տեսնել արթնութիւն, նոր կեանք, նոր սկիզբ, հոգեպարար է տեսնել մարդկանց ոգեւորութիւնը՝ փորձելով օգտակար ըլլալ մեզ։ Նպատակս է մասամբ կամ ամբողջովին եկեղեցւոյ կեանքէն հեռացած ընտանիքները մօտեցնել եկեղեցւոյն։ Այցելած եմ այնպիսի ընտանիքներու, որոնց գէթ մեկ անգամ չէի տեսած որեւէ հայկական միջոցառման, պէտք է ըսեմ, որ այդ հանդիպումէն յետոյ ականատես եղայ իրական վերածնունդի, մարդիկ սկսեցան հետաքրքրուիլ եկեղեցւոյ կեանքով, գալ պատարագներու, մասնակցիլ հայապահպան միջոցառումներուն եւ ձեռնարկներուն։ Գրեթէ ամէն կիրակի պատարագի վերջաւորութեանը այս ծրագրի շրջանակէն ներս կը քարոզենք եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի կապի կարեւորութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Եթէ փոքրիկ տեսական-ուսումնասիրութիւն ընենք, ապա կը տեսնենք, որ Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու մատենագրութեան մէջ հայրաբանական մեծ ժառանգութիւն կայ այս նիւթի մասին, եկեղեցական շատ հայրեր անդրադարձած են եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի կամ ընտանիքի եւ եկեղեցւոյ կապի կարեւորութիւնը քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Ընտանիքը կը միաւորուի սիրոյ միջոցով, այդ սէրէն կը ծնի երեխան՝ ապագայ քրիստոնեան, եւ եթէ այդ ընտանիքի մէջ ըլլայ առաքելաւանդ հաւատք, քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ յարգանք եւ աւանդութեան պահպանում, ապա այդ ընտանիքը իսկապէս իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ մէծ սէրը, Աստուած Իր բարի հայացքով յարատեւ շնորհի մէջ կը պահէ այդ ընտանիքին եւ կը դարձնէ քարեղեն եկեղեցւոյ մի մասնիկը։ Այս ծրագրի հետաքրքրական մասերէն մէկը մեր առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ խճանկարն է, որը բաժնած ենք 1250 մասերու եւ ուղարկած իւրաքանչիւր ընտանիքի։ Եկեղեցւոյ ատեանի մէջ պատրաստած ենք փոքրիկ սեղան եւ տեղադրած խճանկարի համարակալուած պաստառը, որը կամաց-կամաց կը լեցուի, ամբողջացնելով նկարը։ Եթէ մենք իսկապէս ուժեղ հայկական գաղութներէն մէկն ենք, եւ մեր մէջ կը կրենք եկեղեցին, ապա այս խճանկարը ամբողջանալու է։ Եթէ նոյնիսկ մէկ տեղ ալ ազատ մնայ, մենք պիտի երթանք այդ ընտանիքի ետեւէն, հասկնալու պատճառները եւ միաւորելու մեր մեծ ընտանիքին։

– Խնդրում եմ նաեւ ներկայացնեք թեմի եւ տեղի հայկական դպրոցի հետ կապը, հետաքրքիր ձեռնարկները: Ի՞նչ է արվում, որ հայ աշակերտները չհեռանան արմատներից եւ ինքնությունից:

– Նշեցի, որ հայաշատ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ կը գտնուի Հայ Ազգային Դուրեան Վարժարանը, որը 94 տարեկան է, կառուցուած 1928 թուականին համայնքի հանգանակութեամբ։ Անուանակոչութիւնը տեղի է ունեցած 1931 թուականին՝ ի յիշատակ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանի։ Ունի մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական միջնակարգ բաժին։ Յիմա դպրոցին մէջ կայ 100 աշակերտ, այստեղ կ՚ուսանին նաեւ օտար ազգերու երեխաները։ Հայկական դպրոցի հետ կապը շատ մեծ է եւ ամուր։ Դպրոցը կը գտնուի եկեղեցւոյ կից՝ առաջնորդարանի առաջին հարկը, զինուած է ժամանակակից բոլոր պահանջներով, ունինք մօտ 5 հազար գիրք պարունակող գրադարան, լապարաթորիա, ունինք սպորթային մի շարք պարապմունքներ։ Դպրոցը ունի իր յատուկ դասացուցակները, որոնք ամէն տարի կը հաստատուին Պրազիլի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ։

Եթէ ծնողքը իր երեխային կը բերէ հայկական դպրոց, ուրեմն կը ցանկայ, որ երեխան մեծնայ հայկական մթնոլորտի մէջ, չհեռանայ իր արմատներէն եւ պահպանէ սեփական ինքնութիւնը։ Դպրոցի մէջ հայերէն լեզուն պարտադիր է եւ այն կը դասաւանդուի հայ ուսուցիչներու կողմէ։ Այստեղ աշակերտները կը սորվին նաեւ հայ երգ ու պար, որոնց ուսուցիչները նոյնպէս հայեր են։
Հայապահպանական մտածքումներէն ելլելով այս տարի որոշեցի ստեղծել մանկական երգչախումբ, մասնակիցները վարժարանի սաներն են։ Շուրջ 5 ամսուայ քրտնաջան պարապունքներէն յետոյ յունիսի 19-ին՝ կիրակնօրեայ պատարագէ յետոյ կ՚ունենանք մեր առաջին համերգային ծրագիրը, հրաւիրուած են շատ ու շատ ընտանիքներ։ Ըսեմ որ, խմբավարութիւնը ես պէտք է կատարեմ, որովհետեւ պարապունքները ես կը կատարեմ, իսկ դաշնամուրային նուագակցութիւնը կը կատարէ Հայաստանէն այստեղ ամուսնացած մեր սիրելի Տաթեւիկ Միքայէլեան-Եկիներեանը։ Այս ամիս հագեցած է նաեւ դպրոցի աշխատանքները. յունիսի 12-ին դպրոցի եւ թեմի համատեղ աշխատանքով կազմակերպուեցաւ ուրախ միջոցառում: Մեծ թիւով մարդիկ մասնակցեցան։ Ուրախ եմ, որ մեր դպրոցի սաներէն ոմանք իրենց ծառայութիւնը կը բերեն խորանի վրայ, ոմանք էլ երգչախումբի մէջ։ Մի հետաքրքրական բանի ականատես եղայ այստեղ եւ ամէն օր կը շարունակեմ ականատես ըլլալ։ Այստեղ սորվող տեղացի աշակերտները շատ ուժեղ ձեւով կը կապուին հայերուս, որոշ պարագաներուն ալ կարելի է ըսել, որ հայացած պրազիլցիներ են։

– Սրբազան հայր, ի՞նչ կմաղթեք Հայաստանին, որովհետեւ ապրում ենք դժվար ժամանակներ:

– Իսկապէս այսօր Հայաստանի եւ Արցախի առաջ ծառացել են բազմաթիւ խնդիրներ, եւ ամէն բան օրհասական է։ Չեմ ուզեր քաղաքական գնահատականներ տալ, բայց ամէն բան պետք է ընել, որ Արցախի ամէն մի հարց համապատասխան եւ ճիշտ ձեւով իր ճանաչումը գտնէ։ Վերջերս մեր նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ առաջնորդարանի մէջ ունեցանք «Արցախն ապրում է» խորագրով հանդիպում։ Հանդիպումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի սփյուռքի հարցերով խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ տիկին Ազատուհի Սիմոնեանը։ Քննարկուեցան յետպատերազմեան Արցախի կարգավիճակի մասին բազում հարցեր, ներկայացուեցաւ, թէ այժմ ինչ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին Արցախի տարածքները։
Պրազիլահայերը պատերազմի ժամանակ մեծ օգտակարութիւն բերեցին Արցախին։ Վերջին այդ հանդիպումէն յետոյ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող յուշարձանի մօտ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն։ Յուշակոթողը կառուցուեցաւ մեր թեմի ներկայացուցչական մարմնի նախագահ եւ Արցախի լաւ բարեկամ տիար Անտրէ Քիսաճիկեանի բարերարութեամբ։ Մարդու ձեռքերու մէջ խոյացած Արցախի զինանշանի մէջ զետեղուած է խաչ, այն ունի մէկ բացատրութիւն, որ իւրաքանչիւր հայորդի Արցախը պաշտպանելիս ուներ մէկ նշանաբան ..Իմ հոգին զոյգ հենարան ունի՝ Աստուած եւ հայրենիք։ Աստուած Իր Աջի ներքոյ պահէ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհը։

Զրուցեց Գոհար ՀԱԿՈԲՅԱՆԸ

«Առավոտ» օրաթերթ
16.06.2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930